Յակոբ Բագրատունի. «Իւրաքանչիւր Զիջում Կը Պահանջէ Նոր Զիջում. Անկուշտ Է Թշնամին»

«Դժբախտաբար, Արցախը պարտութիւն չէր` Արցախը յանձնում էր, եւ եթէ Արցախի ազատագրումը Հայ դատի համընդհանուր պայքարի կարեւոր փուլն էր եւ մեր հայեացքը ուղղուած էր Արեւմտահայաստանի բռնագրաւուած հողերու ազատագրման, յանկարծ եկաւ այդ հարուածը», «Երկիր»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին:

Ան չի բացառեր կորուստներու վերականգնումը` բերելով Ցեղասպանութենէն ընդամէնը 3 տարի ետք` 1918-ին, Հայաստանի անկախութեան հռչակման օրինակը: Բայց ասոր համար, առնուազն, պէտք է ունենալ անկախ եւ ազատ ապրելու կամք:

«1918 թուականին երբ Երեւանը գրեթէ գաղթականներով ողողուած քաղաք էր` Սարդարապատով, Բաշ Ապարանով, Ղարաքիլիսէով վերականգնուեցաւ 6-դարեայ ստրկութենէն ետք Հայաստանի անկախութիւնը. ատիկա չիրականացաւ պարզապէս որովհետեւ զէնքի ուժը ունէինք, այլ ունէինք անկախ եւ ազատ ապրելու կամքը: Մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ պարտութիւններ յաճախ կրած ենք, բայց անկախութեան ստրուկ մարդոց կողմէ կարելի չէ հասնիլ, ազատ միտքի թռիչքի կարիքը կայ, որ մարդիկ կարենան անկախ երկրի մասին մտածել», ըսաւ Յակոբ Բագրատունին:

Ամէն ինչ յանձնելով խաղաղութիւն մուրալու ընթացքը անոր համար անհասկնալի եւ անընդունելի է, ան կ՛ըսէ, որ բարօր կեանքը կարելի է ապրիլ միայն ազատ եւ անկախ երկրի մէջ, այլապէս քաղաքացի չես ըլլար, այլ` հպատակ, իսկ հայու համար ազատ մարդու, ազատ քաղաքացիի եւ ազատ պետութեան սկզբունքները 3 սրբազնութիւններու հաւաքականութիւնն են:

«Եթէ Շուշին եւ Լաչինը Արցախն ու Հայաստանը միացնող շունչի խողովակն են, ինչպէ՞ս կարելի է մտածել, որ առանց անոնց Արցախն ու Հայաստանը կրնան շնչել: Երբ սահմանագօտիին մէջ զիջումներ կ՛ըլլան, ինչպէ՞ս կարելի է մտածել, որ երկիրը կրնայ խաղաղ ապրիլ», ըսաւ Յակոբ Բագրատունի:

Ան նկատել տուաւ, որ կամաց-կամաց կը յափշտակեն, ծունկի կը բերեն ժողովուրդը, որ յետոյ ըսեն` ահա այս զիջումն է լուծումը:

Իւրաքանչիւր զիջում կը պահանջէ նոր զիջում. անկուշտ է թշնամին, անոր համար թշնամիին հետ բարի դրացիութիւնը ան անիրական կը նկատէ:

Թշնամին 30 տարի ծրագրեց ազատագրուած Արցախի գրաւումը` այլ երկիրներու, ուժերու օժանդակութեամբ, եւ այսօր, փաստօրէն, մենք կը տեսնենք, որ անոր նպատակը ազատագրուած Արցախի վերագրաւումը չէր, այլ նաեւ Հայաստանի անկախութեան հարուած հասցնելն էր:

Արցախի ազատագրման նաեւ բազմաթիւ լիբանանահայեր մասնակցեցան, այսօր Արցախի մէջ կ՛ապրին լիբանանահայ վերաբնակ ընտանիքներ. երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի ըսաւ, որ անոնց հետ կապը կը պահեն, տարբեր ծրագիրներ կ՛իրականացնեն:

Օժանդակութեան ծրագիրներու կարիք կայ նաեւ Լիբանանի մէջ, ուր, ըստ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, Ցեղասպանութենէն ետք մեծագոյն տագնապն է, որուն կ՛ենթարկուի Լիբանանի ժողովուրդը եւ, բնականաբար, նաեւ Լիբանանի հայութիւնը:

Անկախ ելեւմտական-տնտեսական ճգնաժամէն, «Քորոնա» ժահրի ճգնաժամէն, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը շատ ծանր հետեւանք ունեցած է` միայն հայ համայնքէն զոհուած են 16 անհատներ: Հայահոծ շրջանի մէջ եղած է պայթումը` հայահոծ Պուրճ Համուտ թաղամասը շատ մօտ է եւ շատ տուներ քանդուեցան: Գումարած մեր ժողովուրդի հոգեբանական ընկճուածութիւնը, յառաջ եկած է արտագաղթելու մտադրութիւնը:

«Մեզի համար միանշանակ յստակ էր, եւ երբ կը հարցնէին` միշտ կ՛ըսէինք, որ, այո՛, կը հասկնանք, որ Լիբանանի մէջ օրերը շատ դժուար են, հետեւաբար, եթէ մեկնինք` մէկ հասցէ ունինք միայն` Հայաստան, մեր հայրենիքը: Անկախ այն բանէն, որ կրնանք տարակարծիք ըլլալ օրուան իշխանութեան հետ, կրնան սեւ ու սպիտակի հարց դնել, բայց վերջին հաշուով հայրենիքը հայրենիք է, իշխանաւորները կու գան ու կ՛երթան, սակայն հայրենիքը կը մնայ հայրենիք», ըսաւ Յակոբ Բագրատունին:

Պայթումէն անմիջապէս ետք Հայաստանի իշխանութիւններն ալ հայրենադարձութեան լոզունգներ հնչեցուցին, բայց, դժբախտաբար, լոզունգը մնացած է լոզունգ, եւ այն դժուարութիւնները, որ լիբանանահայերը կ՛ապրէին Լիբանանի մէջ, հիմա ալ մօտաւորապէս նոյն դժուարութիւններուն մէջ են Հայաստանի մէջ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.