Նիկոլենց «Իզմ»ի Հետքերով

ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

«Իզմ»երու ժամանակաշրջանը անցած է, յայտարարած էր Փաշինեան եւ խուսափած ինքզինք ու իր ղեկավարած ուժը գաղափարական առումով դասակարգելէ: Անցումային շրջանի շեմին՝ գուցէ կարելի էր ժամանակաւորապէս անտեսել այդ անհեթեթ խուսանաւումը. քաղաքական կեանքի բնականոնացման եւ մօտալուտ ամբողջական իշխանափոխութեան լոյսին տակ, սակայն, էապէս կարեւոր է պարզել առաջատար ուժի գաղափարական ու արժեհամակարգային ընկալումները:

Արդէն քիչ-քիչ կ՛ուրուագծուի կառավարող նոր խումբի իզմ-ը, առնուազն սոցիալ-տնտեսական ոլորտին մէջ: Անցումային (եւ հաւանական հետագայ) կառավարութեան առանցքային ներկայացուցիչներու հնչեցուցած միտքերն ու դաւանած արժէքները յաճախ կատարելապէս կը տեղաւորուին նոր-ազատական (նէոլիպերալ – neoliberal) տրամաբանութեան եւ արժեհամակարգին մէջ:

Այլ առիթով պէտք է երկար գրել նոր-ազատականութեան մասին: Առայժմ, սակայն, ամփոփ կերպով համրենք որոշ հիմնական սկզբունքները միայն. եւ այսպէս, գործնական նախապատուութիւն՝ բիզնեսին, շուկայի ազատականացում ու ազատագրում հանրային վերահսկողութենէ, պետութեան սոցիալական պարտաւորութիւններու կրճատում եւ արդար բաշխում ապահովելու պատասխանատուութեան թօթափում. «ամէն ինչ շուկան թող ընէ»… հոգ չէ թէ փոքրամասնութեան իշխանութեան է անիկա ենթակայ, եւ ուրեմն ապաժողովրդավարական է հիմնովին:

Լուսարձակներէ հեռու մնացած հետեւեալ երեք յայտարարութիւնները բաւարար են, կը կարծեմ, արձանագրելու համար թէ նորայայտ քաղաքական վերնախաւը այսպիսի արժէքներու կրողն է:

Առաջինի հեղինակը Փաշինեանն է: Դեռ Օգոստոսին, սփիւռքահայ պատանիներու հետ հանդիպման ընթացքին, ան փորձած էր սահմանել «սոցիալական արդարութիւն» եզրոյթը, երբ Հայաստանի մէջ արդարութեան հաստատման մասին հարց ուղղուած էր իրեն:

Փաշինեան ըսած էր. «Տեսէ՛ք, պէտք է մենք հասկանանք, թէ ի՛նչ է նշանակում սոցիալական արդարութիւն. մենք չենք կարող ակնկալել, որ բոլորը, բոլոր քաղաքացիները բարեկեցութեան նոյն մակարդակը ունենան: Ընդհանրապէս ընդունուած է մոդել, որ պէտք է մարդկանց սոցիալական օգնութիւններ տրամադրել, որպէսզի փորձ արուի նրանց բոլորին սոցիալական հաւասարութեան նոյն մակարդակի վրայ դնել. անկեղծ ասած՝ ես կարծում եմ որ սա անիրականանալի է եւ ճիշդ չէ:» (տես https://www.youtube.com/watch?v=qybsIIiaR6s-31:41էն)

Բայց սա «սոցիալական արդարութեան» ոչ թէ սահմանում, այլ ապասահմանում, նոյնիսկ հակասահմանում է: «Չենք կարող ակնկալել»ով՝ Փաշինեան կարծես կը թելադրէ չպահանջել սոցիալական արդարութիւն, որովհետեւ «անիրականանալի» է անիկա… չ՛արժէր ձգտիլը նոյնիսկ: Աւելին, Փաշինեան անկեղծօրէն կը կարծէ, որ ճիշդ չէ պետութեան կողմէ տրամադրելի սոցիալական օգնութիւններով գոնէ փորձել մեղմել գոյացած ու աճող անհաւասարութիւնը: Ի՞նչ է սա, եթէ ոչ սոցիալական անարդարութեան վաւերականացում (լեգիտիմացում-legitimization) եւ բնականոնացում (normalization):

Գիտակցելով անշուշտ, որ պէտք է ինչ որ լուծումանման բան առաջարկել՝ Փաշինեան կը դիմէ նէոլիբերալիզմի դասական ու մաշած հեքիաթներուն. «Մենք պէտք է մարդկանց համար հնարաւորութիւն ստեղծենք, որ իւրաքանչիւրը ինքը իր աշխատասիրութեամբ, իր եռանդի համաձայն գտնի իր սոցիալական նիշան եւ հնարաւորութիւն ունենայ, ինքը իմանայ, որ այդ իր նիշան իր համար դատավճիռ չէ: Եթէ էսօր ինքը այս նիշայում է, ուզում է աւելի բարձր աւելի լաւ սոցիալական վիճակում լինել, ինքը կարող է դրան հասնել աշխատանքով: Մեզ համար ամենակարեւոր խնդիրը աշխատանքի համար, աշխատանքով զարգանալու, աշխատանքով առաջընթաց ունենալու, աշխատանքով բարեկեցութեան հասնելու պայմաններ ստեղծելն է…» (տես դարձեալ https://www.youtube.com/watch?v=qybsIIiaR6s-32:19):

Ասոնք նոյն այդ «հնարաւորութիւն»ներն են, երեւի, որոնց շնորհիւ նոյնիսկ զարգացած համարուող երկիրներու մէջ մարդիկ մասսայաբար հասեր են այնքա՜ն բարձր սոցիալական վիճակի, որքան ուզեր են. եւ կանգ առեր են միայն երբ այլեւս չեն ուզեր, կամ երբ ծուլացեր են: Միլիոնաւոր անտունները, ծայրայեղ աղքատները, աշխատանքային գաղթականները կամ օրը օրին պարտքերու տակ հազիւ գոյատեւողները՝ չցանկացող-ծուլացողները պէտք է ըլլան անպայման: Սա անարգանք է, թէկուզ անգիտակից, նոյն այդ «հաւասար հնարաւորութիւններ» խոստացող հասարակարգերու մէջ գործազրկութենէ մաշող կամ աշխատանքային ծանր պայմաններու մէջ մաշեցուող ու աղքատ բազմահազարներու հանդէպ:

Պետութենէն ակնկալիքները նուա-զեցնելու եւ փոխարէնը աշխատելու Փաշինեանի այս հռետորաբանութիւնը, վերջերս արդէն հասեր է աղքատները ուղղակի կշտամբելու, դատապարտելու, եւ ձրիակերութեան ու ծուլութեան մէջ մեղադրելու աստիճանի (օրինակ՝ 17 Հոկտեմբերին, որուն արձագանգ եղաւ «Սեւ Բիբար»ի նախորդ յօդուածով եւ 8 Նոյեմբերին, որ ընկերային ցանցերու վրայ բուռն հակազդեցութիւններու տեղիք տուաւ): Բայց անցնինք առաջ:

Յաջորդը, Աւտօվարկային ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն, «Արդշինբանկ» դրամատան նախ-կին բարձրաստիճան պաշտօնեայ ու ներկայիս վարչապետի խորհրդական Մեսրոպ Առաքելեանի համոզումներն են՝ հնչեցուած նախատեսուող նոր-ազատական եւ հակա-սոցիալական համահարթ հարկային համակարգի (flat tax) շուրջ քննարկման ատեն (ուր, ի դէպ, վրացի մասնագէտը կը ներկայացնէ յետ-յեղափոխական Վրաստանի նէօլիպերալ դառն փորձը՝ աճող աղքատութեամբ ու արտագաղթով յատկանշուած — https://www.youtube.com/watch?v=2x9fAcvbNVQ&t=1367s):

Ահա՛ առաջարկուող հարկային տարբերակի արդարացումը, ըստ վարչապետի խորհրդականին. «…Ընդհանրապէս եկամտային հարկի դրոյքաչափը չի կարելի համարել պետութեան կողմից քաղաքացուն օժանդակութիւն եկամտի տեսքով: Այսինքն այնպէս չէ, որ մենք եկամտահարկը իջեցնենք, որ մարդը հազար դրամ աւել ստանայ, երբ որ ինքը աշխատում է մասնաւոր ոլորտում. դա բացառապէս քաղաքացու եւ գործատուի յարաբերութիւնն է, և քաղաքացին եւ գործատուն են որոշում իրենք ինչքան եկամուտ են ստանում, և ոչ թէ պետութիւնը պէտք է եկամտային հարկի 2 տոկոս դրոյքաչափը նուազեցնելով փորձի սոցիալական աջակցութիւն (ցուցաբերել)» (տես https://www.youtube.com/watch?v=4IeERoC- -7c&t=3958s՝ 50:49էն):

Դարձեալ՝ նէոլիպերալիզմի դասագրքային ներկայացում, ուր կ՛երեւին հետեւեալ միտումները. պետութեան սոցիալական պարտաւորութիւններու աստիճանական յանձնում եւ տնտեսական բեւեռացումը մեղմելու գործիքակազմէ ձերբազատում, պետութեան նահանջ՝ գործատու-աշխատաւոր խիստ անհաւասար յարաբերութիւններէն, այսինքն աշխատաւորի փաստացի լքում՝ իր շահագործման աստիճանի որոշման գործընթացին մէջ:

Այս մօտեցման համահունչ են, թէեւ աւելի անկաշկանդ ու կոպիտ, փոխվարչապետի պաշտօնակատար եւ Փաշինեանի թիմի տնտեսական հարցերու առաջատար դերակատարներէն (գործարար) Աւինեանի վերջերս հնչեցուցած միտքերը: Հանրային պատկերասփիւռին տրուած հարցազրոյցէն հատուած մըն է մէջբերուածը.

Հաղորդավար.– …Ամէն դէպքում յաջորդ տարուայ բիւջէում, կարծէք թէ, աշխատավարձերի փոփոխութիւն նախատեսուած չէ:

Աւինեան.– Ինձ միշտ հետաքրքրել է, երբ խօսում են աշխատավարձերի բարձրացումից, կոնկրետ ինչ ի նկատի ունեն, որովհետեւ…

Հաղորդավար.– Առնուազն նուազագոյն աշխատավարձի նուազագոյն շեմի բարձրացում…

Աւինեան.– ԸՄ… լաւ… էդ պարագայում մենք… ըհ… ո՞ւմ ենք օգուտ տալիս:

Աւինեանը աշխատավարձերու նուազագոյն շեմի բարձրացման մէջ ոչ ոքի ոչ մէկ օգուտ չի տեսներ. աշխատավարձը վճարող գործարարներու հասնելիք վնասն է, հաւանաբար, իր տեսածը:

Շարունակենք.

Աւինեան.– Ըմ..լաւ… էդ պարագայում մենք… ըհ… ո՞ւմ ենք օգուտ տալիս:

Հաղորդավար.– Դուք պէտք է ասէք:

Աւինեան.– Ես կարող եմ ասել, որ ընդհանուր առմամբ մենք պէտք է այնպիսի պայմաններ ստեղծենք ՀՀում տնտեսական զարգացման համար, որպէսզի շուկան ինքը աստիճանաբար բարձրացնի աշխատավարձերը… պետութիւնը ինքը ընդհանուր առմամբ նման կարգաւորիչ դեր չունի շուկայում, պետութիւնը երբեւէ չի կարող մասնաւոր ոլորտում աշխատավարձ բարձրացնի: (տես https://www.youtube.com/watch?v=82uFklo1WvA՝ 16:28էն)

Կարճ ըսած՝ Աւինեան բաց տեքստով կ՛անտեսէ աննշան աշխատավարձով գոյատեւել փորձող մեծամասնութեան շահը, մասնաւոր ոլորտի աշխատաւորները կը ձգէ իրենց բախտին ու շուկայի քմահաճոյքին: Նուազագոյն աշխատավարձի շեմը ինչո՞ւ բարձրացնել. ինչո՞ւ նոյնիսկ մտածել այդ մասին կամ ծրագիր մշակել այդ ուղղութեամբ: Ազատ շուկան թող ընէ, եթէ, որքան, երբ եւ մինչեւ այն ատեն որ շահագրգռուած ըլլայ…

Նոր վերնախաւի իզմ-ը նէոլիպերալիզմն է:

Անիկա ինքզինք կը մատնէ ոչ միայն յայտարարութիւններու մակարդակով, այլ նաեւ արդէն գործնապէս: Համահարթ հարկային համակարգի անկոտրում առաջարկը, եւ վերջերս Ծառուկեան խմբակցութեան կողմէ առաջարկուած եւ Փաշինեանի կառավարութեան կողմէ հաւանութիւն ստացած արհեստակցական միութիւններու համակարգը ականապատող օրէնքի փոփոխութիւնը առաջին նախանշանները կարելի է համարել:

Կը մնայ տալ հետեւեալ հարցը.

Որքա՞ն աղերս ունի այս «աներեւոյթ»իզմը յեղափոխութեան յոյսով փողոցները հեղեղած բազմահազարներու պահանջներուն ու շահերուն հետ:

 

Medium.com կայքի «Սեւ Բիբար» հարթակ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.