Չաւուշօղլու. «Հայաստանի Կառավարութիւնը Ներքին Արմատականներու Եւ Սփիւռքի Կողմէ Ճնշումներու Կ՛ենթարկուի»

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու նշեց. «Ազրպէյճան Լեռնային Ղարաբաղի շրջանին մէջ իր արձանագրած յաղթանակէն ետք, շրջանային խաղաղութեան ու կայունութեան նկատմամբ իր փափաքը ցոյց տուաւ: Հայաստանի հետ համապարփակ խաղաղութեան առաջարկ ներկայացուց»: Ան այս մասին լրագրողներուն յայտնեց Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի` միջազգային գաղթին նուիրուած հաւաքին իր մասնակցութենէն ետք:

«Երկու երկիրները Պրիւքսելի ժողովի ընթացքին իրենց միջեւ սահմանազատման յանձնախումբի կազմութեան շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցին», ըսաւ Չաւուշօղլու` աւելցնելով, որ Թուրքիան ուրախ է եւ կ՛ողջունէ Ազրպէյճանի ու Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներուն համապարփակ խաղաղութեան բանակցութիւնները վարելու առաջարկը:

Ան նաեւ ողջունեց Ազրպէյճանի կողմէ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման բանակցութիւններուն զօրակցութիւնը` նշելով. «Մենք միշտ կը քաջալերենք եւ կ՛ըսենք, որ Հայաստան պէտք է արձագանգէ Ազրպէյճանի բարի կամեցողութեան վրայ հիմնուած մօտեցումներուն»:

«Կը տեսնենք, որ Հայաստանի կառավարութիւնը երկրին մէջ արմատականներու կողմէ եւ արտասահմանի մէջ սփիւռքի կողմէ ճնշումներու կ՛ենթարկուի, եւ մենք Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի եւ մեր այլ պաշտօնակիցներուն յայտնեցինք, որ պէտք է Հայաստանը այդ ուղղութեամբ աւելի քաջալերել», ըսաւ թրքական դիւանագիտութեան պետը:

«Մեր ժողովի ընթացքին անգամ մը եւս հաստատեցինք Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի` խաղաղութեան հաստատման փափաքը, եւ թէ անոնք շրջանին մէջ կայունութեան համար բարի կամեցողութիւն ցուցաբերեցին», յայտնեց Չաւուշօղլու:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.