Ո՞ւր կ՚ երթանք

Վեհանոյշ Թեքեան

Բանաստեղծ Յարութիւն Պէրպէրեան, Մոնրէալաբնակ, իր այսօրուան դիմատետրին մէջ կը գրէ. –

«Տասը օրէ աւելի է Երեւան եմ: Պատկերը ցնցիչ է: Ճիշդ է որ կեանքը պիտի շարունակուի, սակայն քաղաքամէջի եւ շրջակայքի փողոցներէն անցնելով եւ եզերող սրճարաններու զուարթ ու շաղակրատող ամբոխը դիտելով կը կարծես, որ քաղաքի բնակչութիւնը իր յիշողութիւնը կորսնցուցած է (նման պատում մը կարդացած էի Մարքէզի Հարիւր տարուան մենութեան մէջ): Կարծես հինգ հազարէ աւելի զոհեր, հազարաւոր վիրաւորներ եւ հաշմանդամներ, անյայտ կորածներ եւ գերեվարուածներ չենք ունեցած կամ չունինք … Կամ յաւելեալ հողային ու մարդկային կորուստներու վտանգը Դամոկլեան սուրի պէս մեր գլխուն վրայ կախուած չէ»:

Իսկ Պարոն Յարութ Կիւլիւզեան կը պատասխանէ.-

«Պրն. Պէրպէրեան, ուրիշ ձեւ չկայ բուժուելու: Որպէսզի առաջ անցնինք, պիտի ընդունինք եղածը»:

Աս «առաջ անցնիլ»ը սուր սուլոցի պէս ծակեց ականջս։ Առտուան՝ սուրճ խմելու ալ չըսպասեցի։ Պէտք է գրէի.-

«Առաջ անցնիլ»ը ի՞նչ է – կարենալ ապրի՞լ զոմպիի պէս։ Ամէն օր աւելի՞ զոհեր եւ կորուստներ ունենալ, սահմանամերձ գիւղերը արհաւիրքի մէջ ապրեցնել, դիմադրողները բանտարկել, Խորհրդարանի մէջ այլեւս

օր ցերեկով դաւադրող մեծամասնութիւն մը ունենալ. եւ բերանը կղպած, ձեռքերը ծալլած պիղատոսական կեա՞նք մը վարել:

Առաջ անցնի՞լ – արդէ՛ն երկար փոսի մը մէջ ենք – մեր հայրենական հողերն ու էութիւնը կորսնցնելու ընթացքին մէջ: Չէ՞ք կարծեր թէ ձեր տունը խլուելէ, ձեր եղբայրները սպաննուելէ, անոնց զաւակները որբանալէ, մայրերը ցկեանս տրտմութեան մէջ թաթխելէ ետք, մեր փոքրաթիւ ազգը՝ քառասունչորս օրուան մէջ տասը հազար հաշմանդամներ եւ հինգ հազար զոհեր ունենալէ, հայոց երկինքի տակ մեծցած մեր գերեվարուածները խոշտանգուելէ, մեր կիները բռնաբարուելէ ետք, Շուշին առանց փամփուշտի յանձնուելէ մեր կենսուրախ գիւղերը թշնամիին կողմէ գրաւուելէ ետք, «ուրիշ ձեւ չկայ» մտածելը՝ հայրենասիրութեան հանդէպ թմրութիւն, կեանքէ զրկուածներուն նկատմամբ անտարբերութիւն, աղէտի մը յաճախ յաջորդող հոգեկան կամ դատողութեան խանգարում կը նշանակէ։

Այժմու աւագանին Ֆիզիքական, նիւթական, հոգեկան ցնցումներով ողողեց մեր մինուճար ժողովուրդը։ Ցեղասպանութիւն չկայ եղեր, պահանջատիրութիւն պէտք չէ ըլլայ եղեր. Է՜, տիրութի՜ւն ալ չկայ։ Փրփրերախ ելոյթներ՝ ուզածի՜դ չափ։

Ժողովուրդին աքցանելէ ետք՝ մուրճ ճօճել, արձակազէններ զետեղել։ Ո՞ւր մնաց «պատին տակ կանգնիմ, զիս գնդակահարեցէք»ը: Անցաւ նշուած երկու ամիսը, տակաւին Վարչապետին շնորհած «արձակուրդ»ին մէջ են ռազմագերիները, Ազերիներու հիւրասիրութեամբ….

Պարոն Կիւլիւզեան, որքա՞ն պիտի յառաջանաք ձեր չգիտակցած խրամատին մէջ. որովհետեւ հետզհետէ հարուածներն ու տագնապները պիտի զգետնեն ձեր հայակենցաղ կեանքն ու էութիւնը։ Անմտօրէն պարտուեցանք, մատղաշ արիւն զոհեցինք. չենք կրնար յառաջանալ երբ պատճառները չեն ստուգուած, ուսումնասիրուած եւ դեռ ամէն օր հոգեկան զաւթումի կ՚ենթարկուինք։ Զրկանքն ու արժանապատուութիւնը խեղճուկրակ ստորոտի մէջ կ՚ապրին, պարգեւավճարներն ու հարստութիւնը՝ գագաթին վրայ կը ծածանին։ Ձեր ինքնախաբէաբար «առաջ անցնելու» ընթացքին …կ՚անդամահատուինք։ Այս իրավիճակը բուժո՞ւմ կը նկատէք:

Ուրկէ՛ եկանք-ը գիտենք։ Ո՞ւր կ՚երթանք-ը աւելի չխորացած՝ իբրեւ ազգ արդարադատութիւն եւ հատուցում պէտք է պահանջել։ Դուք «բուժուելու» անզգամ ձեւ մը գտեր էք, երբ ձեր հազարաւոր հայրենակիցներուն կեանքը նպատակադրուած խողխողուած է, երբ մեր պապենական ժառանգը, մեր սրբավայրերը՝ երեսուն տարուայ թաքուն համաձայնութիւններով, կէս վայրկեանի ստորագրութեամբ, թշնամիին յանձնուած են։ Եւ դեռ կը յանձնուին…

Հայաստանի եւ Սփիւռքի ժողովուրդին գլխուն անա՜նկ խաղ մը կը խաղցուի…

Կը ներէք «անզգամ» ածականը գործածելուս։ Բայց դուք կը վիրաւորէ՛ք բոլոր անոնց, որոնք կը ցաւին երիտասարդ Եռաբլուրի սուգի արտասուքին համար, իշխանաւորներու շարունակուող ամբարտաւան, բռնատիրական կեցուածքին համար։

Փառք Աստուծոյ, որ տեղ-տեղ կոյրեր եւ անխիղճներ չկան։ Անոնք կը տեսնե՜ն Ուր Կ՚երթանք-ին վախճանը։ Անոնք չեն լռեր երբ մեր ազգին էութիւնը կ՚անէանայ։

***

Վեհանոյշ Թեքեան

Օգոստոս 11

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.