«Նիկոլը Ազգային Ժողովի Ամպիոնէն Փաստացի Յայտնեց Արցախը Ազրպէյճանին Ամբողջովին Յանձնելու Իր Մտադրութեան Մասին». Իշխան Սաղաթէլեան

Ապրիլ 13-ին, Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ Նիկոլ Փաշինեանի հնչեցուցած յայտարարութիւններուն վերաբերեալ մեկնաբանութեան համար «Երեւան Թուտէյ»-ը դիմեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեանին:

«Ազգային ժողովի ամպիոնէն Նիկոլը փաստացի յայտարարեց Արցախը Ազրպէյճանին յանձնելու իր մտադրութեան մասին: Անոր բոլոր հիմնաւորումները ոչ այլ ինչ էին, քան սեփական տկարութիւնը թաքցնելու խղճուկ փորձ: Քանի մը օր առաջ յայտարարած եմ, հիմա նորէն կը կրկնեմ` չե՞ս կրնար պահել Արցախը, ուրեմն հեռացիր եւ ճամբայ տուր կարող ուժերուն: Ճիշդ այնպէս, ինչպէս եղած է 1998-ին:

Իսկ ի՞նչ կը տեսնենք մենք հիմա: Ալիեւի եւ Փաշինեանի համագործակցութիւն, որոնք միացեալ ջանքերով սկսած են Արցախի նախիջեւանացման ծրագիրը:

Ինչ որ Փաշինեան յայտարարեց` Արցախի` Ազրպէյճանի կազմին մէջ ձգելու քաղաքականութիւն է միայն, ուրիշ ոչինչ», յայտնեց Իշխան Սաղաթէլեան:

 

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.