ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հայրապետական Պատգամը՝ Նուիրուած Արցախի Անկախութեան Օրուան

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն հայրապետական օրհնութեամբ, ազգային վառ ապրումներով եւ վերանորոգ հաւատքով, կամքով ու տեսիլքով կ՚ողջունենք մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները՝ ի Հայաստան եւ սփիւռս աշխարհի:

Հայ ժողովուրդը կ՚ապրի իր ժամանակակից պատմութեան ամէնէն ճակատագրական հանգրուանը: Հայաթափուած է Արցախը, Հայաստանը կը մնայ ենթակայ Ազրպէյճանի սպառնալիքներուն: Փաստօրէն Հայաստանը առանձին է, իրաւ բարեկամ չունի: Ահաւոր վտանգներով եւ աննախատեսելի հետեւանքներով լեցուն ներկայ կացութեան դիմաց չենք կրնար, իրաւունք չունինք լուռ մնալու: Հետեւաբար, որեւէ ժամանակէ աւելի, ոյժերու համախմբումը ու մեր ժողովուրդի միասնականութեան ամրապնդումը համահայկական օրակարգի մը շուրջ՝ հրամայական է ու առաջնահերթ:

Ջերմօրէն կ՚ողջունենք Արցախի նուիրուած ներկայ հաւաքը: Արցախը մեզի համար անցեալ չէ: Եթէ թշնամին Արցախը գրաւելով համոզուած է, թէ Արցախի հարցը լուծուած է, սակայն մեր ժողովուրդին համար Արցախի հարցը լուծուած չէ՛, այնքան ատեն որ Արցախի ժողովուրդը վերադարձած չէ եւ իր ինքնորոշման իրաւունքը չէ վերականգնած իր պատմական հողերուն վրայ՝ միջազգային հովանիին ներքեւ: Արդարեւ, Արցախի հայկական պատկանելիութիւնը պատմականօրէն եւ միջազգային իրաւունքի տուեալներով ամրագրուած, կարելի չէ զէնքի ոյժով լուծուած նկատել: Պատմութիւնը կը վկայէ, թէ պայմաններու բերումով կատարուած գրաւումները միշտ եղած են ժամանակաւոր:

Արդ, մեր ժողովուրդին համար Արցախի հայկական պատկանելիութեան ամբողջական վերականգնումը պէտք է դառնայ ամէնօրեայ պայքար, նախ ներքին ճակատի վրայ: Այս համազգային պայքարին շուրջ պէտք է համախմբուին Հայաստանի պետութիւնը, մեր եկեղեցին, մեր ազգային կառոյցները, Հայաստանն ու Սփիւռքը: Արցախի հայկական պատկանելիութեան վերականգնումի մեր յանձնառութիւնը պէտք է նաեւ մեզ մղէ հետեւողական ու ծրագրուած աշխատանքի՝ միջազգային համայնքէն ներս: Պետական, քաղաքական, կրօնական, մշակութային ու ակադեմական շրջանակներէն ներս փաստացի տուեալներով հարկ է շեշտել ու վերաշեշտել Արցախի հայկական պատկանելիութիւնը: Այս գործընթացքին առընթեր, հարկ է մօտէն հետեւիլ շրջանէն ներս տեղի ունեցող աշխարհաքաղաքական պայմաններու հոլովոյթին՝ դիւանագիտական ճկունութեամբ եւ մարտունակ ոգիով, հեռու մնալով զիջումի քաղաքականութենէն: Միաժամանակ անհրաժեշտ է նաեւ հայոց բանակին հզօրացումը:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համար Արցախի հարցը միշտ պիտի մնայ առաջնահերթ: Պետական պատասխանատուներուն, կրօնական ներկայացուցիչներուն ու դիւանագիտական մարմիններուն հետ մեր հանդիպումներուն ընթացքին պիտի շարունակենք կարեւորութեամբ շեշտել Արցախի հարցին ամբողջական ու արդար լուծում տալու հրամայականը, ինչպէս նաեւ մեր քաղաքական ու պետական բանտարկեալներուն շուտափոյթ ազատ արձակումը:

Հետեւաբար, սիրելի Արցախի հայութիւն, սփիւռք մի՛ դառնաք, կառչած մնացէ՛ք ձեր դատին, հերոսներու արիւնով թրծուած ձեր հողին, սուրբերու աղօթքով շաղախուած ձեր հոգեմտաւոր կառոյցներուն: Մեր ժողովուրդը ձեզի հետ է՝ աջակից ու զօրակից ձեր պայքարին:

Թող Աստուած ամուր պահէ մեր պահանջատիրական պայքարը, հզօր՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ միակամ՝ մեր ժողովուրդը:

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

2 Սեպտեմբեր 2024
Անթիլիաս, Լիբանան

Comments are closed.