Մտածումներ՝ յանուն ժողովուրդին՝ ժողովուրդը չարաշահող ամբոխայնացման (populisme) մասին
Յ. Պալեան
«Ամէն ոք հաւնի իր գաղափարները, բնութիւնը այդպէս տնօրինած է:… Ագռաւը իր ձագերը սիրուն կը գտնէ
եւ երիտասարդ կապիկի կեանքը կը դիւթէ զինք ծնողները»:
Թոմաս Մուր, անգլիացի պետական դէմք, իմաստասէր (1779-1852)
«Երբ հարուստները կը պատերազմին, թշուառները կը մեռնին»: Այսպէս խօսած է Ի դարու ֆրանսացի յանձնառու գրող եւ իմաստասէր Ժան-Փոլ Սարթր: Այսինքն, երբ դիրքապաշտական կռիւ-պայքարներ կը մղուին, միշտ համեստները կը վճարեն գինը եւ ի վերջոյ կ’անտեսուին:
Ժան-Փոլ Սարթրի պարզ խօսքը կը խտացնէ մեր օրերուն ծաւալած եւ ամբոխներու պարզամտութիւնը չարաշահող ամբոխայնացումը, populismeը, որուն թատերաբեմն են ժամանակակից ընկերութիւնները եւ երկիրները: Զարմանալին այն է, որ մարդիկ իրենց երջանկութիւնը կը կարծեն նուաճել այս կացութեան մէջ, մինչեւ այն օրը, որ պատի դիմաց գտնուին եւ կարծեն փրկուիլ նոր դիմակով ամբոխայնացումով մը:
Մենախօսելու պէս փորձենք մտածել:
Եթէ կայ բոլորին կողմէ ընդունուած ժողովրդավարութիւնը, ապա ի՞նչ է ամբոխայնացումը ժողովրդավարութեան յարաբերաբար: Ժողովրդավարութիւնը ըստ էութեան հակադասակարգային էր, առանց տարբերութիւն տեսնելու հարուստի եւ աղքատի, հաւատացեալի եւ անհաւատի, այր ու կնոջ, ուսումնականի, բանուորի եւ գիտնականի միջեւ:
Ամբոխայնացումը, populisme, ինքզինք կը հաստատէ ժողովրդավարութեան ժխտումին վրայ, քանի որ կը կռթնի ընկերութեան որոշ խաւի մը վրայ, շահագործելով այդ խաւի նախանձի զգացումը ընդդէմ անոնց՝ որոնք, այսպէս ըսած, կը թուին յաջողած ըլլալ, իրենց ուսումով, գործով եւ մանաւանդ՝ ձեռք բերած նիւթական պայմաններով:
Ամբոխայնացումը անհատի մը կամ խմբակի մը մենատիրական իշխանութեան առաջնորդող ճանապարհ է, սպառնալիք՝ ընկերութեան կայունութեան եւ համակեցութեան: Սովորական դարձած է ամբոխայնացումը, որմով հրապարակ կու գան իշխանութեան տիրանալու ցանկութիւն ունեցողներ, որոնք միջոցներու միջեւ խտրութիւն չեն դներ, կը չարաշահեն միամիտներու դժգոհութիւնները իրենց փառասիրութիւններուն յագուրդ տալու համար:
Ինչպէս շատեր ընդգծած են այն, որ ազատական ժողովրդավարութիւնը լաւագոյն վարչաձեւը չէ,- յիշել Ուինսթըն Չըրչըլը,- բայց նուազագոյն վատն է վարչաձեւերուն: Ամբոխայնացումը առաջին հերթին կը կռթնի ամբոխավարութեան վրայ, պարզացուած ոճով թշնամի թիրախներ կը ճշդէ, ցեղապաշտական, հարուստի եւ աղքատի, շահագործողի եւ շահագործուողի, օգտագործելով ամբոխէն անմիջապէս հասկնալի եւ ընդունելի տարազներ եւ կարգախօսներ: Կարծէք դասական ժողովրդավարութիւնը անզէն է ծաւալող ամբոխայնացման դէմ, քանի որ երկրորդի պարզացուած եւ կիրքերու ընթացքին մէջ եղող խօսքին հակադրուելու ատակ պատգամ չունի, կը մնայ փակուած տարբեր եւ դասական արժէքներու շրջանակին մէջ, ամբոխայնացման ալիքը կասեցնելու առաջարկ չունի, կամ պէտք է ընդունի նոյն ամբոխայնացման պայքարի եւ խօսքի ոճը, որ զինք կը տանի ինքնավարկաբեկման:
Բոլոր ճառերու մէջ, աջ, ձախ, ժողովրդավարական, ամբոխավարական, ամբոխայնական, միշտ կայ, որպէս հասարակ յայտարար յայտնուող ժողովուրդ բառը: Եւ կը ծագի հարցումը. ո՞վ է ժողովուրդը, ինչպէ՞ս սահմանել ժողովուրդը, ան ինչպէ՞ս կը ներկայանայ բաղդատած ազգին, ընկերութեան, դասակարգերուն: Ժողովրդավարութիւն բառը նոյն իմա՞ստը ունի այն բոլոր խմբաւորումներուն համար, որոնք կը խօսին ժողովուրդի անունով կամ անոր գերիշխանութիւնը կը համարեն նպատակ:
Երբ ոմանք կը խօսին յանուն ժողովուրդին եւ «յեղափոխութիւն»ը կը համարեն անոր յաղթանակը, ինչպէ՞ս կը գծեն ժողովուրդի սահմանները, ամբողջութի՞ւն մը, թէ անկէ անջատուած մարդոց խաւ մը, մասնաւորաբար անոնցմէ, որոնք կը համարուին այս կամ այն ձեւով վերնախաւ,– քաղաքական իշխանութիւն, համալսարանականներ, ճարտարագէտներ, մեծանուն եւ յաջողած արուեստագէտներ, գրողներ, այսինքն՝ ինչ որ սովորաբար կը կոչենք ընտրանի:
Ամբոխավարական ճառի ժողովուրդը միայն բանուորութի՞ւնն է, գիւղացիութի՞ւնը, գործազուրկնե՞րը, դժուար կեանք ունեցող մարդոց հաւաքականութի՞ւնը: Ամբոխայնացումը ինքնահաստատո՞ւմ կը փնտռէ գրգռելով այդ բոլորի նախանձը եւ հակադրութիւնը ընդդէմ միշտ փոքրամասնութիւն եղող ընտրանիին: Ժողովուրդին մաս կը կազմե՞ն վաճառականները, միջին խաւի պաշտօնեաները: Ժողովուրդ յղացքը կը սահմանուի ըստ դիրքի եւ ըստ շահերու:
Այսինքն, ամբոխավարական ճառը նկատի ունի ինչ որ համայնավարական վարչակարգը կը կոչէր պրոլետարիատ, prolétariat: Այդպէս կը կոչուէին Հռոմի ընչազուրկները, proles, մշակելով այն զգացումը, որ ընտրանին յափշտակող է, կողոպտող է, կ’իւրացնէ ընչազուրկներու իրաւունքը եւ աշխատանքի արդիւնքը: Նման ճառի մը դիւրութեամբ կ’արձագանգեն զանգուածները, առանց խորհելու աշխատանքի արդիւնքի եւ աշխատանքով յաջողութեան մասին: Եւ ամբոխային տրամաբանութիւնը կ’առաջնորդուի կամ զայն կ’առաջնորդեն կտրուկ ճամբաներով. ընտրանին հոն է քանի որ շահագործած է կամ կողոպտած: Այսինքն, ժողովուրդ ըմբռնումը նուազուրդի կ’ենթարկուի ամբոխայնացման (populisme) ճառին մէջ:
Ամբոխայնացման ճառով հրապարակ եկողները որպէս ժողովուրդի թշնամի կը տեսնեն ընտրանին եւ կ’եզրակացնեն, որ պետութեան բարիքներէն պէտք է օգտուի իրենց ըմբռնած իրաւ ժողովուրդը,- աշխատողները, գործազուրկները, բայց նաեւ գաղթողները: Միւսները պէտք է զրկուին այդ բարիքներէն, քանի որ ժողովուրդին հետ վարուած են որպէս թշնամի:
Այս ըմբռնումներու ամբոխավարական մթնոլորտին մէջ եղած ժողովրդավարական ընտրութիւնները կարելի չէ բոլորովին ազատ համարել, քանի որ ընտրողները լարուած կ’ըլլան մէկը միւսին դէմ քուէարկելու, եւ ոչ ըստ ծրագրի եւ արժէքի ընտրութիւն կատարելու: Վերջին տասը տարիներուն կարգ մը մեծ երկիրներու ընտրութիւնները այս մթնոլորտին մէջ կատարուեցան:
Բայց ամբոխայնացումը (populisme) չի սահմանափակուիր նշուած ձախ հասկացողութեամբ զանգուածի շրջանակին մէջ: Կայ նաեւ աջ ամբոխայնացում: Ըստ աշխարհագրական շրջաններու եւ երկիրներու, ան կրնայ տարբեր բովանդակութիւն ունենալ: Այսպէս, Հոլլանտայի «Ազատութեան համար» կուսակցութեան, Ֆրանսայի «Ազգային Համախմբում» կուսակցութեան, Վենեզուելլայի կարծր իշխանութիւն հաստատելու միտող իշխանութեան, Յունաստանի Փոտեմոսի, Ֆրանսայի Մելանշոնի շարժման նկատմամբ նոյն վերագրումը կ’ըլլայ զանոնք բացասական լոյսի տակ ներկայացնելու համար:
Ամբոխայնացումը առաջնորդողները իրենք զիրենք կը ներկայացնեն որպէս ժողովուրդի ներկայացուցիչ, կամ ինչպէս սովորութիւն է ըսել՝ լուռ եւ անտեսուած մեծամասնութեան բանբեր եւ առաջնորդ, ընկերութեան մէջ հաստատելով անհաշտելի տարբերութիւններ, մէկը միւսին դէմ, «ժողովուրդ»էն դուրս ձգելով անոնք որոնք իրենց չեն հետեւիր, որոնք կը համարուին չարաշահողներ, խաթարուածներ, թիրախ կ’ըլլան աջը կամ ձախը, հետեւաբար մէկը միւսին թշնամի:
Ամբոխայնացման (populisme) պարագային ինքնախաբէութիւն, եւ քիչ մըն ալ առաջ երթալով, կեղծիք կայ: Առաջնորդները, կացութեան տէր կանգնողները, դիրքեր նուաճողները, հազուադէպօրէն ամբոխավարական կերպով զգացական շահագործման ենթակայ «ժողովուրդ»էն եկած կ’ըլլան: Անոնք ընդհանրապէս կու գան «ընտրանի»էն, դրամատէր, համալսարանական, ժառանգական, ծննդեան իրաւունքով (népotisme): Բայց հրահրուած կիրքի, վրէժի, քինախնդրութեան մթնոլորտի մէջ, «ժողովուրդը կը հետեւի», մինչեւ որ նոր վերնախաւը պառակտուի կամ իր իսկական դիմագիծը ցոյց տայ: Այն ատեն է որ հանդիսատես կ’ըլլանք մեծ յոյսերուն յաջորդող մեծ յուսախաբութիւններուն:
Ամբոխայնացման գլխաւոր յատկանիշը միւսին, միւսներու, ընկերաքաղաքական կեանքի բազմազանութեան մերժումն է: Իսկ առանց բազմազանութեան ժողովրդավարութիւնը մեռեալ տարր է, ինչ որ կը յանգեցնէ հոն, որ ամբոխայնացման կացութեան մէջ, քաղաքացին, քուէարկողը ինք կ’ըլլայ առաջին զոհը, անիրաւուածը:
Ամբոխայնացման առաջնորդները կը խօսին յանուն ժողովուրդին, զայն կը վկայակոչեն հրապարակներու վրայ, կամ հանրաքուէ կը կազմակերպեն, կը խուսափին ժողովրդավարական կանոններով ընտրուած ժողովներէ՝ ուր հարցեր կը քննուին, թեր ու դէմ կարծիքներով: Այդ առաջնորդները, եզրակացուցած ըլլալով որ իրենք կը ճանչնան ժողովուրդը, գիտեն անոր պահանջները եւ ակնկալութիւնները, ընտրական եւ ժողովական միջնորդութիւններու կարիք չեն զգար, զանոնք աւելորդ կը համարեն, ժողովուրդին կրկնել կու տան իրենց տեսակէտները:
Այսօր, ամբոխայնացման առաջնորդները, անոնք ըլլան դասական ընտրանին մերժող ձախերը կամ ազգայնական զգացումներ հրահրահելով հրապարակ եկող աջերը, կը ձգտին իշխանութիւնը գրաւել կամ արդէն կը գրաւեն, զանազան երկիրներու մէջ, ինչպէս Թուրքիա, Միացեալ Նահանգներ, Հունգարիա, Լեհաստան, Հնդկաստան, եւայլն: Շարժումը կայ նաեւ այլ եւրոպական, ափրիկեան եւ նախկին խորհրդային երկիրներու մէջ: Քանի որ առաջնորդը կը խորհի, որ ինք կը մարմնաւորէ ժողովրդական կամքը, ոստումը դէպի մենատիրութիւն մէկ քայլ է, նոյնիսկ երբ ձեւականութիւնները կը պահուին, եւ ազատականութիւն ու ժողովրդավարութիւն կը մնան սոսկ որպէս շպար, եւ աւելի ուշ միայն զանգուածը կ’անդրադառնայ, որ իր ազատութիւնները սահմանափակուած են, կը դադրի ժողովրդավարական վիճարկումը: Պետութիւնը կը կոչուի առաջնորդի եւ անոր կուսակցութեան ծառայութեան: Եւ այլախոհները կը համարուին օտարի ծառաներ, որոնք կը ձգտին ձախողեցնել իշխանութիւնը: Այս տեսակէտէն հետաքրքրական է Վենեզուէլլայի պարագան, ուր ամբոխայնացած վարչաձեւը անելի մատնուած է:
Ինչ որ ալ պատահի, ինչ որ ալ ըլլան մեր դատումները, ժողովուրդի դժգոհ խաւերը միշտ պատրաստ են տարուելու ամբոխավարական ճառով, շահագործուելով բարձր խօսողներու կողմէ: Բայց այդ բոլորը պատճառ չէ, որ մերժումները սովորութիւն դառնան, միշտ պէտք է շարունակել երկխօսութիւնը, չսահմանափակելով ժողովուրդ ըմբռնումը, այլ միշտ նկատի ունենալ ամբողջը, ինչ որ աւելի դժուար է, երբ կիրքի մթնոլորտ կը ստեղծուի: Ընտրանի, աշխատաւոր, մտաւորական, թոշակառու, այր, կին, ուսանող, զինուոր, դրամատէր, արհեստաւոր թէ արուեստագէտ, միասնաբար ժողովուրդ են, զիրար կը լրացնեն:
Միշտ քաջութիւնը պէտք է ունենալ ըսելու, ֆրանսացի իմաստասէրին պէս, որ «ուրիշի իրաւունքը իմ պարտականութիւնս է»: Այս պարագային է միայն, որ համագործակցութիւնը ծնունդ կու տայ փոխհասկացողութեան, պետական առողջ համակարգի մէջ արդար, հաւասար եւ օգտակար ներկայացուցչութեան:
Եւ կարելի կ’ըլլայ ամբոխայնացումէն (populisme) անցնիլ իրաւահաւասարութեան, միւսը մեր հաւասարը ընդունելու հանգրուանը: Թերեւս իտէալ. բայց այդ է միասին ըլլալու եւ տեւաբար զիրար չմերժելու ճանապարհը, նոյնիսկ եթէ հարկ ըլլայ, հակառակ խոչնդոտներու, տեւաբար վերստին ընդգրկուիլ այդ ճամբուն մէջ:
Լուռ մեծամասնութեան ճանաչումը ցանկալի է, սխալ չէ, անցանկալին եւ սխալը այդ մեծամասնութեան մաս չհամարուողնրուն մերժումն է: Այսինքն յանդգնութեամբ ինքնահաստատում՝ եսի եւ մակերեսայնութեան դէմ, առանց վար դնելու առողջ քննադատութեան զէնքը, որ թշնամութիւն չէ, այլ լաւի որոնում:
Եթէ այս գաղափարներով առաջնորդուինք մեր ներազգային կեանքին մէջ, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), մեր վաղը այսօրուընէ լաւ կ’ըլլայ: Այս տիրացուական քարոզ չէ, այլ պատմութեան եւ ծառայութեան ընթացքին մէջ գտնուելու յանդուգն միտում:
Այլապէս օր մը, ամէն գոյնի եւ դասի առաջնորդները պիտի հաստատեն, որ հետեւորդ չունին, որ իրենք եւ իրենց գաղափարները ժամանակավրէպ են եւ փուճ:
Եւ այն ատեն նոր ամբոխայնացման ենթահողի վրայ երեւան պիտի գան նոր դէմքեր, միշտ նոյն սխալ ըմբռնումով, որ պատմութիւնը իրենցմով կը սկսի…
Եզրակացնելու համար կրնանք ըսել, որ ժողովրդավարութիւն եւ ամբոխայնացում (démocratie եւ populisme) կը կռթնին ժողովուրդին վրայ, անոր ծառայելու կարգախօսով, բայց երկրորդը կը հանդիսանայ առաջինի ծաղրանկարը, կը չարաշահէ զանգուածի միամտութիւնը:
Ամբոխայնացումը կը խարդախէ իրականութիւնները, ստեղծելով խաբկանք, որ ինք ընկերութիւնը կ’ազատէ վնասակար տարրերէ, ինչպէս կ’ըսուի՝ ցեցերէ, եւ ժողովուրդը կը պաշտպանէ իր բարիքին ծառայող լաւ իշխանութեան մը միջոցով:
Բայց փորձը միշտ ցոյց տուած է, որ ամբոխայնացումը (populisme) ժողովրդավարութեան ապականումն է, այլասերումը:
Կը մնայ անլուծելի թուացող խնդիրը. ժողովուրդը ինչպէ՞ս պատուաստել այդ ապականման դէմ:
Երբեմն յիշելով Թոմաս Մուրը, որ իր հաւատացած գաղափարներէն չհրաժարեցաւ, ոչ ըսաւ Անգլիոյ Հանրի Ը. թագաւորին… եւ գլխատուեցաւ: