Յակոբ Տէր Խաչատուրեան Հանդիպում Ունեցած Է Սամուէլ Շահրամանեանի Հետ Մամլոյ Հաղորդագրութիւն
6 Փետրուար 2024-ին տեղի ունեցաւ հերթական հանդիպումը Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանի եւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի միջեւ, որուն ներկայ էր ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Արթուր Մոսիյեան:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Արցախի պետական կառոյցներու պահպանման անհրաժեշտութեան, արցախահայերու Արցախ վերադարձի եւ այլ իրաւունքներու պաշտպանութեան, Հայաստանի մէջ արցախահայերու ընկերային-տնտեսական եւ իրաւական վիճակի եւ մարդասիրական օժանդակութիւններու առնչուող հարցեր:
Արցախի Հանրապետութեան նախագահը ներկայացուց Արցախի կարգավիճակի եւ յառաջիկայ քայլերու առնչութեամբ իր պատկերացումները:
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը ներկայացուց ՀՅ Դաշնակցութեան եւ Հայ Դատի գրասենեակներուն եւ յանձնախումբերուն կատարած աշխատանքները:
Աւարտին որոշուեցաւ շարունակել հանդիպումները։
ՀՅԴ Մամլոյ Դիւան
6 Փետրուար 2024
Comments are closed.