ՊԱՏԵՀ ԱՌԻԹ ՍՏԵՂԾԵԼ ՓՈՐՁՈՂՆԵՐՈՒՆ

Բերդը դուրսէն կը կառուցեն , բայց ներսէն կը պաշտպանեն

Կարգ մը անհատներ ամէն առիթ կը գործածեն իրենց անհատական կարծիքները արտայայտելու, մանաւանդ այն հարցերուն մասին, որ կը վերաբերի իրենց սեփական ասպարէզին ու առօրեային: Բայց եւ այնպէս, անհրաժեշտ է նկատի առնել եւ լաւ գիտնալ կարգն ու պատշաճը եւ մարդոց իրաւասութիւններն ու չափի սահմանը:

Վերջերս, Հ.Յ.Դաշնակցութեան Հայաստանի գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ՝ Ընկ. Իշխան Սաղաթելեանի Ա.Մ.Նահանգներու մէջ կատարած մէկ մեկնաբանութեան լոյսի տակ, համացանցին էջերուն մէջ դժգոհութեան ալիք մը բարձրացաւ կանոնազանց կեցուածքի մէջ գտնուող եւ կանոնագրի համապատասխան տնօրինում ստացած անձանց, ինչպէս նաեւ մօտիկ անցեալին նոյն ճակատագրին ենթարկուած անձերու կողմէ , որոնք մեծ մասամբ գրիչ հոսեցնող հրապարակախօսներ եւ տարիներու վաստակ ունեցող անձեր են :

Ինծի համար զարմանալի կը թուի, թէ որքան որ ալ ենթադրուի արդարացի ըլլայ անոնց մտահոգութիւններն ու ներկայացուցած ախտաճանաչումները, թոյլատրելի չէ այդ հաստատումները կատարել հրապարակաւ, մամլոյ էջերով եւ կամ համացանցի ճամբով, քաջ գիտնալով հետեւանքներն ու արդիւնքը:

Դժբախտութիւն է, որ մարդիկ իրենց բռնած ձախաւեր ուղիով ջուր կը լեցնեն այն հոսանքներու ջաղացքին, որոնք կ’ուզեն պառակտում ստեղծել ազգային հաւաքականութիւններուն մէջ :

Ինչո՞ւ վրդովիլ որակաւորումներու չափին ու կշիռին նկատմամբ, ի՞նչ կը փոխուի իրականութենէն, երբ ոմանք ընտրած են փակ ճանապարհ տանող յուսահատ ու սպառիչ ուղին : Թերեւս նոյն այդ ճարտար գրիչ հոսեցնողներուն յօդուածներուն ընդմէջէն տեղեկացած ենք, որ դաշնակցութեան պատմութեան ընթացքին պատժական տնօրինումներու ենթարկուած են շատ մը վեհութիւններ: Բայց պէտք է լաւ գիտնալ, որ Դաշնակցութեան կանոնագրին դիմաց չկան մեծեր ու փոքրեր, չկայ երկու չափ երկու կշիռ, կայ մէկ իրականութիւն, երբ մարդիկ կը կորսնցնեն իրենց համբերութիւնն ու ունակութիւնը, որքան ալ մեծ ըլլայ անոնց համբաւն ու վաստակը , կը դատուին օրէնքին դիմաց :

Վերջապէս, լաւ գիտենք, որ սխալները սխալ ժամանակի ու վայրի մէջ ներկայացնելը նոր սխալներու պատճառ կը հանդիսանան, ուստի, ինչո՞ւ վշտանալ, երբ մեղքը ձերն է եւ ո՛չ ուրիշինը: Բերդը դուրսէն կը կառուցեն , բայց ներսէն կը պաշտպանեն :

Վիգէն Գէորգեան

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.