Յարգանքի Տուրք` Հրայր Մարուխեանի Յիշատակին

19 դեկտեմբերին` Հրայր Մարուխեանի ծննդեան օրը դաշնակցականները յարգանքի տուրք մատուցեցին անոր յիշատակին:

Հրայր Մարուխեանը ՀՅԴ-ի եւ սփիւռքի ազգային կառոյցներու կարողականութիւնը ուղղորդեց դէպի արցախեան խնդիրը, եւ արցախեան ազատամարտի ժամանակ թէ՛ նիւթական, թէ՛ ալ նաեւ ռազմական միջոցներով կը կազմակերպէր Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան դաշնակցական խումբերու զինումը` «Երկիր»-ին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ անդամ Բագրատ Եսայեան:

Հրայր Մարուխեան ՀՅԴ-ի անդամ էր 1950-էն, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ` 1963-էն:

«Մինչեւ Հայաստանի անկախանալը ընկեր Հրայրը մեծագոյն դերակատարութիւն ունեցած է սփիւռքի հասարակական-քաղաքական կեանքին մէջ` ըլլալով ՀՅԴ Բիւրոյի երկարամեայ ներկայացուցիչ 1970-ական թուականներէն մինչեւ իր կեանքի վերջը: Ան հիմնադիրը եղած է հայկական նորօրեայ զինեալ պայքարի` 70-ական թուականներուն: Անկէ ետք շատ բնական է, որ երբ Խորհրդային Հայաստանի մէջ ազգային զարթօնքը սկսաւ, ընկեր Հրայրը պէտք է ըլլար այն ղեկավարը, որ անմիջապէս արձագանգեց, եւ 1988-ին հրաւիրուած Ընդհանուր ժողովին հնչեց Դաշնակցութեան կոչը, որն էր` «Դէպի Երկիր», եւ անկէ ետք Դաշնակցութիւնը սկսաւ իր կազմակերպական վերընձիւղումին հայրենիքի մէջ», ըսաւ Բագրատ Եսայեան:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.