«Ուրախութեամբ Կը Յայտարարենք Հ.Օ.Մ.-ի Ստեփանակերտի «Սօսէ» Մանկապարտէզի Նորակառոյց Շէնքին Բացումը Սեպտեմբեր 6-ին»

Արցախի մէջ կը գործեն Հ.Օ.Մ.-ի 8 մանկապարտէզներ, Ստեփանակերտի, Շուշիի, Տողի, Մեծ Թաղերու, Աշանի, Ականաբերդի, Քարեգահի եւ Խնձրիստանի մէջ, որոնք աշխատանք կը տրամադրեն 72 պաշտօնեաներու։

Վերջին երկու տարիներուն ընթացքին, մեր թերթի էջերը գրաւած են Հայ Օգնութեան Միութեան զանազան շրջաններու եւ մասնաճիւղերու կողմէ Հ.Օ.Մ. ի Արցախի Ստեփանակերտ քաղաքի «Սօսէ» Մանկապարտէզի վերակառուցման համար հանգանակային ձեռնարկները։ Իրօք, Համահայկական առումով կատարուած այս աշխատանքը կը հովանաւորէ Հ.Օ.Մ. ի Կեդրոնական Վարչութիւնը, որուն ատենապետուհին է Գարոլին Շմաւոնեանը։ Ընկերուհին այս պաշտօնը ստանձնած էր Հ.Օ.Մ.-ի 71րդ Համահայկական Ժողովի աւարտէն անմիջապէս վերջ՝ Հոկտեմբեր 2015 ին՝ նախապէս 4-տարուան շրջան մը Կեդրոնական Վարչութեան գանձապահի պաշտօնը վարելէն ետք։ Շմաւոնեան Հ.Օ.Մ.-ի իր պարտականութիւններուն կողքին, կը պաշտօնավարէ տնտեսական ծառայութիւններու հաստատութեան մը մէջ։ Ստորեւ, լոյս կ՛ընծայենք հարցազրոյց մը կատարուած Հ.Օ.Մ. ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետուհի Գարոլին Շմաւոնեանի հետ:

Հարցում.- Ինչպէ՞ս սկսան Սօսէ Մանկապարտէզները։
Պատասխան.- Արցախի ազատագրական պայքարին հետեւանքով, Ստեփանակերտի մէջ կային շատ մը փոքրիկներ որոնց հայրերը զոհուած ազատամարտիկներ էին։ Մանկամսուրի կամ մանկապարտէզի տարիք ունեցող մանուկներուն մայրերը պէտք ունէին որ իրենց զաւակները ապահով տեղ մը ունենան բաւարար սնունդ ստանալու եւ դաստիարակուելու, մինչ իրենք կը փորձէին տունէն դուրս աշխատավարձ ապահովել։ Այս իրողութիւններուն վրայ հիմնուած, 1998-ի գարնան, Արցախի մէջ հիմը դրուեցաւ Հ.Օ.Մ.-ի մանկապարտէզներուն՝ որոնցմէ առաջինը Ստեփանակերտինն էր։ Մանկապարտէզները «Սօսէ» անուանուեցան որովհետեւ այս մանուկներուն մայրերը մէյ-մէկ «Սօսէ»-մայրիկներ էին։ Իւրաքանչիւր մանկապարտէզ անկիւն մը կ՚ունենար զոհուած ազատամարտիկներու նկարներով։ Պզտիկներու հայրենասիրական ոգին ինքնաբերաբար կ՚արթննար, մանաւանդ ի տես իրենց ուսուցիչներուն ու վերակացուներուն հայրենասիրական ազգանուէր նուիրումին։
Ստեփանակերտի մանկապարտէզի առաջին — եւ ներկա՛յ — տնօրէնուհին, ընկերուհի Նելլի Ղուլեանը, նահատակ հերոս Աշոտի (Բեկոր) այրին է։ Այդ օրերուն, շէնքերը կը տրամադրուէին Արցախի Պետութեան կողմէ, իսկ Հ.Օ.Մ.-ի կատարած անհրաժեշտ վերանորոգումներէն ետք՝ մանկապարտէզները իրենց դռները կը բանային։

Հարցում.- Ինչպէ՞ս սկսաւ Ստեփանակերտի մանկապարտէզին ամբողջական վերակառուցումը։
Պատասխան.- Նախորդ Կեդր. վարչութեան շրջանին, Արցախի իշխանութիւնները տեղեկացուցած էին, թէ մանկապարտէզի հին շէնքը քաղաքապետութեան որդեգրած շինարարական նոր պայմանները չէր լրացնէր, ուստի Վարչութիւնս որոշեց փոխանակ վերանորոգելու շէնքը, բոլորովին նորը կառուցել։ Օգոստոս 2015-ին արդէն իսկ նախկին շէնքը քանդուած էր եւ բոլոր շրջանները ներկայացնող հանգանակային յանձնախումբ մը նշանակուած էր համա-ատենապետութիւնը վստահելով Ֆլորիտայէն ընկերուհի Անժէլ Մանուկեանին եւ Թորոնթոյէն ընկհ. Հուրի Նաճարեանին։ Երբ Հոկտեմբեր 2015-ին նոր Կ.Վ.ի կազմը գործի անցաւ, նոյն յանձնախումբը վերանշանակեց։ Իսկ նոր շէնքի հիմնօրհնէքը տեղի ունեցաւ Հ.Օ.Մ.-ի 71րդ Համահայկական Պատգամաւորական Ժողովէն անմիջապէս վերջ, շատ մը պատգամաւորներու, սաներու, ծնողներու եւ հիւրերու ներկայութեամբ։

Հարցում.- Աշխատանքները ո՞ւր հասած են։
Պատասխան.- Հրաշքի համազօր միասնական աշխատանքի, ու մեր բոլո՛ր միաւորներու մասնակցութեամբ արդէն իսկ գոյացաւ մէկ միլիոն տոլար՝ շինարարական աշխատանքներուն համար, որոնք այսօր իրենց աւարտական փուլին հասած են։ Շէնքի ճարտարապետն է Մանուշակ Տիտանեանը։ Շէնքը գրեթէ 6 հազար քառակուսի ոտք տարածութիւն ունի, պիտի ծառայէ 3-էն 6 տարեկան, չորս խումբերով 130 աշակերտներու։ Արդիական շէնք մըն է մանկապարտէզի մը պէտք ունեցած բոլոր յարմարութիւններով.- խաղասենեակներ, ննջարաններ, խոհանոց, լուացարան, հիւանդապահի սենեակ, սրահ, բեմ, ուսուցիչներու սենեակ, օդափոխութեան համակարգ, ջրամբար, ինչպէս նաեւ համակարգչային ցանցի կապով։ Երրորդ յարկին վրայ ունի բազմապիսի պէտքերու յարմար սրահ մը (multipurpose hall), որ Հ.Օ.Մ.-ի Արցախի մասնաճիւղը կրնայ օգտագործել իր ծրագիրներուն եւ շրջանի այլ արտադպրոցական ծրագիրներու համար։ Ապրիլ 2016ի քառօրեայ պատերազմէն ի վեր, շէնքի գետնայարկը, որ ապահով պատսպարան է, ալ աւելի կարեւորութիւն ստացած է։

Հարցում.- Արցախի մէջ ա՛յլ մանկապարտէզներ ունի՞ք։
Պատասխան.- Գիտէք որ Հ.Օ.Մ.-ը իր 107 տարուան պատմութեամբ կը շարունակէ իր մարդասիրական ծառայութիւնը, մարդկային կարիքներու կողքին նաեւ սատարելով հայ մշակոյթին։ Մանկապարտէզները իրենց էութեամբ արդէն իսկ մարմնացումն են թէ՛ կրթական, թէ՛ ընկերային, թէ՛ առողջապահական եւ թէ՛ բարեսիրական ճիգերուն։ Ներկայիս գործող 8 մանկապարտէզները (Ստեփանակերտի, Շուշիի, Տողի, Մեծ Թաղերու, Աշանի, Ականաբերդի, Քարեգահի եւ Խնձրիստանի մէջ) աշխատանք կը տրամադրեն 72 պաշտօնեաներու։ Հ.Օ.Մ.-ի որբախնամ եւ ուսանողական ծրագիրները մանկապարտէզի աշակերտներուն շարունակական օգնութիւն ապահոված են։ Իսկ անցեալ տարի, ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն ետք, դարձեալ Հ.Օ.Մ.-ն էր որ օգնութեան հասաւ եւ կը շարունակէ օգնել զոհուածներու ընտանիքներուն ու վիրաւորներուն։ Ապրիլեան օրերը մեր կազմին համար յուզիչ այլեւ գօտեպնդի՛չ օրեր էին։ Հայաստանի եւ Արցախի միաւորները փաստեցին թէ մեր օրերու տագնապով ապրող հերոսուհիներ ունինք, որոնք տքնաջան զոհաբերութեամբ աշխատեցան օգնութիւն հասնելու հոն՝ ուր որ պէտք էր, մինչ իրենց ամուսինները, եղբայրներն ու որդիները հայրենի հողը պաշտպանելու գացած էին։ Իսկ մեր սփիւռքի միաւորներն ու նուիրատուները, մեծ ու փոքր, անձա՛մբ թէ համացանցի հանգանակայի՛ն արշաւներով, թիկունք կանգնեցան շուրջ 350 հազար տոլար նիւթական ներդրումով։

Հարցում.- Ի՞նչ է Սեպտեմբեր 6-ի բացման ծրագիրը։
Պատասխան.- Սեպտեմբեր 6, 2017-ի առաւօտեան ժամը 11-ին տեղի պիտի ունենայ բացման արարողութիւնը, իսկ նոյն գիշերը, պիտի տօնենք Հ.Օ.Մ.-ի Արցախի միաւորին 25-ամեակը։ Կը սպասենք որ շուրջ 400 Հ.Օ.Մ.-ուհիներ եւ նուիրատուները ներկայ ըլլան։ Մեր շրջանները կազմակերպած են յատուկ շրջապտոյտներ այս առթիւ նոր շէնքի բացման մասնակցելու համար։ Պիտի ունենանք պաշտօնական հիւրեր, մինչեւ իսկ Ֆրանսայէն։ Այս առթիւ Կեդրոնական Վարչութեան անունով երախտագիտական խօսք ունիմ բոլոր նուիրատուներուն՝ որոնց անունները պիտի հրատարակուին յատուկ գրքոյկի մը մէջ։ Շատ ուրախ եմ որ մեր նուիրատուները հաւատալով Հ.Օ.Մ.-ի առաքելութեան անվերապահ օժանդակեցին այս ծրագրին իրագործման։
Մեր անդամուհիները շատ ոգեւորուած են այս աշխատանքով, եւ անձա՛մբ ներկայ գտնուելով՝ պիտի ականատես ըլլան իրենց անսակարկ նուիրաբերման արդիւնքին։ Նորակառոյց շէնքի բացումը բացառիկ առիթ մըն է անձնապէ՛ս իրազեկ դառնալու «Ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար» Հ.Օ.Մ.-ի նշանաբանին։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.