Նախարար Մնացականեան. «Թուրքիոյ Կողմէ Հայաստանի Միջնադարեան Շրջափակումը Կ՛ոտնահարէ Միջազգային Համաձայնագիրները»

Երեք տասնամեակ շարունակ Թուրքիան կը մերժէ Հայաստանի` դէպի ծով ելք ունենալու իրաւունքը` փակելով ցամաքային սահմանը: Այս միջնադարեան շրջափակումը չի կրնար արդարացուիլ բանականութեան կամ ալ միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէ, քանի որ անիկա ուղղակիօրէն կ՛ոտնահարէ ո՛չ միայն համապատասխան միջազգային համաձայնագիրները, սովորութային իրաւունքը, այլ նաեւ միջազգային համաձայնագիրները: Այս մասին նշեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան` 23 սեպտեմբերին ելոյթ ունենալով դէպի ծով ելք չունեցող զարգացող երկիրներու խումբի` «Համագործակցութիւն ուղղուած Վիեննայի գործողութիւններու ծրագիրի եւ դէպի ծով ելք չունեցող զարգացող երկիրներու կայուն զարգացման նպատակներու արագ իրականացման» նիւթով նախարարական առցանց հանդիպումին:

Նախարար Մնացականեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ «Քորոնա» ժահրի համավարակի պայմաններուն մէջ դէպի ծով ելք չունեցող երկիրներուն առջեւ ծառացած նոր մարտահրաւէրներուն` նշելով, որ համաշխարհային արգելափակման միջոցառումներու ծիրին մէջ դէպի ծով ելք չունեցող զարգացող երկիրները կ՛առերեսուին կայուն եւ ներառական աճի աւելի մեծ սահմանափակումներու: Այս ծիրին մէջ ան կարեւոր նկատեց Վիեննայի գործողութիւններու ծրագիրը եւ անոր արագացուած կիրարկման ճամբու քարտէսի մեկնարկը:

«Երեք տասնամեակ շարունակ Թուրքիան կը մերժէ Հայաստանի` դէպի ծով ելք ունենալու իրաւունքը` փակելով ցամաքային սահմանը: Այս միջնադարեան շրջափակումը չի կրնար արդարացուիլ ո՛չ բանականութեան եւ ո՛չ ալ միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն, քանի որ անիկա ուղղակիօրէն կ՛ոտնահարէ ո՛չ միայն համապատասխան միջազգային ուխտը, սովորութային իրաւունքը, այլեւ միջազգային համաձայնագիրները:

«Հայաստանը լիովին հաւատարիմ է արդիւնաւէտ բազմակողմանի համագործակցութեան` ուղղուած ընդհանուր, միջազգային եւ շրջանային զարգացման: Մենք կը շարունակենք դէպի ծով ելք չունեցող եւ տարանցիկ երկիրներու միջեւ ներառական համագործակցութիւնը դիտարկել իբրեւ հիմնական նախապայման մարդոց, ապրանքներու եւ ծառայութիւններու ազատ տեղաշարժի քաղաքական խոչընդոտներու վերացման, բոլոր ժողովուրդներու տնտեսական ու ընկերային  եւ այլ իրաւունքներու արդիւնաւէտ իրականացման համար: Մարդու իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու, սեռային հաւասարութեան ու ներառականութեան խթանումը, ինչպէս նաեւ ժողովրդավարական արժէքներու ամրապնդումը Հայաստանի համար գերակայութիւններ են` հիմնուած այն ընկալման վրայ, որ մարդու իրաւունքները համընդհանուր են աշխարհի բոլոր մասերուն, բոլոր ժողովուրդներուն եւ անհատներուն համար` անկախ բնակութեան վայրէն կամ կարգավիճակէն:

«Մարդու իրաւունքներու վրայ հիմնուած եւ մարդակեդրոն մօտեցման ապահովումը կը շարունակէ գերակայ տեղ զբաղեցնել արձագանգման եւ վերականգնման ջանքերուն մէջ, եւ Հայաստանը լիովին յանձնառու է անոր: Մարդկային պաշարի ամրապնդումը եւ ազգային տաղանդի ընկալումը` իբրեւ խելացի զարգացման շարժող ուժ կը սահմանէ Հայաստանի բարեփոխումներու եւ վերականգնման օրակարգի էութիւնը, որուն մէջ յատուկ կը շեշտադրուին տեղեկատուական եւ հաղորդակցական արհեստագիտութիւնները, նորարարութեան խթանումը եւ այդ ոլորտներու զարգացումը: Վերջիններս կարեւոր կը նկատուին իբրեւ արդիւնաւէտ գործիք ծախսերու նուազեցման եւ արտաքին շուկաներ մուտքի դիւրացման համար` այդպիսով նպաստելով արտաքին առեւտուրի աճին», նշեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը:

Եզրափակելով ելոյթը` նախարար Զոհրապ Մնացականեան վերահաստատեց Հայաստանի յանձնառութիւնը արդիւնաւէտ ու բազմակողմանի համագործակցութեան` ի զօրակցութիւն Վիեննայի գործողութիւններու ծրագիրին եւ վերջինիս արագացուած կիրարկման ճամբու քարտէսի վեց առաջնային ոլորտներու:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.