Նորագիրներ Անցան ՀՅԴ ՀԵՄ-ի Եւ Դաշնակցութեան Շարքերը

Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուած ուժերու տօնի (Հայոց բանակի տօնի) օրուան առիթով, ինչպէս սպասելի էր, Եռաբլուր զինուորական պանթէոն մարդոց հոսքը սկսած էր առաւօտեան կանուխ ժամերէն եւ չէր դադրած ամբողջ օրուան ընթացքին:

Արցախեան վերջին գոյապայքարին պատճառով տարածքով կրկնապատկուած Եռաբլուրին մէջ իրենց վերջին հանգրուանը գտած հայորդիներէն մէկուն` ՀՅԴ Երեւանի Քաղաքային կոմիտէի նախագահ, նուիրեալ ազատամարտիկ, ՀՅԴ կամաւորական վաշտերու կազմին մէջ մարտնչած եւ Արցախի հիւսիսային դիրքերուն վրայ հերոսաբար նահատակուած Գեղամ Մուշեղեանի շիրիմին երէկ այցելած մարտական, կուսակցական ընկերները մասնակցեցան նաեւ օրուան խորհուրդին առիթով նախաձեռնուած խոստման եւ երդման աւանդական արարողութիւններուն:

«Կը թուի, թէ մահը վերջակէտ է ամէն ինչի: Բայց եկուր ու տես, որ հիմա մեր ներկայութիւնը Գեղամ Մուշեղեանի շիրիմի կողքին կը հակասէ այդ կարծիքին: Դաշնակցականի, հայ ազատամարտիկի համար նահատակութենէն ետք դեռ ընելիքներ կան», իր խօսքին մէջ նշեց նորագիրներու կնքահայր, ՀՅԴ կամաւորական գումարտակի հրամանատար, ազատամարտիկ Հարմիկ Յովսէփեան եւ, դիմելով նորագիրներուն, շեշտեց. «Դաշնակցութեան շարքերը անցնելով` ձեր առջեւ դռներ պիտի չբացուինք, զանոնք պէտք է դուք բանաք` ձեր ամուր կամքով: Դուք պիտի ըլլաք թիրախ արտաքին եւ ներքին թշնամիներու համար: Բայց դուք պիտի չվհատիք, որովհետեւ դուք զինուած էք գաղափարախօսութեան եւ հաւատքի սուրով ու վահանով»:

Խոստման եւ երդման արարողութեան միջոցով ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան եւ Դաշնակցութեան շարքերը անցան քանի մը տասնեակ նորագիրներ:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.