Շարունակել ա՛նդեդեւ Շարունակել ա՛նդեդեւ

 ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Պիտի շարունակենք մեր երթը։

Հեռո՛ւ մեզմէ ամեն դեդեւում, վարանում ամեն։

Պիտի շարունակենք բոլոր ճակատներուն վրայ, ուժերով բոլոր։

Այլընտրանք չունինք։

Մեր գլխէն անցածը մեզ աւելի վհատ ու ձեռնպահ պիտի չդարձնէ, այլ՝ աւելի փորձառու եւ իմաստուն։

Այո՛, ազգային գաղափարաբանութիւնը պիտի ըլլայ մեզ առաջնորդող լուսաւոր աստղը, որքան ալ ազատ, անկախ ու միացեալ հայրենիքը՝ մեր կիզակէտը, թուի «անհաս երազ», որքան ալ ամբողջական հայութիւն – ամբողջական Հայաստանի մէջ՝ մեր կեանքի գոյապատճառը՝ մեր գոյութեան ալֆան եւ օմեղան, թուի երեւակայածին։

Հեշտ պիտի չըլլայ մեր ճանապարհը։ Խոչընդոտներ ու խոչընդոտողներ պիտի չպակսին, ինչպէս չեն պակսած մինչեւ հիմա։

Բայց չունինք այլընտրանք։

Պիտի շարունակենք պայքարիլ՝ կանգուն պահելու համար մեր ազգային կառոյցները՝ հայրենի հողին վրայ ու մանաւանդ հայրենի հողէն դուրս, ուր մեզի կը պակսի այդ հողին կենարար աւիշը, ուր այդ աւիշը ստիպուած ենք փոխարինել հոգեկա՛ն սնուցմամբ, ոգեկա՛ն ներուժով։

Պիտի պահենք մեր պետականութիւնը, ինչքան ալ զայն քանդել ուզեն ներսէն թէ դուրսէն։

Պիտի պահենք մեր եկեղեցին, որուն գմբեթին վերեւ կախուած է Լուսաւորչի անմար կանթեղը, ինչքան ալ զայն մարել ուզեն ներսէն թէ դուրսէն։

Պիտի պահենք, արդիացնենք ու մանաւանդ բազմացնենք հայ դպրոցը, որ հիմքն իսկ է մեր գոյութեան։

Պիտի պահենք, զարգացնենք ու նոյնպէս բազմապատկենք մեր կեդրոնները, այն փոքրիկ Հայաստանները, որոնք անշեղ ճանապարհն են դէպի մեծ Հայաստանը։

Պիտի պահենք ու բարելաւենք մեր մամուլ, որուն էջերէն ու ալիքներէն ամենօրեայ սնունդ պիտի ստանան մեր զանգուածները՝ մեծերն ու փոքրերը։

Պիտի պահենք, պահպանենք, հարստացնենք մեր մշակոյթը, անո՛վ հարստանալով առաջին հերթին մենք իսկ, անով հարստացնելով նաեւ պէսպիսուն աշխարհը վաղուան մարդկութեան։

Եւ պիտի պահենք, պահպանենք ու հարստացնենք մեր ոսկեղենիկ լեզուն, անո՛վ ապրելով նախ մենք, ապա անո՛վ ապրեցնելով մեր գալիք սերունդները։ Պիտի շարունակենք խօսիլ, կարդալ ու գրել հայերէն, անընդհատ պահանջելով, որ նոյնը ընեն եւ մեր զաւակները, մեր թոռներն ու ծոռերը։

Եւ պիտի տեւաբար յիշեցնենք, որ հայ ընտանիք կազմեն անոնք։

Այո՛, այլընտրանք չունինք։

Այդ գալիք սերունդները… ինչե՜ր ունինք ընելիք անոնց համար։

Պիտի գիտնանք տէր կանգնիլ անոնց, պիտի գիտնանք ազգային հպարտութիւն ներշնչել անոնց, պիտի գիտնանք գնահատել անոնց արժանիքներն ու ձիրքերը, մշակե՛լ զանոնք, ծանօթացնել, մինչեւ աստղերը հասցնել մեր արժանաւորները՝ մարզիկ ըլլան թէ երաժիշտ, գիտնական ըլլան թէ հնարիչ։

Եւ պիտի գիտնանք լաւ ճանչնալ ու կշռել եւ մե՛ր ուժերը, լաւ տնտեսել զանոնք, լաւ ամրակայել զանոնք։ Մանաւանդ լաւ համախմբել զանոնք, մատները վերածելով բռունցքի։ Երբեք պիտի չհրաժարինք պահանջելէ, որ միշտ միացեալ ուժերով դիմագրաւենք մեր գալիքը։

Տակաւին պիտի սորվինք լաւ գիտնալ մեր միջոցները, նոյնպէս լաւ տնտեսել, ամրապնդել ու հզօրացնել զանոնք, օժտել ներկայ աշխարհին համապատասխան, եթէ ոչ աւելի՛ ալ բարձր որակով ու մակարդակով,– օժտուիլ լաւագոյն զէնքերով՝ մտաւորական, տնտեսական թէ ռազմական ճակատներուն վրայ ապահովելու համար մեր անվտանգ ներկայութիւնը։

Այո՚, շատ աշխատանք կայ կատարուելիք, շատ զոհողութիւններ կան յանձն առնուելիք, շատ նուիրում կայ ցուցաբերուելիք՝ ժողովներէն, գիտաժողովներէն, հանգանակութիւններէն, կառուցումներէն, Հայ դատի հետապնդումներէն մինչեւ նոր մարտահրաւէրները՝ կազմակերպական, հոգեկան թէ ֆիզիքական ճակատներուն վրայ։ Սփիւռքի իւրաքանչիւր գաղթօճախի առումով, համասփիւռքեա՛ն առումով, հայրենի իւրաքանչիւր բնակավայրի առումով, համահայրենակա՛ն առումով, այլեւ համահայկակա՛ն առումով։

Եւ չունինք այլընտրանք։

Չունինք այլընտրանք՝ որպէսզի չկորսնցնենք մեր հաւատքը նկատմամբ ապագայ արդար ընկերութեան մը, սկսելով մեր հայրենիքէն, եւ ապագայ համերաշխ ու համագործակցող մարդկութեան մը,– մարդկութիւն, որուն իւրաքանչիւր մասնիկը հաւասարէ-հաւասար վայելէ այս մոլորակին վրայ ապրելու իր բոլոր իրաւունքները,– միասնաբար դիմագրաւելու համար հասարակաց մարտահրաւէրները եւ ողջունելու համար բանաստեղծին երազած վարդահեղեղ արշալոյսը։

Մենք՝ ա՛յս ենք։ Ե՛նք, այլապէս՝ չե՛նք։

Իսկապէ՛ս չունինք այլընտրանք։

Անդեդե՛ւ շարունակենք պիտի։

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

«Դրօշակ», սեպտեմբեր 2021

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.