Չմարող Անցեալը. Հոն ուր բուռ մը հայութիւն կայ, պիտի լսուի պահանջատիրութեան ձայնը
1920 թուականի օգոստոսի 10-ը Հայաստանի եւ հայ ժողովրդի համար եղաւ իր պատմութեան կարևորագոյն օրերից մէկը․ այդ օրը Փարիզի Սևր արուարձանում ստորագրուեց Սեւրի դաշնագիրը, իրականացրեց մեր անկախութեան ու պետականութեան՝ Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգային իրաւական ճանաչումը։ Թուրքիան Հայաստանը ճանաչեց որպէս ազատ, անկախ պետութիւն և քարտեսագրուեց մեր պետութեան սահմանները՝ շատ աւելի ընդարձակ աշխարհագրութեամբ։
Թւում էր, Սևրի դաշնագիրը պիտի նպաստեր Հայկական հարցի լուծմանը, սակայն ունեցաւ քաղաքական ու իրաւական շատ բարդ ճակատագիր, այն մնաց թղթի վրայ․ ո՛չ վաւերացուեց և ո՛չ չեղարկուեց։
Բայց․ «Հակառակ այդ կեցուածքին, վհատիլ չգիտցող հայը, միշտ պահանջատէր իր պապենական հողերուն, անդադար թակեց մեծ թէ փոքր պետութիւններու դռները։ Չյուսահատեցաւ անոնց ժխտական կամ անտարբեր կեցուածքին առջեւ»,- և այսպէս էլ տարասփիւռ հայութիւնը մնաց պահանջատէր իր իրաւունքներին, որից, բնականաբար, անմասն չէր նաև գանատահայութիւնը։
Գանատայի ՀՅԴ պատմութեան էջերը հարուստ են պահանջատիրութեամբ, և ինչպէս ներքոգրեալ շրջաբերականն է հաստատում՝ «հոն ուր բուռ մը հայութիւն կայ, միշտ պիտի լսուի պահանջատիրութեան ձայնը, մինչեւ ԱԶԱՏ, ԱՆԿԱԽ ԵՒ ՄԻԱՑԵԱԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ-ի կերտումը»
ՇՐՋԱԲԵՐԱԿԱՆ ԹԻՒ 6
6 Օգոստոս 1980
Հ․Յ․ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԳԱՆԱՏԱՅԻ ԿՈՄԻՏԷՆԵՐՈՒՆ
ԵՒ ԸՆԿԵՐՆԵՐՈՒՆ
ՆԻՒԹ՝ Սեւրի Դաշնագրի 60-ամեակ
Սիրելի ընկերներ,
10 Օգոստոս 1920-ին, Սեւրի մէջ ստորագրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան ճանաչումը Թուրքիոյ եւ Դաշնակից Պետութիւններու կողմէ։ Այդ դաշնագրի հայերու վերաբերող յօդուածներուն մէջ շատ յստակօրէն կը ներկայացուին, որ Թուրքիան կը յայտարարէ թէ ինք կը ճանչնայ Հայաստանը իբրեւ ազատ եւ անկախ պետութիւն եւ, որ Ամերիկայի իրաւարարութեան կը եանձնուին Էրզրումի, Տրապիզոնի, Վանի եւ Պիթլիսի մէջ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի սահմաններու որոշումը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ծով իջնելու հարցը։
Այդ բոլորը մնացին թուղթի վրայ, նոյնիսկ Ամերիկայի իրաւարարութիւնը ոչ մէկ նպաստ կրցաւ բերել հայութեան։ Ռուսական ու թրքական դավադրութեան զոհ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններն ալ հետագային փոքրացան ու խտացուեցան, ձգելով ներկայի փոքրիկ Հայաստանը։
60 տարի անցած է Սեւրի Դաշնագրի ստորագրութենէն եւ տարասփիւռ հայութեան կատարած բողոքներն ու յղած գրութիւնները ստորագիր պետութեանց՝ մնացած են գրեթէ ապարդիւն եւ կամ խուսափողական պատասխաններով։
Հակառակ այդ կեցուածքին, վհատիլ չգիտցող հայը, միշտ պահանջատէր իր պապենական հողերուն, անդադար թակեց մեծ մեծ թէ փոքր պետութիւններու դռները։ Չյուսահատեցաւ անոնց ժխտական կամ անտարբեր կեցուածքին առջեւ։
Բոլորդ գիտէք, որ Հայ Դատի հետապնդման համար առիթներ չեն պակսիր տարուան ընթացքին։ Կոմիտեութիւններու սպասողական դիրքը, շատ յաճախ, կը թողու այն տպաւորութիւնը, որ կոմիտէն է ձեռնարկները կատարողը եւ Կեդրոնական կոմիտէն՝ զանոնք մինչեւ յետին մանրամասնութիւն կանոնաւորողը։
Ուստի, կը պահանջենք մեր բոլոր ընկերներէն, որ յառաջիկային, Սեւրի Դաշնագրի 60-ամեակը իբրեւ մեկնակէտ ունենալով, իրենց արթնամտութիւնը եւ ուժականութիւնը ի գործ դնելով սատարեն հայ Դատի աշխատանքներուն, ապա կոմիտէներու միջոցաւ կատարուած աշխատանքներէն տեղեակ պահեն Կեդրոնական կոմիտէն։
Ցոյց տանք Գանատային եւ համայն աշխարհին, որ հոն ուր բուռ մը հայութիւն կայ, միշտ պիտի լսուի պահանջատիրութեան ձայնը, մինչեւ ԱԶԱՏ, ԱՆԿԱԽ ԵՒ ՄԻԱՑՅԱԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ-ի կերտումը։
Ընկերական ջերմ բարեւներով՝
Հ․Յ․ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ
Գանատահայոց պահանջատիրութեան երթը շարունակւում է նաև այսօր ու կը շարունակուի վաղը մինչև որ հասնի հայ ժողովրդի արդար իրաւունքի ու Հայկական հարցի արդարացի լուծմանը։
ԱՐՄԻՆԷ ՄՈՒՔՈՅԵԱՆ ԹԱՇՃԵԱՆ