Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Պատանեկան Միութիւններու Տարածաշրջանային խորհրդաժողով

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութեան Ընդհանուր Վարիչ մարմնին, 1-3 Նոյեմբեր 2024-ի շաբաթավերջին, Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Պատանեկան Միութիւններու Տարածաշրջանային Պատանեկան խորհրդաժողովը, մասնակցութեամբ երեք տարածաշրջաններու՝ ԱՄՆ-ի, Աւստրալիոյ եւ Գանատայի պատանեկան միութիւններէ 50 պատանիներու եւ վարիչներու: Խորհրդաժողովին պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի «Ահարոնեան» սրահէն ներս, Ուրբաթ, 1 Նոյեմբեր 2024-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, ներկայութեամբ Հոգշ. Տէր Յակոբ Վրդ. Եագուպեանի, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի եւ անդամ Րաֆֆի Տօնապետեանի, Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Խորէն Տիմիթեանի եւ անդամ Նորա Արուշեանի, ՀՅԴ Մոնթրէալի եւ Լաւալի կոմիտէներու, Հայ կեդրոններու Հոգաբարձութեանց, ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան եւ ԳԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչներու:

Բացումը կատարուեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի օրհներգներով, որմէ ետք ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին յիշատակը մեր բոլոր նահատակներուն: ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան միութեան Ընդհանուր Վարիչ մարմնի անդամ Ներսեհ Լիպարեան ողջունեց ներկաները եւ յայտնեց. «Տարի մը առաջ, ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի առաջարկով, Ա. Պատանեկան Տարածաշրջանային ժողովը գումարուեցաւ Իրանի մայրաքաղաք Թեհրանի մէջ: Անոր յաջողութենէն խանդավառ, Գրասենեակը Հիւսիսային Ամերիկայի միութիւններուն համար առաջարկեց Գանատայի Պատանեկան միութեան Ընդհանուր Վարիչ մարմնին կազմակերպել նոյնպիսի խորհրդաժողով մը Գանատայի մէջ», ապա աւելցուց. «Այս խորհրդաժողովին նպատակը մէկ է: Խմբել պատանիները եւ անոնց առիթ տալ, որ այս տարիքէն իսկ վեր բարձրանան տեղայնականէն եւ սկսին հարցերը դիտել ընդհանրականին մէջ: Չզբաղին միայն Գանատայով, Ամերիկայով եւ Աւստրալիայով, այլ իրենց մտածողութեան մէջ ընդգրկեն, Հայաստանէն եւ Արցախէն անկախ, այլ տեսլականներ, գիտնան եւ լսեն այլ շրջաններու մտահոգութիւնները եւ յաջողութիւնները, կարենան լուծումներ գտնել այդ մտահոգութիւններուն եւ օգտուիլ այլոց յաջողութիւններու փորձառութենէն»:

Խօսք առաւ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Խորէն Տիմիթեան, որ ըսաւ. «Բոլոր շրջաններու պատանեկան միութիւններու ընդհանուր վարիչ մարմիններն ու վարիչ կազմերը տարեկան իրենց աշխատանքներուն մէջ կարեւոր տեղ կը յատկացնեն այլազան ծրագիրներու մշակման, օրինակ` դասախօսութիւններ, մասնագիտական մօտեցումով պատրաստուած սեմինարներ, զրոյցներ, միացեալ ժողովներ ու բանակումներ, որոնց նպատակն է կերտել արթուն միտք ունեցող եւ համամարդկային արժէքներով տոգորուած այն պատանին, որ հեռու պիտի մնայ յոռի երեւոյթներէ: Այս եղած է եւ պիտի շարունակէ մնալ աշխարհատարած պատանեկան միութիւններու առաքելութիւնը. կազմաւորել կարգապահ ու օրինակելի սերունդներ` ի շահ հայութեան ու հայրենիքին»:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան իր ողջոյնի խօսքին մէջ ըսաւ. «Իւրաքանչիւր պատանի ամուր համոզումը պարտի ունենալ ազգային գաղափարախօսութեան, որ կը նշանակէ նախ եւ առաջ հաւատալ իր դատին, ամբողջական Հայաստանին, Արարատի խորհրդանիշին. ազգային արժէքներուն մաս կը կազմէ յատուկ տեղ տալ հայ եկեղեցւոյ դերին, որպէս այն ամուր բերդը, որ մեր պետականութեան կորուստի տարիներուն մեր ամբողջ էութիւնը պահպանած է որպէս հայութիւն, ազգային արժէք ըսելով մենք կը հասկնանք նաեւ մեր լեզուն, մեր պատմութիւնը, եւ մանաւանդ՝ ամէն գնով կառչիլ հայրենիքի պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան խնդիրներուն, թոյլ չտալ որ մեր թշնամիները խաղան հայրենիքին հետ, թոյլ չտալ որ Հայաստանի որեւէ իշխանութիւն գլուխը ծռած թշնամիներուն դիմաց նսեմանայ», ապա յաջողութիւն մաղթեց խորհրդաժողովի մասնակիցներուն:
Հոգշ. Տէր Յակոբ Վրդ. Եագուպեանի «Պահպանիչ»ով բացման արարողութիւնը աւարտեցաւ, որմէ ետք տեղի ունեցաւ ծանօթացում եւ միութիւններու ներկայացում:

Յաջորդող երկու օրերուն յայտագիրը կ’ընդգրկէր դասախօսութիւններ, Մոնթրէալի տեսարժան վայրերու այցելութիւն եւ ընկերային խրախճանք:

Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան
«Հորիզոն»

Comments are closed.