«ՈՉ ՈՔ ԱՆՓՈԽԱՐԻՆԵԼԻ Է, ԲԱՅՑ ԲՈԼՈՐՍ ԿԱՐԵՒՈՐ ԵՆՔ». Արմանտոյին, անմոռանալի
Խ. Տէր Ղուկասեան
Արմանտոն չկայ այլևս:
Բժիշկներուն առաջին եզրակացութիւնը այն էր, որ ուղեղին հասած վնասը անդարմանելի է:
Յետոյ եկան հրաշքի մը, «երկու հրաշքի», սպասելու քանի մը օրերը:
Հրաշք չեղաւ:
Յիշեցիր Jacques Brel-ին.
«Moi si j’étais l’Bon Dieu / Je crois qu’j’aurais des remords…»
«Ես եթէ Բարի Աստուածն ըլլայի / կարծեմ խղճի խայթ կ’ունենայի»
…
«Et puis si j’étais l’Bon Dieu / Je crois que je ne serais pas fier / Je sais on fait ce qu’on peut / Mais il y a la manière»
«Եւ յետոյ եթէ ես Բարի Աստուածն ըլլայի / կարծեմ (ըրածովս) հպարտ չէի ըլլար / Գիտեմ, մեր ձեռքէն եկածը կ’ընենք / բայց ընելու ձևն ալ է կարևոր»
…
«Et maintenant bon Dieu / Tu as bien rigolé / Et maintenant bon Dieu / Et maintenant j’vais pleurer»
«Եւ հիմա բարի Աստուած / լաւ ծիծաղեցար / և հիմա բարի Աստուած / և հիմա ես պիտի լամ»
Անիմաստ հարցում՝ ինչպէ՞ս պատահեցաւ: Պատճառահետևանքային բացատրութիւններու փորձ մը վարկածի կարգով, որ միայն գիտութեան սահմանափակումը կը վերահաստատէ: «Բժշկագիտութիւնը ըրաւ ամէն ինչ որ կարելի է ընել», ըսած էր բժիշկը: Արկածը զբօսանքի ժամանակ, Փատըլ, մարզախաղ մը, հաճելի ժամանց քանի մը ընկերներու հետ, ընթացիկ էր, ըսին, ամիսը անգամ մը կը հանդիպին քանի մը սէթ խաղալու ապա միասին ընթրելու, զրուցելու համար: Գոյի անհեթեթը աւելի բացայայտ չի՛ կրնար ըլլալ:
Այդ գոյը, կեանքը, անհատական թէ հաւաքական, հիմա պիտի շարունակուի առանց Արմանտոյին:
Առաջինը, անհատական կեանքի շարունակումը, ընդհանրապէս այլընտրանք չունի: Ատեն ատեն կը յիշես Ճոնին, Նորիկը, Արմանտոն… Ինչպէս ուրիշներ, թերևս, կը յիշեն այսպէս, յանկարծակի, անհեթեթ բացակայութիւնները ուրիշներու: Յետոյ կ’ընես/ն/նք ամէն ինչ որ պատճառահետևանքային բացատրութիւն ունի, սկսած շնչելու ամենապարզ, ամենաշուտ մոռցուող արարքէն: Քանի որ կաս/ն/նք գոյին մէջ: Երբ, ատեն-ատեն, յիշես Ճոնիին, Նորիկին, Արմանտոյին, կամ ուրիշներ՝ այն միւսներուն, որոնց անուն մականունը, կամ անծանօթութիւնը, իրենք միայն գիտեն, մի՛ մոռնար լուռ ժպտալու: Սիզիֆին նման, որ բարձունքէն կ’իջնէ հսկայ ժայռը կրկին բարձրացնելու համար, գիտնալով որ այն կրկին պիտի գլորուի: Միայն այդ ժպիտը ունիս՝ Աստուածներու պատիժին, «Աստծոյ ծաղր»ին, մարդկային ճակատագրին:
Միւսը, հաւաքականը, գոյութիւն ունենալու ազատ որոշում է, որուն հասարակագիտական բացատրութիւնը տակաւին կը փորձենք բանականացնել Սփիւռքի մէջ, առանց որ ոչ մէկ տեսութիւն ինքզինք փաստէ որպէս ամբողջականօրէն համոզիչ: Չունինք ոչ իսկ ուսումնասիրական հարցումը, մեթոտը՝ փոփոխակները ճշդելու, սկզբունքային վարկածը… Բայց նաև գիտենք, որ ոչ մէկ ուսումնասիրական հարցում, ոչ մէկ մեթոտ՝ փոփոխակները ճշդելու, ոչ մէկ սկզբունքային վարկած պիտի ըլլան այնքան համոզիչ որքան անանձնական նուիրումի կենդանի օրինակները, ինչպիսին էր Արմանտոն:
Եւ եթէ բոլոր անոնք որոնք զինք ճանչցան ժողովներու, բանակումներու, դասախօսութիւններու, դաստիարակչական հանդիպումներու թէ պարզ ընկերական զրոյցի մը ընթացքին, և իրմէ անպայման պահեցին իր ջերմութեան յիշատակը, ժպիտին հարազատութիւնը, անզուգընթաց համեստութիւնը, իրմէ քանի մը բառ, քանի մը հնչիւն, պատգամ մը որ արձանագրուած է տեղ մը, իր անսակարկ համոզումը որ մեր հաւաքական գոյութիւնը կամք է, բայց մանաւանդ ամենօրեայ աշխատանք, հասնիլ ամէն տեղ, ամէնուն, անխտիր… եթէ զինք ճանչցողէն իւրաքանչիւրը կարենայ իր մէջ յայտնաբերել բեկոր մը Արմանտօ որ ինք անպայմա՛ն ձգած կ’ըլլար, այն ատեն թերևս թէկուզ և չհասկնանք թէ ինչպէս բայց արդէն հաւաքականօրէն ըլլալու ազատ որոշումը առած կ’ըլլանք:
«Մեզմէ իւրաքանչիւրը մեր կազմակերպութիւններուն անհատապէս տալիք ունի: Բայց մեր ուժը մեր հաւաքականութեան մէջն է:»