Չինաստանը Պատրաստ Է Մասնակցելու Հիւսիս-Հարաւ Մայրուղիի Կառուցման Ու Այլ Ծրագիրներու Իրականացման
Աշխատանքային այցելութեամբ Չինաստան գտնուող Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 14 մայիսին հանդիպում ունեցած է Չինաստանի նախագահ Սի Ձինփինի հետ, որուն հետ քննարկած է հայ-չինական յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցեր:
Սի Ձինփին նշած է, որ իր երկիրը կարեւոր կը նկատէ Հայաստանի հետ տարբեր ոլորտներու մէջ յարաբերութիւններու շարունակական զարգացումը: Ան խօսած է հայ-չինական մշակութային եւ պատմական ամուր փոխյարաբերութիւններուն մասին` աւելցնելով, որ անոնք նաեւ «Մետաքսի ճամբուն արդիւնքն են»: Նախագահը հաստատած է, որ Չինաստան լաւապէս կը ճանչնայ Հայաստանը, որուն հետ իրենք կը բաժնեկցին քաղաքակրթութիւններու համագործակցութեան ընդհանուր նպատակներ: «Մենք քաջածանօթ ենք Հայաստանի պատմական կարեւոր իրադարձութիւններուն: Համոզուած ենք, որ ապագային պէտք է բացառուին հայ ժողովուրդին հետ տեղի ունեցած ողբերգական դեպքերը», շեշտած է Չինաստանի նախագահը: Ան ընդգծած է, որ Չինաստան պատրաստ է մասնակցելու Հիւսիս-հարաւ մայրուղիի կառուցման եւ այլ ենթակառուցուածքային ծրագիրներու իրականացման:
Ըստ անոր, հայկական որոշ տեսակի արտադրութիւններ վերջին շրջանին յաջողութեամբ մասնակցած են Չինաստանի մէջ կայացած ցուցահանդէսներուն եւ ներկայացուած են շուկային: Սի Ձինփին վստահութիւն յայտնած է, որ երկկողմանի համագործակցութիւնը յառաջիկային պիտի զարգանայ տարբեր բնագաւառներու մէջ` աւելցնելով, որ Չինաստան հետագային եւս պիտի աջակցի այնպիսի նախագիծերու, որոնք պիտի նպաստեն Հայաստանի զարգացման ու հայ ժողովուրդի բարեկեցութեան բարձրացման:
Վարչապետ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնած է Սի Ձինփինին` «Ասիական քաղաքակրթութիւններու երկխօսութիւն» համաժողովին հրաւիրելուն եւ այդ հանդիպման համար` դիտել տալով, որ Չինաստանի հետ յարաբերութիւնները Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններուն կարգին են, մանաւանդ որ երկու ժողովուրդներուն միջեւ հին կապ կայ:
Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ Հայաստան շահագրգռուած է «Մէկ գօտի, մէկ ճանապարհ» նախաձեռնութեան ծիրին մէջ Չինաստանի հետ միացեալ ծրագիրներու իրականացումով եւ աւելցուցած, որ հայկական կողմը հետամուտ է տարբեր ոլորտներու մէջ Չինաստանի հետ գործակցութեան:
Երկու պետութիւններուն ղեկավարները ջերմ, բարեկամական եւ փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտի մէջ միտքեր փոխանակած են հայ-չինական յարաբերութիւններու, ինչպէս նաեւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող միջազգային եւ շրջանային քաղաքականութեան արդիական հարցերու վերաբերեալ:
Զրուցակիցները հեռանկարային նկատած են համագործակցութեան զարգացումը գիւղատնտեսութեան, երթեւեկութեան, ուժանիւթի, տեղեկատուական արհեստագիտութեան, ենթակառուցուածքներու, կրթութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ: Անոնք անդրադարձած են նաեւ ղարաբաղեան տագնապին եւ նշած, որ լուծումը պէտք է ըլլայ երկխօսութեան միջոցով: