Ներկայացուցիչներու Տունը Ընդունած Է Ազրպէյճանի Պատերազմական Յանցագործութիւններու Վերաբերեալ Զեկուցում Ներկայացնելու Մասին Լրացումը

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի ստորին պալատը` Ներկայացուցիչներու տունը ընդունած է 2023 թուականի պիւտճէական տարուան մէջ Ազգային անվտանգութեան յատկացումներու հռչակագիրին ներկայացուած 121-րդ լրացումը, որով կը պահանջուի զեկուցում ներկայացնել Ազրպէյճանի պատերազմական յանցագործութիւններուն վերաբերեալ: Այս մասին հաղորդեց Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը:

Լրացման հեղինակներն են քոնկրեսականներ Թոնի Քարտենասն ու Պրատ Շըրմընը:

121-րդ լրացումը, մասնաւորաբար, արտաքին գործոց նախարարութենէն եւ պաշտպանութեան նախարարութենէն կը պահանջէ ներկայացնել զեկուցում, որուն մէջ մանրամասն կերպով նկարագրուած պիտի ըլլայ, թէ արդեօք Հայաստանի եւ Արցախի դէմ 2020 թուականին Ազրպէյճանի կողմէ կիրարկուած թրքական անօդաչու թռչող սարքերուն մէջ օգտագործուած եղա՞ծ են ամերիկեան արտադրութեան սարքաւորումներ:

Բացի ատկէ, զեկուցումին մէջ պէտք է ներկայացուին Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ սպիտակ ֆոսֆորի, տարանջատուող ռումբերու եւ այլ արգիլուած զինատեսակներու կիրարկման, պատերազմի մէջ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կողմէ օտարերկրեայ ահաբեկիչ վարձկաններու ներգրաւման մասին տեղեկութիւններ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.