«Ներումը Կու գայ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումէն Ետք». ՀՀ Նախագահ

Զուիցերիոյ  հանրային հեռատեսիլային ընկերութիւնը (RTS) հատուածներ հրապարակած է  Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հետ հարցազրոյցէն։ Այս մասին կը յայտնէ «Արմենփրես»-ը:

Նոյեմբեր 11-ի արարողութիւններուն ընդառաջ, երբ բազմաթիւ երկիրներու մէջ պիտի նշուի Առաջին Համաշխարհային պատերազմի  աւարտի 100-ամեակը, Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան յոյս յայտնած է, որ այդ իրադարձութիւնը առիթ պիտի հանդիսանայ «ճանչնալու» կամ «յիշելու 1915-1916-թուականներուն հայերու կրած ցեղասպանութիւնը»:  «Ես չեմ գիտեր, թէ ինչպէս կարելի է խօսիլ Առաջին համաշխարհային պատերազմի մասին` առանց անդրադառնալու այն ողբերգութեան, որ տեղի ունեցած է շուրջ 105 տարի առաջ եւ առանց խօսելու ցեղասպանութեան մասին: Երկիրներու ղեկավարներու կողմէ ճանաչումը կամ կոչը բարձր պիտի գնահատուի իմ կողմէն, Հայաստանի եւ ամբողջ հայ ժողովուրդին կողմէ»,- RTS-ին ըսած է Արմէն Սարգսեան:

«Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը պարզապէս ողբերգութեան մը ճանաչում չէ, որ կը վերաբերի մէկ ժողովուրդի: Նախ եւ առաջ անիկա 20-րդ դարու առաջին, ամենամեծ ցեղասպանութիւնն է: Քանի որ ան չկանխուեցաւ, ճանաչում ու դատապարտում չունեցաւ, յետագային եւս 20-րդ դարուն ցեղասպանութիւնները կրկնուեցան»,-շարունակած է նախագահը:

Ուղերձ էրտողանին. «Ներումը կու գայ ճանաչումէն ետք

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Էրտողանին իր ուղերձի վերաբերեալ հարցումին ի պատասխան` Արմէն Սարգսեան ըսած է, թէ պատրաստ է երկխօսութեան եւ յղում ըրած է իր քրիստոնէական համոզումներուն։ Ան չէ բացառած, որ օր մը ներում պիտի ըլլայ, սակայն «ներումը կու գայ ճանաչումէն ետք»: Անոր համոզումով` այդ ճանաչումը պատմական աւելի լայն ընդգրկում պիտի ունենայ, քանի որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը «20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնն էր»:

«Ես նախ եւ առաջ կ’ըսէի Էրտողանին. «Բարի լոյս, պարոն նախագահ: Կը կարծեմ` մենք միասին քննարկելու հարց ունինք: Դուն Թուրքիոյ նախագահն ես, իսկ ես` Հայաստանի: Իմ ընտանիքը, իմ նախնիները Էրզրումէն, Վանէն ու Պիթլիսէն են: Իմ հին ընտանիքը պատմութիւն ունի: Ինչո՞ւ չխօսինք Թուրքիոյ ու Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու մասին, ինչո՞ւ չխօսինք մեր անձնական պատմութիւններու մասին: Մենք պէտք է խօսինք ոչ միայն պատմութեան, այլեւ ապագայի մասին` քու ու իմ երեխաներու, թոռներու ապագային, մեր երկու ժողովուրդներու մասին»: Ես քրիստոնեայ եմ: Քրիստոնէութիւնը կը սորվեցնէ, որ միշտ կայ ներելու հնարաւորութիւն, սակայն ներողամտութիւնը կրնայ միայն յաջորդել ճանաչումին»,-ըսած է նախագահ Սարգսեան:

 «Մէկ տարի ետք Փարիզի մէջ մեծ համերգ` նուիրուած Ազնաւուրին»

Հայաստանի նախագահը յայտնած է, որ պայմանաւորուած է Էմանուէլ Մաքրոնի հետ կազմակերպել բարեգործական մեծ համերգ Շառլ Ազնաւուրի յիշատակին, «Ըստ ամենայնի, 2019-ի Հոկտեմբերին: «Բազմաթիւ երգիչներ եւ դերասաններ պիտի ըլլան», – կ՛ըսէ ան` յիշելով, որ Էմանուէլ եւ Պրիճիթ Մաքրոններու հետ Երեւանի մէջ Ազնաւուր երգած են: «Ես եւ Էմանուէլ Մաքրոնը մեր տիկիններուն հետ այցելեցինք Շառլ Ազնաւուրի թանգարան եւ կեցավայր:  Ես առաջարկեցի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին մէկ տարուայ մէջ կազմակերպել մեծ բարեգործական համերգ Փարիզի մէջ` ի յիշատակ Շառլ Ազնաւուրի:  Յուսով եմ, որ այդ համերգը պիտի ըլլայ 2019 թուականի Հոկտեմբերին: Անիկա պէտք է ըլլայ բարեգործական համերգ, որուն պիտի հրաւիրուին աշխարհահռչակ դերասաններ, երգիչներ: Ես խօսած եմ իմ խումբ մը ընկերներու հետ, որոնք ըսած են, որ իրենց համար մեծ պատիւ պիտի ըլլայ իրենց արուեստը ներկայացնել այդ համերգին»:

Հայաստանի նախագահը RTS-ին տուած հարցազրոյցի ընթացքին խօսած է նաեւ Հայաստանի ճկունութեան մասին: «Մեր երկիրը երիտասարդ է, ան կը գտնուի Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ», -ըսած է ան:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.