ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ս. Զատկուան Պատգամը. Ապրի՛լ Յարուցեալ Կեանքի Հրամայականը
Կողոսացիներուն ուղղած իր նամակին մէջ Պօղոս առաքեալ կը յիշեցնէ, թէ` «Մկրտուելով, անոր (Քրիստոսի) հետ միասին թաղուեցաք եւ անոր հետ ալ յարութիւն առիք» (2.12):
Մկրտութեամբ քրիստոնեան անդամ կը դառնայ եկեղեցւոյ: Եկեղեցին Քրիստոսն է` իր խորհրդական մարմնով, իր կեանքով ու առաքելութեամբ: Եկեղեցւոյ ճամբով Քրիստոս շարունակ կը ծնի, կ’ուսուցանէ, կը հրաշագործէ, կը չարչարուի, կը խաչուի ու յարութիւն կ’առնէ: Քրիստոնեան կոչուած է մասնակից դառնալու Քրիստոսի կեանքին ու առաքելութեան բոլոր դրուագներուն, հանգրուաններուն ու երեւոյթներուն:
Աւետարանները կը նկարագրեն Աստուծոյ Որդւոյն փրկագործական առաքելութեան հետ աղերս ունեցող գլխաւոր դէպքերը եւ ուսուցումները: Քրիստոնէական հաւատքը հալածած ու ապա անոր վկան դառնալու իր անշեղ յանձնառութեան համար բանտարկուած Պօղոս առաքեալ նորադարձ քրիստոնեաներուն կը պարզէ յարուցեալ Քրիստոսին հետեւելու հիմնական պայմանները: Ան կը յիշեցնէ, թէ մենք մեռած էինք մեր մեղքերուն պատճառաւ, սակայն Աստուած մեզ Քրիստոսի հետ յարուցանեց. հետեւաբար մենք Քրիստոսի միացած ենք ու` նոր մարդ դարձած (Եփ 2.4-6):
Արդարեւ, մեղքը թաղելով ու չարին յաղթելով` Քրիստոս իր յարութեամբ մարդուն տուաւ նոր կեանք` յարուցեա՛լ կեանք: Քրիստոսի հետեւելու ուխտը կատարած մարդը կոչուած է ապրելու Քրիստոսի արեան հեղումով ու խաչի զօրութեամբ կերտուած յարուցեալ կեանքը: Հետեւաբար հարկ է Քրիստոսի հետ մեռնիլ, մեր մեղքերը գերեզմանել, որպէսզի կարենանք յարուցեալ Քրիստոսի հետ ապրիլ: «Մոռցէ՛ք ձեր հին ինքնութիւնը, այսինքն` ձեր նախկին ապրելակերպը… եղէք նո՛ր մարդ» (Եփ 4.22-24): Ա՛յս է յարուցեալ Քրիստոսի հետեւելու պայմանը: Ու որպէս մեկնակէտ քրիստոսակեդրոն կեանքին` Պօղոս առաքեալ իր անձին օրինակով կը վկայէ. «Այո՛, Քրիստոսի հետ խաչին վրայ մեռայ եւ այլեւս կենդանի եմ. ես չէ, որ կ’ապրիմ, այլ Քրիստոս է, որ կ’ապրի իմ մէջս» (Գղ 2.20):
Արդ, ի՞նչ են յարուցեալ Քրիստոսը մեր կեանքին մէջ ապրելու նախապայմանները: Իր նամակներուն ճամբով եւ իր կեանքէն պոկուած կենդանի օրինակներով Պօղոս առաքեալ կու տայ այս դժուար հարցումին յստակ պատասխանը: Փորձենք ամփոփ գիծերու մէջ լուսարձակի տակ բերել առաքեալին թելադրութիւնները` ուղղուած բոլոր ժամանակներու քրիստոնեաներուն:
– Առաքեալը նախ կոչ կ’ուղղէ քննելու մեր անձերը` տեսնելու համար, թէ հաստատ կը մնա՞նք մեր հաւատքին մէջ: Քրիստոսի յարութեան վրայ խարսխուած հաւատքը էական է քրիստոնեայ մարդուն համար, որովհետեւ` «Եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չէ, զուր է մեր քարոզութիւնը, զուր է նաեւ ձեր հաւատքը» (Ա.Կր 15.14): Ահա թէ ինչո՞ւ առաքեալը կը յորդորէ` ձեր հաւատքին մէջ ամո՛ւր մնացէք, հաւատքո՛վ ապրեցէք, վկայեցէք ու գործեցէք եւ «հաւատքի վահանը առէք»(Եփ 6.16) չարին դէմ պայքարին մէջ:
– Ապա հաւատքը ծառայութեան վերածելու կոչ կ’ուղղէ առաքեալը` ըսելով. «Գթասիրտ ու ողորմած եղէք ձեր նմաններուն նկատմամբ» (Կղ 3.12): Օգտակար եղէք յատկապէս կարիքաւորին, հիւանդին, թշուառին ու անկարողին` «բարի սամարացի»-ին օրինակով:
– Առաքեալը կը թելադրէ` եղէք հեզ ու խոնարհ. մեծամիտ մի՛ ըլլաք, մի այլայլիք ո՛չ փառքէն եւ ո՛չ գովասանքէն (Բ.Կր 6.8): Ան կը յիշեցնէ, թէ Աստուծոյ մարդացեալ Որդին իր կեանքին օրինակով ցոյց տուաւ խոնարհութեան մեծութիւնը ու արժէքը:
– Առաքեալը նաեւ կը յորդորէ` իրարու հանդէպ ըլլալ ազնիւ ու գթած, ներող ու հանդուրժող, եւ յիշեցնելով մեղաւոր մարդուն նկատմամբ Աստուծոյ ներողամտութիւնը, կ’ըսէ` «Իրարու բեռը վերցուցէք» (Գղ 6.2):
– Առաքեալը կոչ կ’ուղղէ մանաւանդ զիրար սիրելու, «որովհետեւ սէրը ամէն ինչի ամբողջացուցիչ շաղախն է» (Կղ 3.14): Սէր ունեցողը խոնարհ ու համբերատար կ’ըլլայ, նախանձն ու հպարտութիւնը հեռու կը պահէ իր կեանքէն, հաւատքով հզօրացած ու յոյսով գօտեպնդուած կ’ապրի:
– Մի՛ ձանձրանաք բարիք գործելէ, եւ «որքան ատեն որ ժամանակը մեր ձեռքն է, բարիք ընենք բոլորին» (Գղ 6.10), բարիով յաղթելով չարին, կը յանձնարարէ առաքեալը, վստահեցնելով, որ բարիք ընելով` Աստուած «պիտի զօրացնէ ձեզ եւ հեռու պահէ չարէն» (Բ.Թս 3.3):
– Յոյսը նկատելով երկնային պարգեւ` նեղութեան ու դժուարութեան մէջ համբերող եղէք, միշտ յուսացէք (Հռ 12.12), կը յորդորէ առաքեալը, որովհետեւ Քրիստոս է, որ կ’ապրի ու կը գործէ մեր մէջ: Եւ հաստատելէ յետոյ, թէ իրեն համար «կեանքը Քրիստոս է» (Փլպ 1.21), կը յիշեցնէ, թէ մենք յարուցեալ Քրիստոսի յաղթական երթին մասնակից ենք (Բ.Կր 2.14 ) եւ կը սպասենք անոր երկրորդ գալուստը:
– Նորահաստատ եկեղեցիներուն ուղղած իր նամակներուն մէջ Պօղոս առաքեալ կը շեշտէ աղօթքին կենսական կարեւորութիւնը մարդու կեանքին մէջ: Ան ջերմօրէն կը թելադրէ` միշտ աղօթեցէք, եղէք շնորհակալ Աստուծոյ, որ մեր արարիչն է, խնամակալը ու պաշտպանը:
Ահաւասիկ` Քրիստոսի յարութեան մասնակից դառնալու ու քրիստոսատուր յարուցեալ կեանքը ապրելու հրամայականը: Վերոնշեալ յորդորներով առաքեալը քրիստոնեայ մարդու վայել կեանք ապրելու ուղեգիծը կը ճշդէ:
Քրիստոնէութիւնը սոսկ ընկերա-բարոյական ուսուցումներու վրայ հաստատուած կրօն չեղաւ, այլ` Աստուծոյ Որդւոյն յաղթական յարութեան վրայ ամրօրէն խարսխուած կեանք, եւ կեանքը ըմբռնելու ու ապրելու իւրայատուկ կենսընթաց: Այս ինքնաճանաչումը քրիստոնէութիւնը պահեց ամուր ու կենսունակ` հակառակ բոլոր հալածանքներուն ու ջարդերուն:
Քրիստոս խաչով կերտեց իր յարութիւնը եւ յարութեամբ նոր կեանք պարգեւեց մարդուն: Քրիստոսի հետեւիլ` կը նշանակէ քալել խաչի ճամբէն ու ապրիլ յարուցեալ կեանքը իր խորհուրդով ու պատգամով:
* * *
Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան տօնին առիթով եղբայրական սիրով կ’ողջունենք ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը` մաղթելով եկեղեցաշէն ծառայութեամբ հարուստ երկար գահակալութիւն: Կ’ողջունենք նաեւ Երուսաղէմի հայոց պատրիարք ամենապատիւ Տ. Նուրհան արք. Մանուկեանը եւ Կոստանդնուպոլսոյ հայոց պատրիարք ամենապատիւ Տ. Սահակ արք. Մաշալեանը` մաղթելով իրենց բեղմնաւոր ծառայութիւն Հայ եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս:
Հայրապետական օրհնութեամբ ու հայրական սիրով կ’ողջունենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմակալ առաջնորդները, հոգեւոր դասը, Ազգային իշխանութիւնները, մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ գործող կազմակերպութիւններն ու միութիւնները եւ մեր հաւատացեալ ժողովուրդը` հայցելով Աստուծմէ, որ մեր ժողովուրդին սիրելի զաւակները Յարուցեալ Փրկչին յաղթանակով զօրացած դիմագրաւեն ներկայ ժամանակներու բազմազան դժուարութիւնները եւ վերանորոգեն իրենց կեանքը` հետեւելով Պօղոս առաքեալի յորդորներուն:
Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց,
Օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի:
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
Սուրբ Զատիկ 2021
Անթիլիաս, Լիբանան