Յայտարարութիւն ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի

Արցախի քառասունչորսօրեայ պատերազմի ընթացքին Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական եւ Ուսանողական միութիւնները իրենց ամբողջ ներուժով նետուեցան Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան եւ օժանդակութեան սուրբ գործին։

Մարտական գործողութիւններու մասնակցելով, արտաքին-յարաբերական, տեղեկատուական-քարոզչական, մարդասիրական աշխատանքներու ճամբով՝ դաշնակցական երիտասարդները բուռն պայքար մղեցին՝ պաշտանելու Արցախը եւ արցախահայութիւնը, այդ նպատակին համար անոնցմէ շատեր զոհաբերեցին իրենց կեանքը: Փա՛ռք բոլոր անմահացածներուն։

Այսօր, նոյն նուիրումով, աշխարհասփիւռ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական եւ Ուսանողական միութիւնները իրենց ներդրումը կը բերեն յանուն պատերազմի հետեւանքներու վերացման եւ Արցախի վերականգման։
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակի նախաձեռնած տարաբնոյթ ծրագիրները համակարգելու եւ իրականացնելու նպատակով՝ գրասենեակը ժամանակաւորապէս տեղափոխուած է Ստեփանակերտ։

Նախաձեռնութիւններու հիմնական ուղղութիւններն են․

-Երիտասարդական մասնագիտական դասընթացքներ._ Արցախի երիտասարդութեան կարողականութեան եւ հմտութիւններու զարգացման նպատակով՝ Արցախի հեռանկարային անհրաժեշտ ոլորտներու նուիրուած դասընթացքներու կազմակերպում:

-Ծրագիրներու կամաւոր ներդրում._ Կամաւորական աշխատանքներու ճամբով Արցախի տարբեր հաստատութիւններուն համար Հ.Յ.Դ. Երիտասարդներու մասնագիտական ներուժի տրամադրում։

-Պատանեկան բնագաւառ._ Դաստիարակչական-ժամանցային բնոյթի տարբեր միջոցառումներու կազմակերպում, Արցախի պատանիներու բարոյահոգեբանական վիճակի բարելաւման ուղղուած աշխատանքներ։

-Մարդասիրական օժանդակութիւն._ Տեղահանուած ընտանիքներու եւ նահատակուած, վիրաւորուած, հաշմանդամ դարձած զինուորներու եւ անոնց ընտանիքներուն բարեսիրական եւ նիւթական օժանդակութիւններու տրամադրում։

Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական եւ Ուսանողական միութիւնները կը մնան հաւատարիմ իրենց ստանձնած յանձնառութեան՝ արցախեան գոյամարտը հասցնելու իր յաղթական աւարտին եւ վերականգնելու Արցախի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը։

Արցախահայ երիտասարդը պիտի մնայ, ապրի ու ստեղծագործէ իր հայրենիքին՝ Արցախի Հանրապետութեան մէջ։

Կոչ կ՛ուղղենք համայն հայ երիտասարդութեան՝ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական եւ Ուսանողական միութիւններու ճամբով մասնակից դառնալու այս ծրագիրներուն եւ իրենց բոլոր հնարաւորութիւններով կանգնելու Արցախի եւ արցախցիի կողքին՝ յետպատերազմեան ծանր իրավիճակը միասնաբար դիմագրաւելու եւ դժուարութիւնները յաղթահարելու նպատակով։

Արցախը հայ երիտասարդութեան անխոնջ պայքարի կիզակէտն է ու պիտի մնայ:

ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակ
24 փետրուար 2021թ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.