Պիտի Շարունակենք Ծառայել Ամբողջ Լիբանանահայութեան

Ընտրութիւն մը, որ կատարուեցաւ համընդհանուր ճիգերովը ՀՅ Դաշնակցութեան, որուն կողքին ամրօրէն քալեց ՀՅ Դաշնակցութեան գործին հաւատացող մեծաթիւ ընտրազանգուած

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

Մայիս 6-ի երեսփոխանական ընտրութիւնները աւարտած են, եւ Լիբանան 21 մայիսին կ՛ունենայ նոր խորհրդարան:

Տակաւին որոշ ժամանակ պիտի խօսուի ընտրութիւններու արդիւնքին, դաշինքներուն, քուէարկողներու թիւի անկումին ընտրուող երեսփոխաններու տեսակին, որակին կամ ներկայացուցչութեան մասին:

Պիտի կատարուին գնահատումներ, ցեխարձակումներ, դաշինքներու հարումներ:

Մեզի համար սակայն յստակ է մէկ բան:

ՀՅ Դաշնակցութեան 4 թեկնածուներէն երեքը այսօր ընտրուած երեսփոխաններ են` հայ քուէարկողներու ջախջախիչ մեծամասնութեամբ ընտրուած:

Ընտրութիւն մը, որ կատարուեցաւ համընդհանուր ճիգերովը ՀՅ Դաշնակցութեան, որուն կողքին ամրօրէն քալեց ՀՅ Դաշնակցութեան գործին հաւատացող մեծաթիւ ընտրազանգուած:

Մեր ընտրաշրջաններուն մէջ երեւցող քուէարկողներու ընդհանուր համեմատութեան բաղդատած` լիբանանահայ քաղաքացիի մասնակցութեան համեմատութիւնը բարձր է առանց դոյզն կասկածի: Այլոց պարտութեան մենք պատասխանատու չենք եւ ոչ ոքի իրաւունքը կու տանք անտեղի մեկնաբանութիւններով հանդէս գալու:

ՀՅ Դաշնակցութիւնը յաղթական դուրս եկաւ այս ընտրութիւններէն:

Բայց մանաւանդ յաղթական դուրս եկաւ Լիբանանի հայութիւնը, որ գիտցաւ իր ճիշդ ընտրութիւնը կատարել կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած թեկնածուներուն:

Ինչպէս մեր ելոյթներուն մէջ տեւաբար կը կրկնէինք, եթէ Դաշնակցութեան թեկնածուներուն չքուէարկէ հայ քաղաքացին, անհրաժեշտ է, որ ան քուէարկէ ՍԴՀԿ-ի կամ ՌԱԿ-ի թեկնածուներուն:

Պիտի փափաքէինք մեր երեսփոխաններուն կողքին տեսնել հայկական կուսակցութեանց երեսփոխանները:

Այդպէս չեղաւ:

Ընտրական օրէնքը առիթ տուաւ տարբեր դէմքերու, որ ընտրուին հայկական աթոռներու երեսփոխան:

***

Ընտրութիւններու աւարտին, վարձքը կատար բոլոր քուէարկողներուն:

Անոնց, որոնք քուէարկեցին մեր թեկնածուներուն:

Անոնց, որոնք քուէարկեցին միւս կուսակցութեանց թեկնածուներուն:

Անոնց, որոնք մասնակցեցան քուէարկութեան:

Շնորհակալութիւն մեր ընտրազանգուածին: Այն սքանչելի հայերուն, որոնք հպարտութեամբ մասնակից եղան հայկական որոշումը հայութեան մօտ պահելու մեր ձգտումին:

Շնորհակալութիւն արտերկրի մէջ արձանագրուած եւ քուէարկած լիբանանահայերուն, որոնք Լիբանանէն հեռու, քուէարկեցին Լիբանանին, Լիբանանի հայութեան համար:

Շնորհակալութիւն Լիբանան ժամանած հայերուն, որոնք ուզեցին մեզի հետ ըլլալ վճռական այս օրերուն:

Վարձքը կատա՛ր բոլոր անոնց, երէց թէ երիտասարդ, մեր սքանչելի տղոց ու աղջիկներուն, որոնք ամիսներ ամբողջ եւ ընտրութեան օրը հեւքով ու անտրտունջ կատարեցին իրենց վստահուած գործը:

Շնորհակալութիւն Լիբանանի հայութեան:

Մենք պիտի շարունակենք գործել իբրեւ լիբանանցի հայ երեսփոխաններ, իբրեւ ՀՅ Դաշնակցութեան երեսփոխաններ, ամբողջ Լիբանանի հայութեան համար:

Մեզի հետ թէ մեր դէմ քուէարկողներուն համար անխտի՛ր:

Առաջնահերթը` Լիբանանն ու լիբանանահայութիւնն են այսօր մեր երեսփոխաններուն համար:

Հպարտ, ինքնուրոյն եւ ազատ որոշումի տէր Լիբանանի հայութիւն:

Հզօր լիբանանահայութիւն հզօր Լիբանանի համար:

Հզօր լիբանանահայութիւն համայն հայութեան համար:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.