Նոր Ազգային ժողովին դիմաստուերը եւ ․․․շան մը պատմութիւնը

20 Յունիսին ընտրուած՝ Հայաստանի Ազգային ժողովը բոլորեց աշխատանքի առաջին շաբաթը եւ անոր դիմաստուերին բազմաթիւ գիծերը յստակացան:

Նպատակ չունինք մանրամասնօրէն արձանագրելու առաջին օրերու անցուդարձերը, այլ փորձ պիտի կատարենք վեր առնելու քանի մը հիմնական գիծ, տեսնելու, թէ արդէն հիներու կարգին դասուող իշխանութիւնը, ի՛նչ անունով ալ ներկայանայ (Իմքայլակա՞ն թէ Քաղաքային պայմանագրութիւն), հաստատօրէն պիտի շարունակէ միանձնեայ կառավարման եւ երկրին դիմագրաւած ճակատագրական հարցերէն խուսափելու կործանարար վարքագիծը, հետեւաբար, առաջին հերթին հարց կը ծագի, թէ ընդդմադիր ճակատը ինչպէ՞ս պիտի կարենայ իրականացնել երկրի փրկութեան իր առաջադրանքը՝ իրականութիւններէ կտրուած, քաղաքական մանկապարտէզին կառչածներու խմբակին հետ:

ԴԻՒԱՆԻ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ «ԹԱՏՐՈՆ»Ը

Առաջին ողբերգակատակերգութիւնը, որ ներկայացուեցաւ խորհրդարանի բեմէն՝ դիւանի ընտրութիւնն էր, եւ արդէն բացայայտեց շատ բան:

Նախ արձանագրենք, որ խորհրդարանի բացման պահուն (նաեւ մինչեւ այսօր), կալանաւորուած կը մնան ընդդիմադիր երկու պատգամաւոր, հետեւաբար, իշխանաւորներուն 71 քուէին դիմաց, ընդդիմադիրները ունին 34 քուէ: Այս պայմաններուն մէջ, իշխանաւորներուն թեկնածուին դէմ, ընդդիմադիրները ներկայացուցած էին իրենց թեկնածուները՝ նոյնինքն բանտարկուած ու հետապնդումի թիրախ եղող պատգամաւորները: Անոնք շատ լաւ գիտէին, թէ իշխանաւորներու թեկնածուն պիտի ընտրուի, սակայն քաղաքական քայլ մը կ’առնէին կալանաւորուած պատգամաւորներուն թեկնածութիւնը առաջարկելով, որպէսզի այս իշխանութեան քուէ տուողները տեսնէին, թէ ինչպիսի՛ կամայականութիւն, Սահմանադրութփեան ոտնակոխում կը կիրարկուի իշխանաւորներուն կողմէ: Նախագահի ընտրութեան չմասնակցեցան ընդդիմադիր երկու դաշինքները՝ իբրեւ բողոք. իշխանաւորը ընտրուեցաւ 71 քուէով: Ո՛չ ոք անդրադարձաւ, որ ընտրեալը ինքն իրեն քուէ տուած է, մինչդեռ, երբ անձ մը գիտէ, թէ ընտրութիւնը ստոյգ է, պարկեշտութիւնը կ’ունենայ ճերմակ քուէ տալու: (Լիբանանի տագնապին պայթումէն քանի մը տարի առաջ, Սլէյման Ֆրենժիէ նախագահ ընտրուեցաւ իր քուէով, առանց որուն, պիտի չկարենար ընտրուիլ…): Ընտրութեան այս ձեւին եւ օրէնքի խախտումին դէմ, ընդդիմադիրները բողոք ներկայացուցին Սահմանադրական դատարան (ընդիմադիրները վստահաբար յոյս չունին, որ Սահմանադրական դատարանը կը լսէ արդար բողոքը, այսուհանդերձ, յանձնառու կը մնայ իր բոլոր քայլերը Օրէնքի սահմաններուն մէջ պահելու որոշումին, ինչպիսի՛ յերիւրանքներ ալ նետեն իշխանաւորները): Երկու փոխ նախագահներու ընտրութիւնն ալ ընթացաւ նոյն տրամաբանութեամբ: Յետոյ, փոթորիկ պայթեցաւ, երբ կարգը եկաւ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆՕՐԷՆ ընդդիմադիրներուն վերապահուած պաշտօնին ընտրութեան:

Ընդդիմադիրները ունէին միացեալ թեկնածու մը, որուն կողքին մնացին մինչեւ վերջ: Հոս ալ բացայայտուեցաւ իշխանական խմբակին կամայականութիւնը, մանկամիտ խաղեր շարունակելու (ուրիշ որակում չտանք) ընթացքը: Քանի մը քուէարկութիւն անցան ապարդիւն. բացայայտ է, որ ընդդիմադիրները ունէին առաւելագոյնը 33 քուէ, հետեւաբար՝ ընտրուելու համար՝ անհրաժեշտ էր որ (նոյնինքն Սահմանադրութեան իսկ հարկադրանքով) իշխանականներէն որոշ թիւով պատգամաւորներ քուէ տային անոր, սակայն բեմադրուեցաւ լիարժէք խեղկատակութիւն մը. փորձ եղաւ հաւատացնելու, որ ընդդիմադիրները քուէ չեն տուած իրենց թեկնածուին. խաղը շարունակուեցաւ երկու օր, խօսուեցաւ սակարկութիւններու մասին, որոնց ընթացք չտուաւ ընդդիմադիր ճակատը, ի վերջոյ, իշխանաւորները ստիպուեցան նահանջել եւ առաջադրուած թեկնածուն ընտրուեցաւ:

Յաջորդ բեմադրութիւնը, որ խորքին մէջ հին ողբերգութեան նորագոյն արարն էր, սկսաւ խորհրդարանական յանձնախումբերու բնոյթին ճշդումով: Ընդդիմադիր ճակատը յստակ առաջարկ բերաւ, որ խորհրդարանը ունենայ Արցախի յատուկ յանձնախումբ մը: Իշխանաւոր կողմը, որ 12 յանձնախումբ ունենալու առաջարկով ներկայացած էր, մերժեց այս ընտրանքը, ծիծաղէ աւելի՝ արգահատանք ստեղծող պատճառաբանութիւններով: Առաջարկը բերողներ քաղաքական խորքով եւ հորիզոններով հիմնաւորեցին իրենց տեսակէտը, իսկ իշխանական կողմը ցոյց տուաւ, որ իրենց խմբակին մէջ միակ «հանճարը» Նիկոլ Փաշինեանը չէ, այլ Հայաստանի քաղաքական երկնակամարին վրայ սկսած են փայլիլ (սա նորութիւն չէ) այլ «հանճարեղ աստղեր»: Մէկը պատճառաբանեց, որ Հայաստանի կառավարութիւնն ու բոլոր յանձնախումբերը կը զբաղին Արցախով, ուրիշ մը յոխորտաց, որ Արցախի հարցը այնքա՛ն կարեւոր է, որ կարելի չէ անոր յանձանձումը իջեցնել սոսկական յանձնախումբի մը մակարդակին: Անդին, իրականութիւնը այն է, որ 44-օրեայ պատերազմի աւարտէն ուղիղ 8 ամիս ետք, Արցախը քաղաքական եւ ապահովութեան գետիններու վրայ կը մնայ անտէր, «Արցախը Հայաստան է» յանձնառութիւնը գործնապէս մոռցուած է: Նորագոյն ապացոյցը ի յայտ եկաւ ճիշդ նոյն օրերուն, երբ Նիկոլ Փաշինեան եւ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան հանդիպում ունեցան եւ քննարկեցին վերաշինութեան եւ ընկերային հարցեր (այո՛, կարեւոր հարցեր), սակայն ոչ մէկ խօսք լսուեցաւ գրաւեալ հողերու վերադարձին, ինքնորոշման իրաւունքին, ապահովութեան ամրապնդման եւ նման կենսական հարցերու մասին (Հայաստանի մէջ ուղղակի եւ անուղղակի քարոզչութիւն կը ծաւալի, թէ մենք այդ հարցերով զբաղելու պէտք չունինք, մեր զաւակները այլեւս պէտք չունին բանակի ծառայութիւն կատարելու Արցախի պաշտպանութեան համար, թող ռուսերը հոգան իրենց յաջողցուցած զինադուլն ու ժողովուրդին ապահովութիւնը…): Խորքին մէջ, այս յանձնախումբին համար տեղի ունեցած քուէարկութեան արդիւնքը բաւական բարացուցական էր. իշխանաւորները 68 «ձեռնպահ» քուէ տուին (կրնա՞ն հպարտանալ, որ դէմ չքուէարկեցին), հետեւաբար, փաստեցին, թէ իրենց քաղաքական մտածողութեան մէջ, այսուհետեւ Արցախի նկատմամբ պիտի շարունակեն մնալ ՁԵՌՆՊԱՀ…

Յանձնախումբերու կազմութեան բեմադրութիւնը ահա այս տրամաբանութեամբ պիտի շարունակուի յառաջիկայ շաբաթ: Օրէնքը կը պահանջէ, որ ընդդիմադիրներ ունենան քանի մը յանձնախումբի նախագահութիւնը. յայտնի դարձած է, որ ընդդիմադիրները համերաշխ են այս օրակարգին շուրջ, սակայն անակնկալ պիտի չըլլայ, եթէ իշխանաւորները առաջին շաբթուան քայլերուն հետեւողութեամբ խաղերու դիմեն: Յստակ չէ, թէ 44-օրեայ պատերազմին մասին քննիչ յանձնախումբը ի՞նչ ճակատագիր պիտի ունենայ:

Երկու բան յստակ է (կայ աւելին, բաւականանանք արձանագրելով այս երկուքը): Բանավէճերը ի յայտ կը բերեն նախ՝ էական հարցերու քննարկումը իրողապէս ձգձգելու տրամադրութիւն մը (հոն բաւական գլխացաւանք կը ստեղծուի նորացուած իշխանաւորներուն համար), յետոյ նաեւ՝ իշխանաւոր խմբակին կամայական ընթացքը (բնական պայմաններու մէջ, սա պիտի դիտուէր իբրեւ… բնական, որովհետեւ մեծամասնութիւն ունեցողը իր գիծը յառաջ կը տանի), սակայն երբ երկիրը կը գտնուի վիհին յատա՞կը…: Այլ խօսքով, ընդդիմադիրներուն համար, խորհրդարանին բեմը հնարաւորութիւն կու տայ պատառ-պատառ վար առնելու իշխանաւորներուն դիմակները, ցոյց տալու, որ անոնք ո՛չ միայն հեռու են իրենց խոստումներուն հաւատարիմ մնալու տրամադրութենէն կամ զանոնք իրականացնելու կարողութիւնը չունին, այլ իրենց խօսքն ու գործը կը քալեն հակառակ ուղղութիւններով: Այլապէս, ինչպէ՞ս բացատրել «եկէ՛ք, համերաշխ աշխատինք», «գործակցութեան էջ բանանք» եւ նման կոչեր, քարոզնե՛ր, մինչդեռ գործնապէս կ’ընեն հակառակը, օրինակ, կալանքի տակ կը պահուին ԸՆՏՐԵԱԼ եւ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆՕՐԷՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԱԾ պատգամաւորներ, իսկ խորհրդարանի պատերէն անդին՝ մարզերու մէջ վարչական պատասխանատուներ, դպրոցներու տնօրէններ եւ այլ պաշտօնատարներ գործէ կ’արձակուին, հալածանքի կ’ենթարկուին, որովհետեւ ընտրութիւններուն՝ քուէ չեն տուած իշխանական խմբակին. նման կամայականութիւն կը տեսնուի նաեւ Երեւանի պետական համալսարանի վարչական տնօրինումներուն պարագային: Եւ ասոնք միայն «սկիզբն են երկանց»: Այլ խօսքով, այս սնանկ իշխանութեան փուչիկը պիտի պայթի ի վերջոյ:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՊԱՏԵՐԷՆ ԱՆԴԻՆ

Խորհրդարանի պատերէն ներս այս այլանդակ բեմադրութիւնը, խաղերը (պահ մը անցնինք նոյնինքն պատգամաւորներուն եւ լրագրողներու պարտադրուած նոր կաշկանդումներուն վրայէն) տեղի կ’ունենան այն պահուն, երբ անդին, սահմանային շրջաններու մէջ օրհասական զարգացումներ կը գումարուին նախկիններուն վրայ:

Երասխի, Գեղարքունիքի ու Տաւուշի, զուգահեռաբար նաեւ Սիւնիքի սահմանային գօտիներուն մէջ, ազերիական սպառնալիքներն ու զինեալ ոտնձգութիւնները կը կրկնուին օր աւուր, իշխանութեան կրաւորական դիրքորոշման դիմաց:

«Սեւ լիճին համար պատերազմի մէջ չմտնելու» տրամաբանութիւնը բնականաբար կը հետեւցնէ, որ գիւղացիներէ գողցուած քանի մը կովի, հրդեհուած դաշտերու եւ մինչեւ իսկ քանի մը զինուորի սպանութեան-վիրաւորուելուն համար ալ չ’արժեր կռիւ մղել: Հայը պահ մը հպարտութիւն կը զգայ, երբ կը լսէ, որ պաշտպանութեան նոր նախարարը հրահանգ կ’արձակէ հրամանատարներուն եւ զինուորներուն, որ պէտք է հակադարձեն ազերիական թափանցումի փորձերուն (եւ վերջին շաբաթներուն նման բիրտ հակադարձութիւններ եղան), սակայն նաեւ կ’ըսէ, որ թշնամին պէտք չէ մինչեւ իսկ մտածէ թափանցումի փորձ ընելու մասին: Ու նոյն հայուն միտքին մէջ կը ծագի ցաւոտ հարցում մը. այս նախարարը լուսնէն երէ՞կ իջած է, լուր չունի՞, որ մօտաւորապէս 3 ամիսէ ի վեր ազերիները ՊԱՇՏՕՆԱՊԷՍ ԹԱՓԱՆՑԱԾ ԵՆ Հայաստանի հողերէն ներս, յայտնի չէ թէ քանի՞ ազերի զինուոր, քանի՞ դիրք եւ քանի՞ քառ. քլմ. տարածութիւն ունին իրենց հակակշիռին տակ, անկախ՝ Սիւնիքի ճամբաներուն վերահսկողութենէն ու այլ «մանրուքներէ»…: Եւ յանկարծ, ի յայտ կու գայ, որ ռուսական ուժեր դիրք հաստատած են Տաւուշի Ոսկեպար գիւղին մէջ, Ատրպէյճանի սահմանին մօտ (Հայաստանի հիւսիս-արեւելեան ծայրամաս), իսկ գիւղացիները ուրախ են, որ թրքականի տեղ ռուսական դրօշ կը տեսնեն իրենց գիւղին ծայրը…: Իշխանաւորները բացայայտ կը դարձնեն, որ ռուսական ուժեր կրնան հաստատուիլ նաեւ սահմանային այլ կէտերու վրայ. սա ոմանց կողմէ կը դիտուի իբրեւ դրական (ապահովութեան ամրացման) զարգացում, ուրիշներ կը տեսնեն անորոշութեան խորացման փաստեր, իսկ ամէնէն մտահոգիչը՝ նման քայլերու ետքին կը տեսնուին (եւ սա դուրս եկած է շշուկի սահմանէն) Տաւուշի կարգ մը տարածքները Ատրպէյճանին յանձնելու ծրագիրին իրականացման նախաքայլերը:

Իշխանաւորներ չեն ծածկեր նման հաւանականութիւն (յիշենք «ազերիական կղզեակներ»ու հարցը), եւ տուողը մի՛շտ Հայաստանն է, կու տայ նաեւ ականապատուած դաշտերու քարտէսներ, որոնց դիմաց, Ատրպէյճան… հայ գերիները բանտարկութեան կը դատապարտէ: (Այսօր, ո՜վ կը յիշէ գերիները. անոնք կրնան ո՛չ միայն երկու ամիս, այլ քանի մը տարի համբերել…):

ԸՆԴԴԻՄԱԴԻՐՆԵՐՈՒ ԻՐՈՂԱԿԱՆ ԱՆԿԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

Սահմանային այս ու նման կարգադրութիւններ կը կատարուին լուսարձակներէ եւ ժողովէուրդի աչքերէն հեռու, յիշեցնելով այն համաձայնութիւնները, որոնք ծագեցան 10 Նոյեմբերին, իրենց գրաւոր եւ բանաւոր «տարբերակներով»:

(Իշխանութեան երկրպագուները պէտք է յիշեն, որ ո՛չ նախագհը, ո՛չ կառավարութեան անդամները, ո՛չ ալ խորհրդարանականները՝ իշխանական թէ այլ, տեղեակ էին միանձննեայ որոշումէն, որուն, պատասխանատուութեան բաժնեկից դառնալու հրաւիրուեցան… նախկինները): Վաղը, ի՞նչ դիրք կամ դերակատարութիւն կրնայ ունենալ խորհրդարանը, եթէ անոր սեղանին բերուին նոր համաձայնութիւններ (չխօսինք բանաւորներու մասին), որոնք կրնան որդեգրուիլ 71 քուէով եւ ազերիներուն տրուած «նուէրներուն» (Քարվաճառի պէս արցախեան չգրաւուած բայց… խաղաղասի՛րաբար զիչուած հողեր) վրայ աւելցուին նորեր: Ընդդիմադիրները իրենց անբաւարար քուէներէն անդին ընելիք պիտի ունենան եւ պէտք էբանան աչքերը խուլ ու կոյր ձեւացողներուն, որպէսզի Ալիեւ ու Էրտողան Շուշիի բեմադրութիւնը չկրկնեն Երեւանի մէջ:

Փաստացի իրականութիւնը այն է, որ իշխանութիւնը, սկսելով նոր կազմուած կառավարութենէն (հոն ալ տարբեր բեըմադրութիւններ կան), քայլ առ քայլ յառաջ կը տանի Հայաստանի քայքայման, պետութեան կործանման ծրագիրը (ի՜նչ 2050-ի ծրագիրներ): Տակաւին, յայտնապէս չենք տեսներ ու կշռադատեր, որ ազերիական կրկնուող յարձակումներն ու թափանցումները ունին անմիջական նպատակ մը, նուիրականացնել եւ պաշտօնականացնել այն սահմանագիծը, որ համապատասխան է իրենց հաշիւներուն, ծրագիրներուն. վաղը Սիւնիքէն ալ նոր հողեր կրնան փրցնել՝ «միջանցքը կը բանանք»ի յոխորտանքով, եւ մեր իշխանաւորներն ալ կը սկսին ծափահարել, ըսելով որ «ի՞նչ կ’ըլլայ, քիչ մը հող տանք, ճամբաները բանանք, հանգիստ ապրինք»: Ո՛չ իշխանաւորը, ո՛չ ալ անոր քուէ տուողը կը տեսնեն Հայաստանի համար ապահովութիւն չբերող, այլ երկիրն ու պետութիւնը կազմալուծող ընթացքը: Արցախի երեք-չորրորդը կորսնցուցինք «հանգիստ ու ապահով պիտի ըլլանք»ի հաւաստիքով, ատիկա չեղաւ, Հայաստանի ներքին եւ շրջանային հանգոյցները չլուծուեցան (իսկ հարցերը լուծուած են ըսողները կը սիրեն մնալ ինքնախաբէութեան օրօրոցին մէջ, պատանդ մնալ «հիները կ’ընեն»ի պէս քարոզչական սուտերու):

Դառն իրականութիւնն ու մեր հորիզոնները աւելի՛ եւս մթագնող այս իրականութիւններուն դիմաց, օր աւուր աւելի՛ կը շեշտուի այս իշխանութիւնը օր առաջ հեռացնելու, զայն ազգային, Հայաստանի շահերուն նախանձախնդիր ուժերու համախմբումով՝ ատակ իշխանութիւն մը ձեւանորելու առաջադրանքին կարեւորութիւնը: Ընդդիմադիրները բաց ճակատով կրկնեցին, թէ ինչո՛ւ անկարելի է այս իշխանութեան հետ գործակցութիւնը, թէ՝ պայքարը պիտի շարունակեն խորհրդարանի բեմէն եւ դուրսը: Մարդիկ ի վերջոյ պիտի հասկնան ընդդիմադիրներուն հայրենապաշտպանութեան կամքը, իսկ չհասկնալ վճռողին…

Իշխանաւոր խորհրդարանականներու անատակութիւնը եւ իրենց ղեկավարին ցպիկին շարժումնեուն համաձայն պարելու անոնց «կարողութեան» ապացոյցներով՝ կարելի է բազում դրուագներ արձանագրել. նշենք գոնէ հատ մը. խորհրդարանի դիւանի ընտրութեան համար բանավէճերու պահուն, տեսնուած է եւ ժապաւէնի առնուած, որ պատգամաւոր մը (նախկին փոխ նախարար մը) բջիջային հեռաձայնին վրայ… թղթախաղով տարուած է:

Հարց տանք. մանկապարտէ՞զ, թէ՞ խորհրդարան:

Եւ քանի յիշատակում կատարեցինք մանկապարտէզի, եզրափակենք մեր մանկապարտէզի օրերուն մեզի պատմուած անեկդոտով մը. հայր մը իր համբակ եւ անուղղայ մանչը կողքին նստեցուցեր է եւ երկար խրատներ տուեր է, թէ ի՛նչ պէտք է ընէ, ինչ պէտք չէ՛ ընէ: Հաւատարիմ շունն ալ դիմացը նստած է ծառի շուքին: Խրատականի աւարտին, հարցուցեր է. «Ըսածներս հասկցա՞ր», տղան պատասխաներ է. «Հայրիկ, երբ կը խօսէիր, մեր շունը հինգ հատ ճանճ կլլեց»…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.