Մուսա լերան Քեպուսիէ գիւղի հին հռոմէական Փապուղին զբօսաշրջութեան կեդրոնի կը վերածուի

Սուրիոյ սահմանամերձ թրքական Հաթայ նահանգի կառավարական մարմինները կը փորձեն Քեպուսիէ գիւղի հին Հռոմէական փապուղին շրջանի զբօսաշրջութեան խթանման համար օգտագործել։ Այս մասին կը յայտնէ թրքական NTV հեռուստակայանը։

Նշենք, որ Քեպուսիէն պատմական Կիլիկիոյ Մուսան Լեռ բնակավայրի 7 գիւղերէն մէկն է։

Քեպուսիէն կը գտնուի Մուսա Լերան արեւմնեան ծայրամասին, 275 մեթր բարձրութեան վրայ, պատմական Սելեւկիա նաւահանգիստին աւերակներուն մօտ, Միջեկրականի ափին։

Համաշխարային Ա. Պատերազմէն առաջ զուտ հայաբնակ այս գիւղին մէջ կ՛ապրէր 251 հայ ընտանիք, 1125 բնակիչով։ 1915-ի հերոսամարտի ընթացքին ֆրանսական նաւերով փրկուելէ եւ 4 տարի Եգիպտոս ապաստանելէ ետք Քեպուսիէցիք, Մուսա Լերան միւս գիւղերու հայրենակցիներուն հետ 1919-ին վերադարձան Մուսա Լեռ եւ վերակառուցեցին փլատակ ծննդավայրը։ Մուսա Լեռը մինչեւ 1939 թուական մաս կազմած է Սուրիոյ Ալեքսանտրէթի նահանգին՝ ֆրանսական իշխանութեանց հոգատարութեան ներքեւ։ 1939-ին ֆրանսացիները Ալեքսանտրէթի նահանգը յանձնեցին Թուրքիոյ։

Գիւղի եկեղեցին էր Ս. Սարգիս, որուն պատերուն վրայ կային պատմական արժէք ներկայացնող արձանագրութիւններ։ 1939-ի գաղթէն ետք, թուրքեր մզկիթի վերածեցին եկեղեցին։

Քէպուսիէն՝ Եօղուն-Օլուքի եւ Հաճի-Հապիպլիի հետ, Մուսան-Լերան շրջանին մէջ հիմնուած առաջին երեք գիւղերէն մէկը կը նկատուի։ Քէպուսիէի կցուած գիւղակն է Չէվլիկ, ուր կ՛ապրէին տասի չափ ընտանիքներ։

Քէպուսիէի շուրջ երեք քիլոմեթր դէպի հարաւ-արեւմուտք կը տարածուին աւերակները հին դարու մեծագոյն նաւահանգիստներէն՝ Սելեւկիայի, որ կառուցուած էր Մեծն Աղէքսանդրի զօրավարներէն Աելեւկիոս Նիկատորի կողմէ (312-280), Որոնդէսի գետաբերանէն 5-6 քիլոմեթր դէպի հիւսիս-արեւմուտք։

Վերոնշեալ հռոմէական նաւահանգիստի պեղումներ կատարուած են 1860-էն սկսեալ՝ գերմանացի Ռիթթըրի, , Ֆրանսացի Փ. Պուրգընուի, Փ. Լամանի եւ Վ. Շափոյի (1907) եւ աւելի ուշ շրջանին՝ ՊՊ. Թոզելիի, Փերտիզէի, Ֆոսէի եւ Սէյրիկի կողմէ։ Ամենէն ուշագրաւ հնութիւններն են՝ արքայական ընդարձակ վիմափոր դամբարանը։

Աւելի պատկառազդու է մէկ քիլոմեթրէն աւելի երկար փապուղին, նոյնպէս վիմափոր, 7 մեթր բարձրութեամբ եւ 6 մեթր լայնքով։ Անոր նպատակը եղած է ձմեռնային հեղեղներու ջուրը սանձելով՝ քաղաքը զեղծ պահել ողողումներէ։ Հնագէտ Ռիթթըր ըսած է անոր համար.- «Հին դարու մեծագոյն արուեստի գործերէն է»։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.