Յուշ-Երեկոյ` Նուիրուած Արցախի 44-Օրեայ Պատերազմի Նահատակներէն Գէորգ Հաճեանի Յիսնամեակին
Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի 100-ամեակի ծիրին մէջ Արամ Խաչատրեանի տուն-թանգարանին մէջ կայացաւ յուշ-երեկոյ` նուիրուած ՀՅԴ Պռօշեանի «Դրօ Կանայեան» կոմիտէութեան անդամ, ազատամարտիկ, օփերայի երգիչ Գէորգ Հաճեանի յիսնամեակին, որուն նախաձեռնած էին երաժշտանոցի հրատարակչութեան վարիչ, երաժշտագէտ, հրատարակիչ, հիմնադիր, գլխաւոր խմբագիր Գոհար Շագոյեանը, Գէորգ Հաճեանին կողակիցն ու որդին` Ֆրիտա եւ Թաթուլ Հաճեանները:
Հայրենասէր, ազգային վեհ նկարագիրի տէր Գէորգ Հաճեան նահատակուեցաւ 6 հոկտեմբեր 2020-ին` 44-օրեայ արցախեան պատերազմին, ռազմավարական կարեւորագոյն նշանակութեան բարձունքի ազատագրման համար մղուած ծանր մարտերու ընթացքին` ջախջախիչ հակահարուած տալով թշնամիին:
Ձեռնարկը սկսաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ երէց միաբաններէն, Քանատայի թեմի նախկին առաջնորդ Խաժակ արք. Յակոբեանի աղօթքով, որմէ ետք Գոհար Շագոյեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Գէորգ Հաճեանի նկարագրային հիմնական գիծերուն` դիտել տալով, որ ան երգիչ էր, խմբավար, ուսուցիչ, հասարակական գործիչ, համակարգչային գիտութիւններու տիրապետած անձ, նաեւ` արհեստավարժ մարզիկ: «Երաժշտական աշխարհը կորսնցուց մեծութիւն մը, ազգային իսկական արժէք մը», շեշտեց Շագոյեան` աւելցնելով, որ գրաբարի եւ շարականներու` Հաճեանի լաւ իմացութեան շնորհիւ ան մնայուն կերպով օգնած է իրեն եւ ընդհանրապէս տպագրական-մատենագիտական աշխատանքներուն: Ըստ անոր, անճիշդ ու սուտ է այն ասացուածքը, որ անփոխարինելիներ չկան, որովհետեւ կան նմաններ, որոնց մահով իրենց տեղը իսկապէս թափուր կը մնայ, եւ Գէորգի նահատակութեամբ նման բաց մը ստեղծուեցաւ հայկական իրականութեան մէջ:
Գեղարուեստական բաժինի բացումը կատարեց ազատամարտիկ Գէորգ Հաճեանի որդին` Թաթուլ Հաճեանը, որ կատարեց իր իսկ յօրինած եւ հօրը նուիրած երգը` «Իմ անուշ հայրիկ», նախ ներկայացնելով անոր ստեղծման պատմութիւնը: «Նման երգի մը միտքը յղացած էի 2008 թուականին. հայրս կրկին մեկնած էր: Կը յիշեմ` երբ հայրս կ՛երթար երգահանդէսներու, ես միշտ ալ կը մնայի իր կարօտով: Այն ժամանակ հասկցայ, որ հօրս կարօտը սփոփող երաժշտութեան, երգի, խօսքի կարիքը ունիմ: Այսպէս ծնաւ այս երգը: Գրած էի մէկ տուն, աւարտեցի անցեալ տարի` մարտ-ապրիլ ամիսներուն, երբ Գերմանիա էի: Երգը կ՛եզրափակուի այսպէս` «Հայր ասելիս, հայրենիքիս կանչն եմ ես լսում` Մուսա Լեռից մինչեւ Արցախ կարօտդ եմ շնչում»:
Այս առիթով խօսք առաւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Սանտրա Վարդանեանը, որ շեշտեց, թէ հերոսացած ՀՄԸՄ-ական, բեղմնաւոր կեանք ապրած, արժէքաւոր ժառանգութիւն ձգած Գէորգ Հաճեան գործով մարմնաւորեց միութեան «Կամաւոր բանակ»-ի հասկացողութիւնն ու պարտաւորութիւնը` իր կեանքը նուիրելով հայրենիքին, առանց վարանելու, գաղափարապէս եւ հոգեպէս ամուր եւ խրոխտ, ինչպէս էին անոր բնաւորութիւնն ու անսպառ ձայնը: «Եղբայր Գէորգը միշտ ոգեւորուած էր ու ոգեւորող, մեծին եւ փոքրին հետ նոյն մտերմիկ մօտեցումով, մեր սկաուտներէն շատ շատեր զայն իրենց մտապատկերին մէջ պիտի պահեն իբրեւ խմբավար մը, որ իրենցմէ աւելի ոգեւորուած, իրենց քայլերգ կը սորվեցնէր` մասնաճիւղէ մասնաճիւղ անխոնջ շրջելով, իսկ դադարի ժամերուն տղաքը կ՛ոգեւորէր իր ազգային, գաղափարական միտքերով: Մենք տարբեր առիթներով կը հաստատենք, որ մենք մեր հերոսներուն բացակայ պիտի չդնենք, որովհետեւ անընդհատ եւ միշտ պիտի յիշենք զանոնք, նաեւ փորձելով իրենց հաւատարիմ մնալով` ստեղծել մնայուն արժէքներ, որոնք կը կրեն մեր զոհուած եղբայրներուն անունները` ստիպելով մեզի ոչ թէ խօսքի, այլ գործի ընդմէջէն շարունակել անոնց ուղին»:
Մարգարիտա Սարգսեան` Գէորգ Հաճեանի երկար տարիներու դաշնակահարուհին, իր խօսքին մէջ նշեց, թէ համոզուած է, որ եթէ Գէորգը երկինքէն տեսնէր մեզ ու լսէր զիրենք, պիտի ըսէր, որ ինք շատ երջանիկ է, որովհետեւ զոհուեցաւ յանուն հայրենիքին, որովհետեւ «ինք խենթ էր` խորունկ եւ լաւ իմաստով, ինք խենթ էր` իբրեւ հայ, իբրեւ հայրենասէր, իբրեւ հայու զաւակ»: Ըստ Սարգսեանի, Գէորգ Հաճեանին համար ասոնք էական բաներ էին, որոնցմով կը շնչէր ու կ՛ապրէր ան, եւ որոնք հարազատութեամբ ու անկեղծութեամբ կ՛արտացոլային անոր երգերուն ու ձայնին ընդմէջէն: Ան ցաւ յայտնեց, որ նման «խենթ» մը կորսնցուցինք, որովհետեւ Գէորգի նմանները հայրենիքը կը պահէին հզօր ու անսասան, իսկ հայրենասիրական երգերու մատուցման մէջ ինք եզակի էր ու անկրկնելի:
Գէորգ Հաճեանի մասին վկայութիւն տուաւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Տիգրան Պապիկեանը, որ զայն անուանեց մշակոյթի զինուոր, որուն ազգասիրական-հայրենասիրական պատերազմին մեկնակէտը արցախեան 44-օրեայ պատերազմը չէր: «Աւելի քան 25 տարիներէ ի վեր ան կը պայքարէր մշակոյթի պահպանման ի խնդիր, որովհետեւ ան կը հաւատար, որ երկրի մը հզօրացման եւ զօրութեան, ազգի մը յարատեւման հիմքը զօրաւոր մշակոյթն է: Գէորգ այս պայքարը տարաւ իր ձայնով, իր երգերով, ան կրցաւ պահպանել հայկական երաժշտութիւնը, յատկապէս` Կոմիտասի, եւ զանոնք ներկայացուց մաքրամաքուր կերպով, առանց աղաւաղելու լեզուն: Պտտեցաւ քաղաքէ քաղաք, երկրէ երկիր եւ մեծերն ու փոքրերը դաստիարակեց մշակոյթով»: Տ. Պապիկեան դիտել տուաւ, թէ Գէորգ Հաճեան այն երանելիներէն է, որ իր մահով անմահացաւ եւ նուաճեց այն բարձունքը, որուն քիչերը արժանի են, իսկ մենք իրաւունք ալ չունինք դէպի վեր նայելու, որովհետեւ անոնք քալեցին այն ճամբէն, գացին այն համոզումով, այն պարտաւորութեամբ, որ հայութեան եւ երկրին համար պէտք է նուիրել ամէն ինչ, թէկուզ` կեանքը: «Անոնք չմահացան, գէորգները անմահ են, անոնք յիշատակներ չեն կրնար դառնալ, որովհետեւ ներկայութիւն են մեր կեանքին մէջ եւ այդպէս ալ պիտի մնան», ըսաւ Տիգրան Պապիկեան` շեշտելով, որ նահատակներուն պատգամը կենդանի կը մնայ եւ մեր ուսերուն կը դնէ երկիրը հասցնելու այն վիճակին, որուն համար անոնք անսակարկ կերպով իրենց կեանքը նուիրեցին: Ըստ անոր, մենք կը զօրանանք մեր նահատակներով, որոնք մեզի կու տան ուժը` տէր կանգնելու երկրին եւ մեր արժէքներուն:
Սագօ Արեան` Հաճեանի ընկերներէն, իր սրտի խօսքին մէջ ըսաւ. «Գէորգը տարբեր տեսակի ընկեր էր` կեանք ստեղծող, յարաշարժ, եռանդուն եւ բոլոր առումներով` աշխուժ: Ան ազատութեան մեծ սիրահար էր, ազատութեան մարտիկ, ու ատոր համար էր, որ իր համար Արցախը սիրելի էր: Արցախի բացատները, անոր անառիկ սարերն ու խորունկ կիրճերը Գէորգին համար ապրելու տարերք էին: Ազատութեան զինուոր մնաց մինչեւ իր կեանքի վերջին պահը եւ, անոր հոգիի խորերէն բխող ձայնը սաւառնեցաւ ու խառնուեցաւ մեր անառիկ լեռներու երգերուն»: Արեան հաստատեց, որ Գէորգ Հաճեան սիրեց այս հողը ու այդ սէրը արտայայտեց մշակոյթի ճամբով, սիրեց ու սիրցուց մեր երգերը, երգեց ամէն այգի, երգեց ամէն առիթի ու աւարտին ալ երգելով գնաց միանալու մեր անմահ հերոսներու մեծ փաղանգին: «Գէորգը անմահ-անմեռ է, ու անոր յիշատակը յաւերժ պիտի մնայ մեր հոգիներուն մէջ, Գէորգը յաւերժօրէն մեր մէջ է. յարգա՛նք իր յիշատակին», եզրափակեց ան:
Նառա Առաքելեան, որ Քուէյթէն նուագակցած է Գէորգին եւ եղած է քառաձայն երգչախումբին դաշնակահարուհին` 2000 թուականէն, ըսաւ, որ Գէորգին գործը ընելու համար մարդ քանի մը կեանքի կարիք պիտի ունենայ, հաստատելով, որ Գէորգ Հաճեանի անունը ոսկի տառերով փորագրուեցաւ Հայաստանի մշակոյթի ու արուեստի էջերուն մէջ:
Իր սրտի խօսքը արտասանեց նաեւ Գէորգ Հաճեանի «Յարատեւ կռիւ» երգի բեմագիր ու բեմադրիչ Սամուէլ Թադեւոսեանը, որ խօսեցաւ երգի տեսահոլովակի նկարահանման ընթացքին Հաճեանի հետ ունեցած փորձառութեան մասին:
Հայաստանի` Ղարաբաղեան պատերազմի վեթերաններու միութեան կողմէ Գէորգ Հաճեանին յետմահու տրուեցաւ «Կոմիտաս» մետալ, զոր ստանձնեց Գէորգին կինը` Ֆրիտա Հաճեանը:
Երեկոյին ընթացքին հնչեցին երաժշտական կատարումներ, ցուցադրուեցան Հաճեանի մասին տեսաժապաւէններ, ինչպէս նաեւ Գէորգ Հաճեանի մտերիմներն ու հարազատները` հոգեւորականներ, երաժիշտներ եւ այլ անձնաւորութիւններ անձամբ կամ նամակներու ճամբով իրենց վկայութիւնը տուին Գէորգ Հաճեանին եւ անոր երաժշտական բեղուն ուղիին մասին: Նամակներն ու վկայութիւնները մէջընդմէջ կարդացին Ցոլեր եւ Յաւերժ Շխրտըմեանները` Գէորգ Հաճեանի հօրաքրոջ թոռները:
***
Նշելով, որ նոյն օրը կէսօրին` ժամը 12:00-ին, ընտանեկան պարագաներ, հարազատներ եւ ընկերներ այցելեցին Պռօշեանի Զօրաց պանթէոն, ուր կը հանգչի նահատակ Գէորգ Հաճեան, եւ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին անոր անմեռ յիշատակին:
Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ եպս. Գալստանեան աղօթեց Գէորգ Հաճեանի հոգիին համար, նաեւ հաստատեց, որ Գէորգ Հաճեանն ու մեր նահատակները յաղթած բաժնուեցան այս անցաւոր կեանքէն եւ գացին դէպի յաւերժութիւն, առանց գիտնալու, որ մենք պարտուեցանք: Ան դիտել տուաւ, որ մենք հասարակ մահկանացու ենք, իսկ նահատակները հերոսներ են եւ արժանի յաւերժութեան: