Ո՛չ նահանջին՝ երգով ըլլայ, թէ առանց երգի

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Լեզուի ճակատին վրայ մեր նահանջը ընդունելի չէ։

Մեր ինքնութեան հիմքը մեր լեզուն է։ Այդ պատգամը ստացած ենք դարերու ընթացքին։

Յիշենք միայն չորսը. Արտաշէս Ա., որ հիմնադիրը եղաւ Միացեալ Հայաստանի, հայերէնը հռչակեց որպէս պետութեան լեզու։ Մեսրոպ Մաշտոց սեփական ինքնուրոյն այբուբենով օժտեց կամ վերօժտեց մեր լեզուն, որպէսզի չձուլուինք մեր երկու կողմերու՝ Արեւելքի թէ Արեւմուտքի, մեզմէ աւելի՛ հզօր «թշնամիներուն» կամ «բարեկամներուն» մէջ։ Իսկ Խաչատուր Աբովեան, երբ իր Աղասիով մեր ազգային ազատագրութեան շարժումին շեփորը հնչեցուց, յստակ պատգամեց, որ մէկ ազգ պահողը-պահպանողը իր լեզուն է ու հաւատքը։ Վերջապէս Կապուտիկեան հրահանգեց՝ «թէ մօրդ անգամ մտքից հանես՝ քո մայր լեզուն չմոռանաս։

Ինչո՞ւ կը վերյիշեմ ու վերյիշեցնեմ այս բոլորը։

Կը յիշեցնեմ, որովհետեւ վերջ պէտք է գտնէ նահանջը, որ չսկսաւ ռազմական պարտութեամբ, չսկսաւ հողատւութեամբ, այլ անկէ շատ առաջ, երբ սկսեր էինք հեռանալ ազգային գաղափարականէն, համակերպիլ մեզի պարտադրուող ամեն տեսակի սահմանափակումներու, աշխարհի վրայ տարտղնուելու իրողութեան՝ Ցեղասպանութեան հետեւանքներուն, ու մանաւանդ մեր լեզուէն օտարման՝ անոր աղճատման, աղաւաղման եւ ի վերջոյ անկէ հրաժարման։

Այո՛, նահանջը կանգ պէտք է առնէ, եւ պէտք է առնէ ամենէն առաջ Մայրենիքի ճակատին վրայ։ Քանզի չկայ Հայրենիք առանց Մայրենիքի։

Նայեցէ՛ք ձեր շուրջ։ Լեզուն որ կը լսէք, լեզուն որ կը կարդաք, լեզուն որ կը գրուի ի՜նչ ողբալի պատկերներ կը բանայ մեր առջեւ։ Այն լեզուն, որ ըստ կարգ մը գիտական հետազօտութիւններու, աւելի քան 12 000 տարի «կտրել է, հանց աստղալոյս, երկինքները ժամանակի» ու հասեր քեզի ու ինծի։ Ո՞վ պիտի հանդիսանայ զայն պահողն ու պաշտպանողը, եթէ ոչ դուն եւ ես։ Ո՛չ ռուսը, ո՛չ ամերիկացին, ո՛չ եւրոպացին եւ ո՛չ ոք՝ մեզմէ զատ։ Այդքան հինէն եկող միակ լեզուն կը հանդիսանայ ան, ու անոր դաւաճանելը ոճիր է, աւելի քան ոճիր։ Մեղանչո՛ւմ։ Անձնասպանութի՛ւն։

ՀՅԴ 33-րդ Ընդհանուր ժողովը, գումարուած Ստեփանակերտի մէջ, Արցախ, 2019-ի յունուարին, իրաւամբ կ՚անդրադառնար, ի միջի այլոց, լեզուի՛ կարեւորութեան՝ հաստատելով, որ «Սփիւռքեան գործունէութեան իբրեւ հիմ պէտք է ծառայէ հայկական ինքնութեան լայնամիտ եւ ընդգրկուն պատկերացումը, միաժամանակ ձգտելով աւելցնելու հայերէն լեզուին տիրապետող եւ հայ մշակոյթը արժեւորող ու քաջալերող սփիւռքահայերու թիւը», որովհետեւ «Սփիւռքի ամրապնդումն ու հզօրացումը ռազմավարական կարեւոր խնդիր է Հ.Յ. Դաշնակցութեան համար եւ Հայրենիքի անվտանգութեան ու առաջընթացի կարեւոր երաշխիքներէն մէկն է»:

Եկէք, սակայն ընդունինք, որ «հայերէն լեզուին տիրապետող եւ հայ մշակոյթը արժեւորող ու քաջալերող» հայերու թիւը նօսրանալու վտանգին ենթարկուած է ոչ միայն Սփիւռքի մէջ, այլեւ Հայրենիքի մէջ։

Այնտեղ, Մասիսի շուքին, նոյնքան խաթարման ենթակայ է մեր լեզուն, որքան այստեղ՝ ուր Մասիսը միայն եթերայի՜ն շուք մը կրնայ ձգել մեր վրան։ Եթէ հոն առաջ ռուսերէնի ողողումը սպառնալիք մըն էր, հիմա անոր կ՚ընկերանայ եւ անգլերէնի ողողումը։ Կարդացէ՛ք լուրերը, տեսէք պաշտօնական ազդերը, մտիկ ըրէք ղեկավար անձերու արտայայտութիւնները, դիտեցէ՛ք հեռարձակումները, նայեցէ՛ք վաճառատուներու ճակատներուն եւ այլուր, ու պիտի հաստատէք ըսածս, պիտի ցնցուիք ու պիտի պժգաք։ Եւ այս՝ ի հարկէ բոլոր ճիգերուն կողքին, որ արժանաւոր մտաւորականութիւնն ու գիտակից ազգայինները կը կատարեն ընդդէմ այդ երեւոյթներուն։

Սփիւռքի իրավիճակը արդէն ծանօթ է բոլորիս։ Ամեն օր կ՚աւելնայ հայերէն չգիտցող բայց հայութեան ու իր Դատին պաշտպան կանգնիլ ուզող մարտիկներուն թիւը… Դժուարութիւն ունինք մեր դպրոցներուն ուսուցիչ, մեր թերթերուն խմբագիր ու աշխատակից, մեր կազմակերպութիւններուն… ատենադպիր եւ տակաւին ի՜նչ ու ի՜նչ գտնելու համար։ Եւ դեռ չեմ խօսիր դպրոցներու անբաւարար թիւին, անոնց կրթաթոշակներու յաճախ անմատչելիութեան, բայց մանաւանդ հայութեան ու հայկականին հանդէպ անտարբերութեան անհամեմատ ընդլայնման ու տարածման մասին։

Այս բոլոր խնդիրները խօսքով չե՛ն լուծուիր, բայց հայերէն խօսելո՛վ, կարդալո՛վ, գրելո՛վ կը լուծուին։ Համացանցի ու ելագրութեան մէջ հայերէն գրելով, հայատա՛ռ գրելով։ Ժողովներուն մէջ հայերէ՛ն խօսելով։ Մաքուր, անխաթար, գեղեցի՛կ հայերէն։ Եւ եթէ չենք սորված՝ առաջին հերթին հայերէն սորվելո՛վ։

Այլեւ անհրաժեշտ նիւթական կռուանները ստեղծելով՝ Հայաստանի, Արցախի, Լիբանանի ու Սուրիոյ հայութեան փրկութեան կողքին, նա՛եւ հայերէնի փրկութեան համար։ Ուսուցիչներու պատրաստութեան ու կրթարաններու բազմապատկման համար։

Այս հարցերը ազգային կուսակցութիւններուն համար պէտք է գան առաջին գծի վրայ, նոյնքան առաջնահերթ, որքան մեր երկրի ու մեր ժողովուրդի իրավիճակը, սահմաններու ապահովումը եւ ֆիզիքական գոյութիւնը։ Ինչպէս ըսի, առանց հոգեկան գոյութեան, մնացեալը իմաստ ունենալէ կը դադրին։

Աշխատինք, որ մեր քաղաքական, երիտասարդական, մշակութային թէ բարեսիրական կազմակերպութիւնները, մեր թեմական կազմակերպութիւններն ու եկեղեցիները, մեր բոլոր կրթական թէ այլ հաստատութիւնները, մանաւանդ մեր մամուլը  նախանձախնդիր ըլլան իրենց յայտարարութիւներուն թէ հաղորդումներուն մէջ, իրենց գրաւոր թէ բանաւոր բոլոր ելոյթներուն մէջ յարգելու հայերէնի տարրական օրէնքները, ուղղախօսութիւնն ու ուղղագրութիւնը։

Մօտալուտ է ՀՅԴ 34-րդ Ընդհանուր ժողովը։ Առաջարկս է, որ ազգային ռազմավարութեան օրակարգին մէջ անգամ մը եւս իր պատուոյ տեղը գրաւէ հայեցի ինքնութեան պահպանման հարցը, եւ Մայրենիքի պաշտպանութեան նոյնքան կարեւորութիւն ընծայուի որքան Հայրենիքի պաշտպանութեան։

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

 

 

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.