Պուրճ Համուտի Մէջ Տեղի Ունեցած Բախումի Մը Ընթացքին Զոհուեցաւ Խոսրով Քիւրտեանը

Պուրճ Համուտի կեդրոնական թաղերէն մէկուն մէջ Օգոստոս 31-ին թաղեցիներու եւ հայ բնակիչներու միջեւ տեղի ունեցած բախումի մը ընթացքին արձանագրուեցան զոհ մը եւ վիրաւորներ, կը հաղորդէ “Ազդակ”-ը։

Կը հաղորդուի, որ թաղեցիներ անարգական խօսքեր եւ լուտանք արձակած են հայորդիի մը հասցէին, որ պատասխանած է այդ անարգական խօսքերուն, ինչ որ պատճառ դարձած է, որ թաղեցիներէն մէկը սպաննէ դէպքին միջամտած հայորդիներէն Խոսրով Քիւրտեանը: Իբրեւ հակազդեցութիւն այս ահաւոր ոճիրին, շրջանէն հայ երիտասարդներ հալածած են դէպքին պատճառ դարձած եւ հայութիւնը անարգած ոճրագործները. տեղի ունեցած է դանակներով բախում, որուն պատճառով մեռած է մէկ անձ եւ արձանագրուած են քանի մը վիրաւորներ, որոնք փոխադրուած են հիւանդանոց:

Հայ վիրաւորներէն մէկը անմիջական բուժում ստանալէ ետք դուրս եկած է հիւանդանոցէն, իսկ երկու ուրիշ վիրաւորներ ենթարկուած են գործողութեան: Անոնց կեանքին վտանգ չի սպառնար:

Դէպքին վայրը հասած են կուսակցական պատասխանատուներ. իրավիճակը վերահսկողութեան տակ առնուած է: Կուսակցական պատասխանատուները պետական ապահովական սպասարկուներէն պահանջած են խստագոյն միջոցառումներ որդեգրել դէպքին հրահրիչներն ու ոճիր գործած տարրերը պատժելու եւ կանխարգիլելու նման միջադէպերու կրկնութիւնը:

Սեպտեմբեր 2-ին կատարուեցաւ Խոսրով Քիւրտեանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը` Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, ներկայութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի, Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեանի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի, Ազգային իշխանութեանց պատասխանատուներու ու շրջանի հայորդիներու հոծ բազմութեան մը:

ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէին անունով դամբանական խօսք արտասանեց Սագօ Մարտիրոսեան, որ դրուատեց ոճիրի զոհ գացած հայորդիին ազգային բարձր գիտակցութիւնը` նշելով, որ հակառակ անոր որ Խոսրով Քիւրտեան կուսակցական չէ եղած, սակայն լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին Դաշնակցութեան ընդմէջէն մասնակցած է Պուրճ Համուտի հայկական թաղերու ինքնապաշտպանութեան: Այդ ընթացքին ալ ծանր կերպով վիրաւորուած է: Տիպար հայ մարդ, ան միշտ եղած է ՀՅԴ-ի կողքին եւ ընդառաջած է անոր բոլոր կոչերուն: Մարտիրոսեան մաղթեց, որ հանգուցեալին հոգին միանայ Դաշնակցութեան մեծ նահատակներու հոգիներուն:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.