«Պատմութեան Միտումնաւոր Ջնջում». Ազրպէյճանը Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Ոչնչացուց Հայկական Ժառանգութիւնը. NOS

Հոլանտական NOS հանրային հեռարձակողը «Պատմութեան միտումնաւոր ջնջում» խորագրով յօդուած մը հրապարակեց բռնագրաւուած Արցախի մէջ Ազրպէյճանի կողմէ հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման մասին:

«Մէկ տարի ետք, երբ տասնեակ հազարաւոր  հայեր փախան Լեռնային Ղարաբաղի տարածքէն` վախնալով ցեղային զտումներէն, անոնց նախկին ներկայութեան ապացոյցները հետզհետէ նուազ տեսանելի դարձան», գրուած է յօդուածին մէջ:

NOS-ի կողմէ հաստատուած արբանեակային լուսանկարներու համաձայն, հիմնովին քանդուած են բազմաթիւ յուշարձաններ, շէնքեր, գերեզմանատուներ եւ նոյնիսկ ամբողջ գիւղեր:

Ուտրեխտի համալսարանի ժառանգութեան հարցերով փրոֆեսէօր Գերջան Պլեց նշած է, որ պատերազմէն ետք ազրպէյճանցիները տեղափոխուած են Լեռնային Ղարաբաղ, եւ շինութիւնները մէկը միւսին ետեւէն քանդուած են: Այս գործընթացը սկսած է աւելի վաղ` 2020 թուականին, երբ Ազրպէյճանը վեցշաբաթեայ պատերազմէ ետք գրաւած էր տարածքին մէկ մասը: Ըստ տուեալներու հաւաքմամբ զբաղող ACLED նախագիծին, 2021 թուականէն ի վեր արձանագրուած է բնիկ հայերու պատմական, կրօնական, քաղաքացիական կառոյցներու եւ բնակութեան վայրերու ոչնչացման մօտաւորապէս ութսուն դէպք: 2023 թուականի սեպտեմբերէն այս ցուցանիշը միայն աճած է: Մշակութային ժառանգութեան այս ոչնչացումը կը նշանակէ, որ հայկական մշակոյթը դանդաղ, բայց կ՛անհետանայ այս տարածաշրջանէն:

«Մշակութային ժառանգութեան աւերումը հակառակորդին պատմութիւնը միտումնաւոր ջնջելու միջոց է», նշած է Պլեց:

Յօդուածին մէջ նշուած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ աւերածութիւնները ոչ միայն կ՛երեւին արբանեակային լուսանկարներով, այլեւ արձանագրուած են ազրպէյճանցի զինուորներու կողմէ: Տեսանիւթերէն մէկուն մէջ կ՛երեւի, թէ ինչպէ՛ս ազրպէյճանցի զինուորները կը մտնեն հայկական եկեղեցի եւ աւերածութիւններ կը պատճառեն:

«Մշակութային ժառանգութիւնը կ՛օգտագործուի նաեւ հողի իրաւունքը օրինականացնելու համար: Զայն ոչնչացնելով` դուք բնիկ խումբ մը կը զրկէք իրենց պատմական արմատներէն այդ վայրին մէջ», աւելցուցած է Պլեց:

Ինչպէս նշած է NOS-ը, քանդելով այս տարածքին մէջ դարեր շարունակ կանգուն եղած կառոյցները` կը ջնջուի պատմութեան մէկ մասը:

Comments are closed.