«Յուլիսեան Գործողութիւններու Դադարէն Ետք Հրադադարի Խախտումները Կրկնակի Աւելցած Են». Դաւիթ Տօնոյեան

Յուլիսեան գործողութիւններուն դադարէն ետք, Տաւուշի ուղղութեամբ հակառակորդին կողմէ հրադադարի խախտումները գրեթէ կրկնակիօրէն աւելցած են: Այս մասին յայտնեց պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան՝ Ազգային ժողովին մէջ կառավարութեան անդամներուն հետ հարցում-պատասխանի բաժինին ընթացքին, պատասխանելով «Իմ Քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Տաթեւիկ Հայրապետեանի հարցումին։

Ան յիշեցուց, որ Ազրպէյճանի հերթական սադրանքին պատճառով, զինուոր մը զոհուած է, եւ հետաքրքրուեցաւ սահմանային իրավիճակով:

«Յուլիսեան գործողութիւններու՝ համեմատաբար դադարէն ետյ տուեալ ուղղութեան վրայ հրադադարի խախտումները գրեթէ կրկնակի աւելցած են: Յոյս ունինք, որ մեր զինուած ուժերու համապատասխան գործողութիւններու արդիւնքով դադարը պիտի պահպանուի եւ նպաստելու բանակցային գործընթացին»,- ըսաւ նախարարը եւ յայտնեց, որ պատասխան գործողութիւնները համարժէք են:

Նախարարը նշեց նաեւ, որ ազրպէյճանական զինուած ուժերու ստորաբաժանումները կը կատարեն ամրաշինական աշխատանքներ՝ փորձելով չէզոքացնել հայկական կողմի սահմանապահներուն եւ դիրքերու գերակայութիւնը եւ առաւելութիւնը: «Այդ իսկ պատճառով կ՛օգտագործուի տարբեր տրամաչափի զէնք: Այս իրավիճակը արդէն մօտ երկու շաբաթ է: Մենք տեղեկատուական զսպուածութիւն ցուցաբերած ենք: Այս ամբողջ դէպքերու վերաբերեալ տեղեկատուութիւնը կը տրամադրուի համանախագահներուն, ԵԱՀԿ գլխաւոր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչը տեղեկացուած է, մենք քանի մը անգամ զգուշացուցած ենք, որ առկայ չէ այս իրավիճակի ոչ-պատշաճ զարգացումներու վտանգներու նուազեցման որեւէ գործիքակազմ: Այսօր, ցաւօք, ունինք զոհ: Համապատասխան միջոցներ կը ձեռնարկուին: Ազրպէյճանի ՊՆ-ն յայտնած է իր մտահոգութիւնը, զգօնութիւնը բարձրացուցած, այդ մտահոգութիւնը մեզի համար կանխատեսելի է, քանի որ համապատասխան գործողութիւններ պիտի իրականացուին», յայտնեց Տօնոյեան:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.