Նահատակուած են Փոխ Գնդապետ Գարուշ Համբարձումեանն ու Վաշտի Հրամանատար Սօս Էլբաքեանը

14 Յուլիս 2020-ի, Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը յայտնած էր, որ Հայ-ատրպէյճանական պետական սահմանագօտիի Հիւսիսարեւելեան հատուածին վրայ, հակառակորդի արձակած կրակին պատճառով նահատակուած են Փոխ Գնդապետ Գարուշ Վէմիրի Համբարձումեանն ու Վաշտի Հրամանատար Սօս Փայլակի Էլբաքեանը: Աւելի ուշ, 18:24-ի (Երեւանի ժամով) դրութեամբ, Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը յայտնած էր նաեւ, որ մահացու վէրքեր ստացած են զինծառայողներ՝ կրտսեր սերժանտ Սմբատ Գէորգի Գաբրիէլեանն ուԿրիշա Վահանի Մաթեւոսեանը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.