Ո՛չ Պրն. Աբրահամեան, Հիմա՛ Է «Խորհրդանիշ Դնելու» Ժամանակը

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

«Առաւօտ»ի խմբագիր Արամ Աբրահամեան, իր «Խորհրդանիշ դնելու ժամանակը չէ» խորագրուած յօդուածով, կ’ընդդիմանայ Արամ Մանուկեանի արձանը Երեւանի կեդրոնը տեղադրելու որոշումին, պնդելով, որ հիմա չէ ժամանակը։ Իսկ ե՞րբ է «այդ ժամանակը» ըստ իրեն։ Բայց սկիզբէն սկսինք։

Յօդուածագիրը ինքզինք կը հակասէ իր առաջին իսկ պարբերութեամբ, երբ խօսելով արձանի տեղադրման որոշումին մասին կը հաստատէ, թէ Արամ Մանուկեանը «իմ կարծիքով, իսկապէս արժանի է մեծագոյն յարգանքի եւ նոյնիսկ խոնարհման՝ հենց նրա (…) վարքի շնորհիւ մենք ունենք պետութիւն պատմական Հայաստան փոքր մասում։ Բայց պատմական դէմքի արձանը դնելու գաղափարը, այնուամենայնիւ, ժամանակավրէպ է՝ յատկապէս որ արձանը պատրաստւում են դնել պետականութիւնը խորհրդանշող կենտրոնական հրապարակում»։

Այսինքն, այո՛, Արամ Մանուկեանը արժանի է «մեծագոյն յարգանքի», բայց «ժամանակավրէպ է» անոր արձանը կանգնեցնելու գաղափարը։

Դուք բան մը հասկցա՞ք…

Ինչպէ՞ս կարելի է ընդունիլ Արամ Մանուկեանի մեծութիւնը եւ միաժամանակ… հակադրուիլ անոր արձանի տեղադրումի որոշումին։ Տակաւին կայ միւս երեսը։ Արամ Աբրահամեանը ընդվզեցնող գաղափարը նաեւ այն է, որ եթէ որոշուէր այդ արձանը կանգնեցնել Սարի թաղի, Աջափնեակի, կամ Նորքի «մասսիւներու» շէնքերէն մէկնումէկուն արանքը, տակաւին «հասկնալի է», բայց ելլել եւ կեդրոնական հրապարարակին մէջ զայն տեղադրել՝ անընդունելի է, ժամանակավրէպ է…

Հակասութիւնը կը կայանայ հոն, որ եթէ Արամ Աբրահամեան իսկապէս անկեղծ է Արամ Մանուկեանի իր բնութագրումին մէջ, այդ պարագային ինչո՞ւ «ժամանակավրէպ» կը համարէ անոր արձանը տեղադրելու գաղափարը։ Ընդհակառակը, ի՛ր իսկ տրամաբանութեամբ, ինք պէտք է հաստատէր եւ ընդունէր, որ մենք ազգովին ուշացած ենք Արամ Մանուկեանը արժեւորելու գործին մէջ ու հիմա այդ «ուշացումը» սրբագրելու փորձ կը կատարուի Երեւանի քաղաքապետարանին կողմէ։

(Փակագիծ մը. այս յօդուածագրին գաղափարական երէց ընկեր Կարօ Արմէնեան իր «Մեր անժամանցելի պարտաւորութիւնը» խորագրով յօդուածին մէջ [լոյս տեսած www.arfd.am կայքէջին մէջ, Յունիս 26ին], արդարօրէն դիտել կու տար նաեւ, որ այս որոշումը ո՛չ թէ Երեւանի քաղաքապետարանի, այլ Հայաստանի խորհրդարանի համապատասխան բանաձեւի ու նախագահական հրամանագրի մակարդակով պէտք է կայացուէր։ Արամով խորհրդանշուող եւ պետութիւն ստեղծած գաղափարական աշխարհը ա՛յդ մակարդակով որոշումի արժանի է)։

Շարունակելով, «Առաւօտ»ի խմբագիրը կ’ըսէ, թէ «փոխարինել Լենինին որեւէ մէկ այլ իրական անձով, մահկանացուով՝ լինի դա Արամ Մանուկեանը, Գարեգին Նժդեհը կամ թեկուզ Քըրք Քըրքորեանը, կամ Շարլ Ազնաւուրը, կը նշանակէր, որ մենք ունենք նոր կուռք, նոր փայտագլուխ, որին մենք պետք է երկրպագենք»։

Դարձեալ դեղին քարտ «Առաւօտ»ի խմբագիրին։ Ուրեմն ըստ իրեն, «փայտագլո՞ւխ», կամ «կո՞ւռք» է Միքայէլ Նալբանդեանի արձանը համանուն փողոցին վերի ծայրը։ «Փայտագլուխ» կամ «կո՞ւռք» է Վահան Տէրեանի արձանը իր անունով կոչուած փողոցի պուրակին մէջ։ «Փայտագլուխ» կամ «կո՞ւռք» է մեծանուն Թամանեանի արձանը, Կասկադի բացատին։ Կամ վերջապէս, նոյն որակումներո՞վ բնութագրել Մատենադարանի մուտքին Ս. Սահակի ու Մեսրոպի, Խորենացիին ու միւսներուն արձանները, կամ մեր բազում այլ մեծութիւններու արձանները։

Լենինն ու իր արձանը մեր երկրին ու ժողովուրդին պարտադրուած էին դուրսէն։ Իրմով խորհրդանշուող գաղափարական ու քաղաքական արժէքային համակարգը բռնատիրութեամբ պարտադրուած էր մեր երկրին։ Մերը չէր ատիկա. զսպաշապիկը չի կրնար «մերը» ըլլալ։ Մինչդեռ Ս. Մեսրոպն ու Խորենացին, Նալբանդեանն ու Թամանեանը, Տէրեանն ու Իսահակեանը, Աբովեանն ու Թամանեանը մեր ժողովուրդին հարազատ զաւակներն են, որոնց ժառանգութիւնը դիմագիծ ու նկարագիր տուած է մեր պատմութեան, մեր ստեղծած մշակոյթին եւ քաղաքական մտածողութեան։ Հետեւաբար, անոնք կուռքեր չեն, ոչ ալ անոնց արձանները քարի, կամ պրոնզի կտորներ։

Արամ Աբրահամեան կը շարունակէ. «Առաջին հանրապետութեան ժամանակ չե՞ն եղել «աւազակապետական դրսեւորումներ», Արամ Մանուկեանը չի՞ ունեցել սխալներ եւ մոլորութիւններ: Ակնյայտ է, որ ամէն ինչ չի եղել այնպէս, ինչպէս 70 տարի ներկայացնում էր կոմունիստական քարոզչութիւնը, բայց չի էլ եղել նաեւ այնքան իտէալական, որքան հիմա փորձում են ներկայացնել Դաշնակցութեան ներկայացուցիչները: Նոյնն, ի դէպ, կարելի է ասել Երկրորդ եւ Երրորդ հանրապետութիւնների եւ դրանց առանցքային դէմքերի մասին»։

Այլ մոլորութիւն մը եւս։ Ո՛չ պարոն Աբրահամեան, 1918 ֊ 20 տարիներուն, «աւազակապետական դրսեւորումներ» չեն եղած։ Եղա՛ծ է սով, եղա՛ծ է տասնեակ հազարաւոր գաղթականներու մահուան պատճառ դարձած համաճարակ, եղա՛ծ է «անձեւ քաոս», եղա՛ծ են թեկուզ «աւազակային» դէպքեր։ Բայց մանաւանդ, եղա՛ծ է սովն ու համաճարակները յաղթահարելու պետական մտածողութիւն, եղա՛ծ է այդ «անձեւ քաոս»էն պետական կառոյցներ ստեղծելու կամք, եղա՛ծ է նոյն այդ պետականութեան սահմաններէն ներս ապրող ու նոյն այդ պետութեան հիմքերը փորողներուն նկատմամբ արդարացի հաշուեյարդար, եղա՛ծ է ազգային ապահովութեան գաղափարը պետական մտածողութեան մակարդակի ու որակի բարձրացուցած սերունդ։ Այս բոլոր նշուածները եղած են ու ճիշդ այս նշուած փաստերուն առաջնորդած գաղափարական աշխարհի ներկայացուցիչներէն էր նոյն Արամ Մանուկեանը, որուն արձանը բարձրացնելու գաղափարը այսօր կը մերժուի Արամ Աբրահամեանի կողմէ՝ «կուռքերու չենք ուզեր երկրպագել»ու այլանդակ մակերեսայնութեամբ։

Իսկ անհեթեթութիւն է Արամ Մանուկեանին նկատմամբ յօդուածագրին կատարած վերագրումը («սխալներ ու մոլորութիւններ») պարզ այն պատճառով, որ հարցը չի վերաբերիր անձին (որ բնականաբար մարդ արարած է), այլ՝ այն գաղափարական սկզբունքներուն եւ քաղաքական կամքին, որուն ներկայացուցիչն էր նոյնինքն Արամ Մանուկեանը։

«Առաւօտ»ի խմբագիրը տակաւին կը շարունակէ ըսելով, որ միշտ ալ վերապահումներ եղած են ոեւէ քաղաքական դէմքի նկատմամբ եւ կը նշէ Ճորճ Ուաշինկթընի, Չըրչիլի կամ Շարլ Տը Կոլի անունները, որոնց շուրջ միշտ ալ վերապահումներ եղած են, սակայն ատիկա պատճառ չէ դարձած որ անոնց արձանները փոխարինուին ուրիշով. «Մի խորհրդանիշը միւսով փոխարինելը՝ հենց դա է ոչ հասուն պետականութեան յատկանիշը»։

Լաւ հետեւեցա՞ք. ուրեմն մէկ խորհրդանիշը (Լենինի արձանը) ուրիշով (Արամ Մանուկեանով) փոխարինելը «ոչ հասուն» պետականութեան յատկանիշ է։ Ուրեմն, ըստ Արամ Աբրահամեանի տրամաբանութեան, տհասութիւն է մեր ժողովուրդին պարտադրուած օտար ու բռնատիրական նկարագրով արժէքային համակարգ մը մեր ազգային արժէքներով փոխարինելու որոշումը (ամօթ է չէ՞, Ուաշինկթըն կամ Չըրչիլ ունեցող ազգերը, կամ ԵԽԽՎն ի՞նչ պիտի մտածեն մեր մասին, չէ՞…)։ Հիմնովին սխա՛լ մօտեցում։

Ան կ’եզրակացնէ ըսելով, որ «պէտք չէ շտապել Հանրապետութեան հրապարակում որեւէ մահկանացուի արձան դնել։ Թող մեր հասարակութեան մեջ արմատաւորուի պետական մտածելակերպը, այդ պարագայում միայն հասարակութիւնը կ’որոշի, թե ինչպիսի խորհրդանիշ է իրեն պէտք։

Ուրեմն, Արամ Մանուկեանի արձանը կանգնեցնելու որոշումը աճապարանքի արդիւնք է («պէտք չէ շտապել»), սպասենք, զինուինք Յոբի համբերութեամբ, որ մեր հանրութեան մէջ արմատանայ պետական մտածելակերպը, որ այդ հանրութիւնը ինք (ոչ թէ քաղաքապետարանը, ոչ թէ խորհրդարանը, ոչ թէ կառավարութիւնը) օր մը որոշում կայացնէ։

Կրկնութեան գնով ըսենք. Արամ Մանուկեանի արձանին, անոր կիսաքանդ տունը պատշաճօրէն վերականգնելու, Հայաստանի 1918ի կառավարութեան շէնքը իր իսկական իրաւատիրոջ՝ հայ ժողովուրդին վերադարձնելու (բնականաբար առանց փիցայի այլանդակութեան) գաղափարները եւ առաջարկները կը միտին նոյն մեր հանրութեան հոգեկերտուածքին ու մտայնութեան մէջ արմատացնելու պետականութեան գաղափարը։ Սերունդները իրենք զիրենք պիտի ճանչնան ո՛չ միայն Սարդարապատով, այլ նաեւ նոյնինքն Սարդարապատի ոգին ու կամքը հանդիսացող Արամ Մանուկեանի խորհրդանշած գաղափարական աշխարհով։ Այդ սերունդները իրենց հայու ինքնութիւնը պիտի ճանչնան նաե՛ւ Ա. Հանրապետութեան կառավարութեան շէնքով, հոն տեղադրուելիք՝ 1918 ֊ 1920 տարիներու հանրապետութեան նուիրուած թանգարանով։ Պետականութեան գաղափարը «հենց էդպէս», օդէն, ոչինչէն չի ստեղծուիր։ Ան կը ստեղծուի եւ կ’ամրապնդուի նաեւ տեսանելի խորհրդանիշներու լայն լուսաբանութեամբ, ատոնց մասին բացատրութեամբ։ Ճիշդ այնպէս, երբ Մատենադարանի մուտքին կը տեսնենք Ս. Մեսրոպի եւ Խորենացիին արձանները, իսկ ներսը՝ անոնց մտքի արգասիքը հանդիսացող ձեռագիր մատեանները։

Այնպէս որ, պրն. Արամ Աբրահամեան, եկէք համաձայն եղէք այս յօդուածագրին ու իր ընկերներուն, որ հիմա՛ է «խորհրդանիշ դնելու ժամանակը»։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.