Մոսիեան. «Փաշինեանը Պէտք Է Հեռանայ, Որպէսզի Կարենանք Փրկել Արցախն ու Հայաստանը»

Նիկոլ Փաշինեանի, Իլհամ Ալիեւի, Էմանուել Մաքրոնի եւ Շարլ Միշելի` 6 հոկտեմբեր 2022-ին կայացած հանդիպման աւարտին ընդունուած է յայտարարութիւն մը, ըստ որուն` Հայաստանն ու Ազրպէյճանը հաստատած են իրենց յանձնառութիւնը ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան եւ 1991 թուականի Ալմա Աթայի հռչակագիրին, որոնց միջոցով երկու կողմերն ալ կը ճանչնան մէկզմէկու տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը:

Այս առնչութեամբ «Երկիր»-ը մեկնաբանութիւն խնդրած է Արցախի «Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Մոսիեանէն: «Սա կը նշանակէ, որ Փաշինեանը ձեռքերը լուացած է Արցախէն, ինչպէս միշտ ըսած էինք», նշած է Մոսիեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք այս յայտարարութեամբ Արցախը կը ճանչնան իբրեւ Ազրպէյճանի մա՞ս, խմբակցութեան ղեկավարը ըսաւ. «Փաշինեանը ո՞վ է, որ Արցախը ճանչնայ Ազրպէյճանի մաս, ինքնորոշման իրաւունքը դեռ ոչ մէկը քննարկած է: Արցախը 1991 թուականին ինքնորոշուած է եւ հռչակուած իբրեւ անկախ պետութիւն», յայտնած է պատգամաւորը:

Հանդիպումէն ետք Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է, որ Պաքուի առաջարկած 5 սկզբունքներուն հետ կապուած հարցեր չեն եղած ո՛չ հայկական կողմին, ո՛չ` Եւրոպական Միութեան մօտ:

Նիւթին առնչութեամբ Մոսիեան նկատել տուած է, որ սա կը նշանակէ այն, որուն համար Փաշինեանը 2018 թուականին եկած է իշխանութեան. «Ատիկա դաւադիր ծրագիրի իրականացման ընթացքն է: Սա շատ վատ հետեւանքներ կրնայ ունենալ: Փաստօրէն, ինքն ու Ալիեւը միաբերան նոյն բանը կ՛ըսեն, մէկը աւելի շնական ձեւով, միւսը` քողարկուած: Խաղաղութեան պայմանագիրի անուան տակ կը ստորագրուի նոր յանձնուողական պայմանագիր: Փաշինեանը չի բանակցիր, անոր կը պարտադրեն կնքել իրենց պայմաններով պայմանագիր», ըսած է պատգամաւորը:

Ան կը կարծէ, որ այս ամէնը կանխելու համար պէտք է համազգային համախմբում ըլլայ. «Թէ՛ Արցախի, թէ՛ Հայաստանի կործանումը փրկելու համար պէտք է համախմբուիլ, միանշանակ պէտք է Փաշինեանը հեռանայ, որպէսզի կարենանք փրկել Արցախն ու Հայաստանը»:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.