Պիթիասէն Բերուած Գորգը

ՍԵՒԱՆ Ճ. ԱԲԷԼԵԱՆ

Մեծ եղեռնի տեղահանութենէն եւ ջարդէն անմասն չմնաց Մուսա Լերան ժողովուրդը, որուն զաւակները, այլ հայորդիներու նման, ձգեցին իրենց պապենական տուները եւ մշակուած հողերն ու բռնեցին գաղթի ճամբան: Անոնցմէ ոմանք չուզեցին լեռ բարձրանալ եւ այլ գաղթականներու հետ գացին դէպի Սուրիոյ Հոմս եւ Համա քաղաքները, իսկ մնացեալները բարձրացան լեռ:

Անոնք, որոնք լեռ բարձրացան, կրնային ծովը տեսնել եւ իրենց հետ ունէին ճերմակ մեծ կտոր մը, որուն վրայ կար դարձեալ կտորով պատրաստուած կարմիր խաչ մը: Ներկայիս այդ խաչը կը գտնուի Այնճարի թանգարանին մէջ, որ 80-ամեակին առիթով կառուցուեցաւ: Ծովուն վրայ կար ֆրանսական նաւ մը: Վերապատուելի Տիգրան Անդրէասեան աղերսագիր մը կը գրէ եւ կը խնդրէ նաւուն վրայ գտնուողներէն` ազատել ժողովուրդը: Նաւապետը, երբ կը ստանայ նամակը, լուր կը ղրկէ ֆրանսական կառավարութեան, եւ անոնք սիրով կ՛ընդունին աղերսագիրը եւ ժողովուրդը փոքրիկ նաւերով կը փոխադրեն մեծ նաւը:

Ֆրանսացիները Մուսա Լերան ժողովուրդը կը տանին դէպի Փոր Սայիտ, Եգիպտոս, ուր մուսալեռցիք վրաններու տակ կ՛ապրին: Անոնք նաեւ դպրոց մը կը բանան եւ անունը կը դնեն «Սիս-Վան», ինչպէս նաեւ` արհեստանոց մը: Չորս տարի հոն մնալէ ետք, երբ պատերազմը իր աւարտին կը հասնի, ժողովուրդը չ՛ուզեր օտարութեան մէջ ապրիլ եւ կը վերադառնայ իր պապենական օճախը: Մուսալեռցիները կը սկսին վերաշինել իրենց քանդուած տուներն ու եկեղեցիները:

Մուսա Լերան ժողովուրդը 1939-ին դարձեալ կը ձգէ իր տուներն ու կալուածները եւ այս անգամ բեռնատարներով կ՛ուղղուի դէպի Պասիթ, որ Քեսապէն մօտաւորապէս 20 վայրկեան հեռու է, եւ հոն կայք կը հաստատեն: Գիշեր մը տեղատարափ անձրեւ կու գայ, եւ անտուն ժողովուրդը կը թրջուի: Սակայն անոնք չեն յուսահատիր եւ տաքնալու լուծումը կը գտնեն, երբ զուռնան ու թմբուկը ժողովուրդը պարի կը հրաւիրեն, եւ այդ ձեւով մինչեւ առտու կը պարեն ու կը տաքնան: Պօղոս Սնապեան իր «Պարը» պատմութեան մէջ կը գրէ. «Անձրեւահարներու բազմութիւնը կը շարժէր, կ՛ալեկոծէր խարոյկին ու թմբուկին թունդ կշռոյթով կը պարէր ինքնիրմէ ներշնչուած, ինքնիրեն հանդիսատես, ինքնիրմէ ելած, գուցէ` ինքնիրեն վերադարձած: Տարագիրներու բազմութիւնը կը պարէ՜ր: Պատռած երկինքէն պոռթկացող ջուրերու տակ, ալեկոծ ծովուն ցեխակալուած ափին, Մուսա Լերան եօթը գիւղերը, գուցէ` եօ՛թը դար զսպուած շարժում մը սանձազերծած, կը պարէին եղբայրօրէն, իրարու ձուլուած, վերացած հոգիներով»:

Ժողովուրդը քառասուն օրեր կը մնայ Պասիթ եւ դարձեալ, այս անգամ, նաւերով` ճամբայ կ՛ելլեն դէպի Լիբանանի Թրիփոլի քաղաքը: Անկէ ալ շոգեկառքով կը տարուին Ռայաք ու վերջապէս կը բերուին Այնճար, որպէսզի հոս կառուցեն իրենց նոր օճախները: Այդ ժամանակ Այնճար եղած է փոշոտ, լքուած ճահճանոց մը: Մուսալեռցիներուն համար վրանները կը լարեն ներկայ բերդին վրայ, որ հողերուն տակ թաղուած էր: Անոնք չեն յուսահատիր, եւ հակառակ դժուարութիւններուն` իւրաքանչիւր համայնք կը կառուցէ նոր եկեղեցի մը եւ անոր քով` դպրոց: Ինչպէս նաեւ ֆրանսական կառավարութիւնը կը կառուցէ իւրաքանչիւր ընտանիքի համար մէկ սենեակ:

Ջարդի եւ տեղահանութեան ժամանակ հայ ժողովուրդը կորսնցուց իր եկեղեցիները, վանքերը,  պապենական տուները եւ հողեր: Սակայն շատեր, երբ գաղթի ճամբան բռնեցին, իրենց հետ տարին իրենց տուներէն կամ եկեղեցիներէն պզտիկ առարկաներ:

 

Այս երկար եւ տանջալից ճամբորդութեան ընթացքին Պիթիասի աւետարանական համայնքի զաւակները իրենց հետ կը բերեն, իբրեւ մասունք, եկեղեցւոյ բեմին վրայի գորգը, ամպիոնը եւ նստարանը, որոնք բաւական ծանր են:

Աւետարանական համայնքը 1941 թուականին կը կառուցէ նոր եկեղեցի մը Այնճարի մէջ: Սկիզբի տարիներուն եկեղեցին նաեւ կը գործածուէր որպէս դպրոց, որուն դասարանները բաժնուած էին վարագոյրներով: Իսկ կիրակի օրերը կը գործածուէր  որպէս եկեղեցի:

Այնճարի առաջին Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւը կ՛ըլլայ վեր. Արամ Հատիտեան, որ նաեւ Մուսա Լերան աւետարանական հովիւն էր եւ ժողովուրդին հետ միասին եկած էր Այնճար:

2002 թուականին բարեկամներու եւ համայնքի զաւակներուն շնորհիւ` եկեղեցին վերանորոգուեցաւ: Սակայն համայնքի զաւակները պահեցին իրենց հայրերուն եւ մեծ հայրերուն Մուսա Լեռէն իրենց  հետ բերած գորգը, ամպիոնը եւ նստարանը մինչեւ օրս:

Պիթիասի եկեղեցւոյ պատերը, հակառակ տեղահանութեան, կանգուն կը մնան, սակայն, դժբախտաբար եկեղեցին ախոռի վերածուած է, եւ անշուշտ ինչ որ չեն կրցած իրենց հետ տանիլ, թշնամին, իր «բարի սովորութեան» համաձայն, թալանած է:

————————-

Ծանօթ.- Տեղեկութիւնները փոխանցեց տիկին Զապէլ Քէրքէզեան-Քէնտիրճեան:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.