«ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ԲԱՆԱՁԵՒԻՆ ՓՈԽԱԿԵՐՊՈՒՄԸ» ՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՄԱՆ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐՈՒ ՄԷՋ

Խ. Տէր Ղուկասեան

“… as we know, there are known knowns; there are things we know we know. We also know there are known unknowns; that is to say we know there are some things we do not know. But there are also unknown unknowns—the ones we don’t know we don’t know…” (Donald Rumsfeld)

Անկախութեան Օրուան «գունագեղ» տօնակատարութիւնը աւարտեցաւ: Կատարողական արուեստի մասնագէտներ կրնան իրենց գնահատականը տալ միջոցառման գեղագիտական որակի ու մակարդակի մասին: Փաշինեանի հետևորդներուն և հիացողներուն համար գնահատականը բարձր է, և ամէն պարագայի բարձր պիտի ըլլար: Ընդդիմադիրները յիշեցուցին, որ անկախութեան հռչակման 30-րդ տարեդարձին յատկանշականօրէն բացակայ էր զինուորական տողանցքը:

Հայաստանի սահմաններուն և միջազգային յարաբերութիւններու ոլորտին մէջ սակայն կացութիւնը շատ հեռու է «գունագեղ» ըլլալէ: Ոչ միայն թուրք-ազրպէյճանական ակնբախ և շարունակուող սպառնալիքին պատճառով: Նոյնիսկ Հայաստանի դաշնակից ու բարեկամ երկու երկիրները, Ռուսաստանն ու Իրանը, այնքան ալ չեն առարկեր թուրք-ազրպէյճանական պահանջներուն ի դէմս Սիւնիքի վրայով դէպի Նախիջևան միջանցքի և տէ ֆաքտօ ստեղծուած սահմանազատման ու սահմանագծման: Մոսկուա դրական կը գտնէ տարածաշրջանի հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակումը, առանց այնքան մանրամասնելու թէ ի՛նչ կը նշանակէ այդ: Իրան Հայաստանի իշխանութիւններուն կը թելադրէ արագացնել այլընտրանքային ճանապարհներու կառուցումը որպէսզի իրանական բեռնատարերը շրջանցեն հայկական հողի վրայ ազրպէյճանական ուժերու ստեղծած խոչընդոտները: Ազրպէյճանական ուժերու ներկայութիւնը հայկական հողի վրայ Թեհրանի խնդիրը չէ: Հայաստանի իշխանութիւնները, ի դէպ, աւելի քան համաձայն են դրացի երկրի խորհուրդին. ազրպէյճանական ուժերու առօրեայ նուաստացումներուն վարժուած են, կ’ուզեն որ ժողովուրդն ալ վարժուի:

Հայրենի քաղաքական դասը, իշխանութիւն և ընդդիմութիւն, կարծես չի՛ գիտակցիր ազգային անվտանգութեան հարցի լուծման համար Հայաստանի միջազգային մեկուսացման տարողութեան: Այլապէս, ե՛ւ իշխանութիւն ե՛ւ ըննդիմութիւն պիտի հասկնային, որ, անկախ ներազգային բոլոր տարակարծութիւններէ, Թուրքիոյ և Ազրպէյճանի արտաքին սպառնալիքի դիմագրաւման համար անհրաժեշտ է համախոհութեան նուազագոյն եզր մը ունենալ, առնուազն բաց պահել տիալոկի պաշտօնական և անպաշտօն ուղիները: Իշխանութիւնը, որ կարծես կ’ուզէ անտեսել թուրք-ազրպէյճանական սպառնալիքը և կը համակերպի միակողմանի զիջումներու, ի բացակայութիւն արտաքին յենարանի միայն ներքին միասնականութեան գործօնին է, որ պիտի վստահի զսպելու համար Ազրպէյճանի կողմէ տարբեր միջոցներով շարունակուող յարձակողականը: Ընդդիմութիւնը, որ իշխանութիւններուն հեռացումը նախապայման կը նկատէ արտաքին սպառնալիքի չէզոքացման, իր կարգին պէտք է անդրադառնայ որ մինչ այդ նպատակի իրագործումը անհրաժեշտ է ներկայ հանգրուանին յետ-պարտութեան վնասուց վերահսկողութեան քաղաքականութիւն՝ նուազեցնելու համար իշխանութիւններու կամայ թէ ակամայ միակողմանի զիջումներու երթալու հակամէտութիւնը:

Տակաւին առանց նշելու  ներազգային քաղաքական համախոհութեան անհրաժեշտութիւնը՝ Սփիւռքի զօրաշարժը վերակենդանացնելու համար: Անցնող երեսուն տարիներու ընթացքին ոչ մէկ իշխանութիւն այսքան ապիկար, անփոյթ և անլուրջ վերաբերմունք ունեցած է սփիւռքեան համայնքային հաստատութիւններու թէ համահայկական կազմակերպութիւններու նկատմամբ: Իսկ ընդդիմութեան պատգամը Սփիւռքին կարծես պարզ և մեկին հրաւէր մըն է որ միանայ իշխանութիւններու հեռացման իր պայքարին առանց երբեք անդրադառնալու, որ գործնական իմաստով այնքան ալ յստակ չէ թէ այդ մէկը հրապարակային դիրքորոշումներէ անդին ի՞նչ կրնայ նշանակել: Այս քննադատական անդրադարձը ե՛ւ իշխանութիւններուն, ե՛ւ ընդդիմութեան, չի նպատակադրեր Սփիւռքի յետ-Քառասունչորսօրեայ Պատերազմի շփոթ վիճակը արդարացնել: Ընդհակառա՛կը, միայն ինքնուրոյն մտածելու կարողութեան տէր սփիւռքեան կազմակերպուած համայնքներն են, որ պիտի կարենան գործնականօրէն ցոյց տալ թէ ինչպէս կարելի է համակարծիք թէ տարակարծիք ըլլալ օրուայ իշխանութիւններու քաղաքականութեան նկատմամ, և, միաժամանակ, նեցուկ կանգնիլ անկախ պետականութեան:

Օրուայ իշխանութիւնները տարբերել պետականութենէն տեսական սկզբունք մը է, որ գործնականին մէջ անխուսափելիօրէն կը վերաբերի քաղաքական գործընթացի մէջ առնուած որոշումներուն, հրապարակային պաշտօնական հռետորութեան, ինչպէս նաև անոնց հակազդեցութեանց ու բացած հեռանկարներուն: Այս իմաստով, Անկախութեան Օրուան նշումին մէջ յարաբերաբար մակերեսային է քննել «տօնակատարութիւն» անցկացնելը թէ նման միջոցառումէ զերծ մնալը, կամ Վարչապետին հաւանաբար շատ չմտածուած «գունագեղ» բառին հնչեղութեան անդրադառնալը: Աւելի խորքային է Սետպետմբեր 21-ի իր ելոյթին մէջ տեղ գտած հետևեալ պարբերութեան վերլուծումը, որպէս հեռանկարային ծրագրի մը նախապատրաստական պատգամ՝ ի լուր համայն հայութեան.

«Պատմութիւնը ցոյց է տուել, ապացուցել է, որ յաղթանակը պատերազմում միշտ չէ, որ դարձել է յաղթանակ, նոյնկերպ եւ՝ պարտութիւնը պատերազմում միշտ չէ, որ դարձել է պարտութիւն: Մենք մեր պարտութիւնը պիտի փոխակերպենք յաղթանակի, բայց պիտի փոխակերպենք նաեւ յաղթանակի մեր բանաձեւը, որովհետեւ՝ պատմութիւնը դա է ցոյց տուել, որ յաղթելու համար պարտադիր չէ, երբեմն նոյնիսկ պէտք չէ յաղթել ուրիշներին: Յաղթել՝ նշանակում է յաղթել յուսահատութեանը, յաղթել անելանելիութեանը, յաղթել՝ ճակատագրին, յաղթել մահուանը»:

Վարչապետի Անկախութեան օրուան խօսքին այս հատուածին առաջին նախադասութիւնը հանրային ինչ որ քննարկումի արժանացաւ: Փորձ կատարուեցաւ հասկնալու որպէս թէ պատմական փորձի իմաստաբանութեան այս քաղաքական ալքիմիան, ընդ որում պատերազմին յաղթանակը երբեմն պարտութեան կը վերածուի, և հակառակը: Նուազ ուշադրութեան առարկայ եղաւ պարտութիւնը յաղթանակի վերածելու բառախաղային աճպարարութիւնը՝ «պիտի փոխակերպենք նաև յաղթանակի մեր բանաձևը»: Երևի այնքան ալ մութին մէջ չձգելու համար հանրութեան, Վարչապետը իր խօսքին այս պարբերութիւնը կ’աւարտէ բացատրելով, որ կարևոր չէ յաղթել ուրիշին այլ՝ «յուսահատութեան», «անելանելիութեան», «ճակատագրին», «մահուան»… ամբողջ էպիկական երթի հրաւէր մը, որուն կոնկրետացումը, առնուազն ըստ Վարչապետի խօսքին, Երևանի բուսաբանական այգիին մէջ Արցախեան բոլոր պատերազմի նահատակներուն ներկայութիւնը խորհրդանշող Կեանքի պուրակի մը հիմնադրումն է: Կառավարութեան մէջ «երկար ժամանակէ ի վեր քննարկուող» այդ ծրագիրը, Փաշինեանին համաձայն, պիտի խորհրդանշէ «Հայաստանի Հանրապետութեան պատմութեան նոր դարաշրջանի մեկնարկը, խաղաղ զարգացման դարաշրջանի մեկնարկը:»

Ոչ ոք կրնայ առարկել Արցախեան պատերազմներու նահատակներուն ներկայութեան խորհրդանշացման նոր նախաձեռնութիւն մը: Ըստ Վարչապետին, կառավարութեան այս նախաձեռնութեան «նոր»ութիւնը կը կայանայ կենաց պուրակ, և ոչ թէ՝ յուշակոթող, ըլլալուն մէջ: Ան որ կ’ուզէ թող բանավիճի այս տարբերութեան իմաստին ու կարևորութեան մասին: Սակայն ինչ գնահատականի ալ որ յանգի եզրակացութիւնը նոյնն է. նախաձեռնութիւնը խորհրդանշականէն անդին չ’անցնիր: Ճիշդ է, որ Փաշինեանի շատ ելոյթներու մէջ արտայայտուած մտքերը ընդհանրանպէս պատեհապաշտ խորհրդանշանակութեամբ կը բանաձևուին, մանաւանդ երբ այնքան ալ յստակ չըլլայ իր փոխանցելիքը, անոնցմէ ոմանք իր ամբոխահաճոյ էքստազի պահերուն յատուկ են -«Արցախը Հայաստան է, և վե՛րջ»- և կրնան շատ դառն հետևանքներ ունենալ: Բայց Անկախութեան Օրուան իր խօսքը, շատ հաւանաբար աւելի մտածուած քան ուրիշներ, որոնք պահի թելադրանքին վրայ արտասանուած են, փաշինեանական պատեհապաշտութեան պահի ծնունդը չէ: Ճիշդ է նաև, որ Վարչապետին և ոչ մէկ խօսք արդէն իսկ լուրջի առնելու, կամ իր որևէ ելոյթ արտաքին ուժերու պատուէր և, հետևաբար, դաւաճանութիւն, նկատողներու մեծ հատուած մը ժամանակի կորուստ պիտի հաշուէ այն, ուր, ի դէպ, և ոչ միայն պարզ զուգադիպութեամբ, օրուայ ամենահրատապ հարցերու ոչ մէկ անդրադարձ կայ: Այդուհանդերձ, պէտք չէ այնքան ալ աննկատ ձգել մանաւա՛նդ «յաղթանակի բանաձևի փոխակերպման» յղացքին ենթահողային և հեռանկարային պատգամները: Հոն է Անկախութեան Օրուայ իր պատգամին քաղաքական բովանդակութիւնը:

Նախ՝ պատերազմին յաղթանակը պարտութիւն և պարտութիւնը յաղթանակ համարելու Պատմութեան «ապացոյցեր»ուն մասին:

Իրականութեան մէջ, Պատմութիւնն այնքան պրպտելու պէտք չունինք: Արցախեան առաջին պատերազմի յաղթանակը չամրագրուեցաւ, 1994-ի զինադադարով ստեղծուած սթաթուս քուօ-ի պահպանումը վերածուեցաւ քաղաքականութեան, Ազրպէյճանը չընդունեց իր պարտութիւնը, և Քառասունչորսօրեայ Պատերազմին կացութիւնը շրջադարձ կատարեց: Այս իրողութիւն մըն է, որուն յիշեցումը չի՛ նշանակեր Փաշինեանի «իմաստութեան» տուրք տալ: Ընդհակառակը, քննարկումը անհրաժեշտ է՝ պարտութիւնը չընդունելու և յաղթանակի վերածելու քաղաքական կամքը ցուցաբերելու և անհրաժեշտ ռազմական ու դիւանագիտական նախապատրաստութիւններուն ձեռնարկելու համար: Կրկին և միշտ պիտի յիշեցուի, որ այդ մէկը կարելի պիտի ըլլար, կենսականօրէն անհրաժեշտ էր, եթէ Նոյեմբեր 9-էն անմիջապէս յետոյ կեանքի կոչուէր պատերազմին պատճառներու, ընթացքի և հետևանքներու հետաքննութեան յանձնաժողով մը, որուն եզրակացութիւններու հիման վրայ թերևս կարելի ըլլար առաջացնել ազգային համախոհութիւն մը՝ պարտութիւնը յաղթանակի վերածելու հեռանկարով:

Այդ մէկը չեղաւ:

Իշխող քաղաքական ուժը և խորհրդարանական մեծամասնութիւնը մերժեցին այն որովհետև առաջնահերթային էր իշխանութեան վրայ մնալը, ինչ որ և իրենց յաջողուեցաւ Յունիս 20-ի ընտրութիւններով: Նոյեմբեր 9, 2020-էն մինչև Յունիս 20, 2021, իշխող քաղաքական ուժը չկարողացաւ լուծել յետ-պարտութեան ամենահրատապ հարցերէն և ոչ մէկը, բացի իշխանութեան վրայ մնալու իր առաջնահերթային խնդիրէն: Ընդհակառակը, նուաստացուցիչ եռակողմանի յայտարարութեան թէ այլ ծանօթ ու անծանօթ փաստաթուղթերու իւրայատուկ մեկնաբանութեամբ, Ազրպէյճանն ու Թուրքիան, հողի վրայ թէ միջազգային յարաբերութիւններու ոլորտին մէջ, նոր կացութիւններ ստեղծեցին և շարունակեցին իրենց յառաջխաղացքը՝ Հայաստանէն թիզ առ թիզ հողատարածք վերցնելով:

Իշխանութեան վրայ իր շարունակականութիւնը ապահոված Յունիս 20, 2021-ի ընտրութիւնները այդուհանդերձ Փաշինեանին վարկը թէ բանակցութեան կարողականութիւնը չամրապնդեցին արտաքին ճակատի վրայ: Ընդհակառակը, Ազրպէյճանին, Թուրքիոյ և շատ հաւանաբար Հայաստանի գլխաւոր դաշնակիցին համար ողջունելի էր բանակցութեանց սեղանին վրայ ունենալ պատերազմին պարտուած, թշնամիին ծաղրուծանակի առարկայի վերածուած և դաշնակիցին կողմէ պարզապէս անտեսուած քաղաքական ղեկավար մը, որ, առաւել, ներազգային ոլորտին մէջ յամառօրէն շարունակելով քաղաքական բևեռացման իր ընթացքը, իշխանութեան վրայ մնալը գերադասելով համազգային համախոհութեան ամէն նախանձախնդրութենէ, անխուսափելի դարձուց ընդդիմութեան արմատականացումը, և, հետևաբար, ներազգային անկայանութեամբ ու պառակտումով արտաքին ճակատի վրայ իր դիրքը աւելի տկարացուց:

Ներազգային և արտաքին քաղաքական այս ոլորտը կարևորութեամբ նկատի պիտի ունենալ հասկնալու համար «յաղթանակի մեր բանաձևի փոխակերպումի» հեռանկարային իմաստը, որ բանաձևուած է որպէս «խաղաղ զարգացման դարաշրջանի» սկիզբ տալու նախանձախնդրութիւն, այն ալ տարածաշրջանային մասշտապով: Թէ Վարչապետը պատմական ինչ ապացոյց ունի, որուն հիման վրայ արտաքին ճակատի վրայ իր թշնամիներուն, բարեկամներուն թէ ընդհանրապէս Հայաստանով ու Կովկասով քիչ թէ շատ հետաքրքրուած համաշխարհային հանրութեան հատուածին պիտի համոզէ, որ միջազգային յարաբերութիւններու մէջ ոչ մէկ մասնաւոր շահագրգռութիւն ներկայացնող փոքր երկիր մը երբևիցէ կարողացած է պատերազմի մէջ իր պարտութիւնը յաղթանակի վերածել՝ հարցական է: Թերևս, ինչպէս մօտիկ անցեալին, տակաւին կը կարծէ որ իր «անարիւն Թաւշեայ Յեղափոխութիւնը» իրեն կու տայ Վաշլաւ Հավէլի կամ Նելսոն Մանտելայի մը վարկը, որպէս խաղաղութեան առաքեալ: Այդ պարագային, սակայն, շատ ուշադիր պիտի ըլլայ ժամանակին իր կողմէ կիրթ ու գրագէտ համարուած Ալիևի դիւանագիտական նոր արշաւին, որ կը նպատակադրէ պատերազմին պարտուած Հայաստանին ներկայացնել որպէս նախայարձակ և իսկական պատասխանատու անմարդկային բոլոր այն ոճիրներուն, որ Ազրպէյճանը գործած է և կը գործէ: Այսինքն, Վարչապետը պիտի հասկնայ, որ կրնայ պատահիլ որ պատերազմի պարտութիւնը ըլլայ երկրորդ պարտութիւն, և ինքզինքին հարց տայ, որ արդե՞օք Ազրպէյճանի կողմէ հայկական հողերու նորանոր բռնազաւթման իր ուղղակի և անուղղակի ընդունումը ի դէմս անոնց տեղանուններու ազրպէյճանական գործածումին Ազգային Ժողովի բեմէն և սահմանազատումի և սահմանագծումի վրայ իր պնդումներուն, յաւելեալ հիմնաւորում պիտի չըլլայ Ալիևին Հայաստանը նախայարձակ ներկայացնելու դիւանագիտական արշաւին:

Ամէն պարագայի, Փաշինեան համոզուած կը թուի ըլլալ, որ միջազգային յարաբերութիւններու մէջ տարածաշրջանային խաղաղ զարգացման իր խօսոյթը ոչ միայն քաղաքական կորեկտութիւն է, այլև միակ այլընտրանք, որուն համար ալ յաւելեալ զիջումներու իր պատրաստակամութիւնը ցոյց կու տայ գործնական ձևով: Եւ այդ համոզումը Հայաստանի պարտութեամբ ստեղծուած աշխարհաքաղաքական պայմաններու ժամանակաւոր գործնապաշտութեան արտացոլացումը չէ միայն: Մինչ այժմ արդէն զիջածը ետ վերադարձնելու և նոր զիջումներու ճնշումներուն դիմադրելու տրամադրուածութիւն չկայ իր մօտ: Անկախութեան Օրուան իր խօսքը հիմնականօրէն ներազգային պատգամ էր՝ հայութիւնը համոզելու, որ պարտութեան և անոր հետևանքներուն հետ անդառնալի կերպով հարկ է հաշտուիլ, «նորմալացնել» պարտութիւնը, անկարևորել յաւելեալ զիջումները հողային թէ այլ, որուն իշխանութիւնները կը պատրաստուին և հանրային կարծիք կը պատրաստեն, և պարտութեան յաղթանակի փոխակերպումը տեսնել «խաղաղ զարգացման դարաշրջան»ի գալստեան մէջ: Թերևս այդ իսկ պատճառով է, որ իր խօսքին մէջ երբեմն «ուրիշներուն չյաղթել»ը պիտանի համարեց:

Նոյեմբեր 9, 2020-էն յետոյ, ՀՀ առաջին Նախագահ Լևոն Տէր Պետրոսեանը առիթը պատեհ համարեց յիշեցնելու «Պատերազմ թէ խաղաղութիւն» իր թէզը Փետրուար 1998-ին իր հրաժարականը ներկայացնելու ժամանակ: Իշխանութեան հասնելէ և իր ժողովրդավարութեան կտրուկ յաւելումը տեսնելէ յետոյ, Փաշինեան իր քաղաքական կնքահօր երբեք չտուաւ այն տեղը, որ Տէր Պետրոսեան շատ հաւանաբար կը սպասէր ունենալ: Իրականութեան մէջ, ինչպէս վերջին ընտրութիւնները փաստեցին, Տէր Պետրոսեան երբեք չվերագտաւ այն ժողովրդականութիւնը որ ունէր 1991-ի և 2008-ի ընտրութիւններուն: Փաշինեան թերևս մտածեց, որ ընդունելով Տէր Պետրոսեանի իրաւացիութիւնը, յստակ պիտի ըլլար նաև, որ մէկ բան է խաղաղութեան մասին խօսիլ պատերազմը յաղթած ըլլալով, ուրիշ բան՝ խաղաղութեան բանբեր ըլլալ պատերազմին պարտուածի կացութեան մէջ: Հետևաբար, իրեն անհրաժեշտ էր այլ բանաձևում մը, որ խաղաղութեան յանձնառութեան տար շատ աւելի արմատական բնոյթ:

Հայոց Համազգային Շարժումի համոզումներէն էր «մեր պաշտպանուածութիւնը մեր անպաշտպանուածութեան մէջ է» լոզունգը, ինքնին ամբողջ գաղափարախօսութիւն մը: Իշխանութիւնը կորսնցնելէ յետոյ, ՀՀՇ-ն կամաց-կամաց չքացաւ հայաստանեան քաղաքական բեմէն: «Անպաշտպանուածութեան» գաղափարախօսութիւնն ալ կարծես անհետացաւ: Ոչ ոք հարցականի տակ կը դնէր պաշտպանուածութեան հրամայականը, որ առաւելի յստակ դարձաւ 2016-ի Քառօրեայ Պատերազմէն յետոյ: Այն օրերուն Պաշտպանութեան Նախարար Վիգէն Սարգսեան լաւապէս ըմբռնեց ռազմական պատրաստուածութեան կարևորութիւնը և առաջարկեց Ազգ-բանակի ծրագիրը: Յղացքը կրնար ռազմատենչ հնչեղութիւն ունենալ և որպէս այդպիսին խնդրայարոյց ըլլալ, բայց կը պարբակէր Պաշտպանութեան մարզի բարեփոխութեան կոնկրետ ծրագիրներ, որոնք մինչև այսօր կը գործեն: Ապրիլ 2018-էն յետոյ իշխանութեան հասած քաղաքական ուժը հարցականի տակ չառաւ Հայաստանի ռազմական հզօրութեան անհրաժեշտութիւնը, ընդհակառակը՝ յաւակնեցաւ բանակի և պաշտպանութեան մարզի արդիականացման մեծ ջատագով ըլլալ, նախորդ իշխանութիւններէն աւելի լաւ իրականացնել այն:

Պատերազմի պարտութեան բնականոնացման ճիգը, որ իշխանութիւնները կը գործադրեն,  վերակենդանացուցած կը թուի ըլլալ «անպաշտպանուածութեան» գաղափարախօսութիւնը, որպէս անհրաժեշտ և տրամաբանական կցորդը «խաղաղ զարգացման դարաշրջան»ի արտաքին և անվտանգութեան քաղաքականութեան: Իշխանութեան վրայ գտնուող ուժին վերնախաւը կը գտնէ, որ ընտրութիւններով իրեն տրուած մանտադը անհրաժեշտ չի դարձներ այդ քաղաքականութեան շատ աւելի համապարփակ  քննարկումը և համազգային համախոհութեան առաջացումը, որքան ալ ոչ միայն ընդդիմութիւնը այլև իշխանութիւններուն ոչ անպայմանօրէն հակակրող տարբեր վերլուծաբաններ առաջնահերթային համարեն ազգային միասնականութիւնը և բանակի վերականգնումը դէմ յանդիման թշնամիի մը, որ անհաղորդ է խաղաղութեան որևէ պատգամի, որ Հայաստանի պարզ և մեկին անէացման չի յանգիր:

Ապրիլ 2018-ին, դէմ յանդիման ժողովրդային զօրաշարժին, Սերժ Սարգսեան նախընտրեց հեռանալ իշխանութենէ և առաջքը առնել ներքին բախումներու: Այնպէս ինչպէս, ի պատիւ իրեն, ըրած էր Լևոն Տէր Պետրոսեանը Փետրուար 1998-ին: «Ես պարտուեցայ, դուք յաղթեցիք», ըսաւ Սարգսեան: Փաշինեանը ատկեց յետոյ երկու այլ առիթներով յաղթանակեց. նոյն 2018-ի և անցեալ Յունիս 20-ի արտահերթ ընտրութիւններուն: Հիմա կը յաւակնի պատերազմի պարտութիւնը յաղթանակի վերածել: Ուշադիր պէտք է ըլլայ, որ անոր փոխարէն իր երրեակ յաղթանակը պարտութեան չվերածուի: Հայաստանի վերջնական պարտութեան:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.