Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցաւ «Արցախեան սաղմոսներ» գրքոյկին շնորհանդէսը
Հովանաւորութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տէր Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի, կազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարանի, Հինգշաբթի, 7 Դեկտեմբեր 2023-ին, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի «Աւետիս Ահարոնեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տէր Գառնիկ Ա. Քհն. Գոյունեանի «Արցախեան սաղմոսներ» գրքոյկին շնորհանդէսը, որ անդրանիկ հրատարակութիւնն է Գանատայի Հայոց Թեմի «Հոգեւոր հայրենիք» մատենաշարին:
Շնորհանդէսի բացումը աղօթքով կատարեց Հոգշ. Տէր Յակոբ Վրդ. Եագուպեան, ապա հրաւիրեց Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ դպրուհիներէն Գառնի Մարտիրոսեանը, որ ընթերցէ Արցախեան սաղմոսներէն հինգերորդ սաղմոսը:
Գրքոյկը ներկայացուց «Հորիզոն» շաբաթաթերթի վարիչ խմբագիր Վահագն Գարագաշեան: Ներկայացումը սկիզբ առաւ Հոգշ. Տէր Յակոբ Վրդ. Եագուպեանի ընթերցած Արցախեան սաղմոսներու տեսերիզով մը, ապա խմբագիրը նախաբանին մէջ անդրադարձաւ լրագրական առաքելութեամբ 2010-ին Արցախ գտնուած միջոցին դրուագի մը, նշելով որ իր պաշտօնավարած 27 տարիներուն ընթացքին «Հորիզոն» շաբաթաթերթը կատարած է Արցախի հարազատ պատմութեան արխիւագրումն ու շրջապտոյտներ կազմակերպելով յաջողած է 300 գանատահայու Արցախ առաջին այցելութիւնը իրագործել:
Ան նախ անդրադարձաւ արցախահայութեան ցեղասպանական բռնագաղթին եւ Արցախի հայաթափման, ըսելով. «Արեւելեան ամրոցը խորտակուած է, մեր հայրենիքը վերածուած է միջնաբերդի, որուն անվտանգութիւնը այսօրուան դրութեամբ ճգնաժամային ու խոցելի է։ Ետ մղուած ու վերադարձած ենք սկզբնակէտին՝ 1988 թուականի Փետրուարեան ժողովրդային պահանջատիրութեան ու ազատագրման շարժման հանգրուանին, սակայն այս անգամ հայաթափուած Արցախով։ Հայութեան արդար դատի պայքարը ետ մղուած է երեք տասնամեակներով, կորուստով, հայրենազրկումով, բռնագաղթով»: Ապա յայտնեց, թէ Արցախեան 44-օրեայ դիմադրամարտի ընթացքին ու անոր յաջորդող շրջափակման հանգրուանին, Տէր Գառնիկ Աւագ Քահանայ Գոյունեան, յայտնապէս ազդուած է ազգային մեր կեանքի ու մեր պատմութեան ճակատագրորոշ դէպքերու թաւալումներէն, միանձնանալով ու ճգնութեան պահեր անցընելով ստեղծագործած է 48 սաղմոսներ եւ ըսաւ. «Սաղմոսերգու քահանան աղօթքներով իր ձայնը կը բարձրացնէ առ Աստուած եւ իր քրիստոնէաշունչ տողերով կը հաղորդակցի բարձրեալին հետ։ Արարչին հետ մենախօսութիւնը հեղինակի ինքնահայեցողական զգացումներու եւ ապրումներու շառայլներն են, Արցախեան պատերազմէն ետք, յոյսէ դատարկուած ու վշտալից հեղինակին էութեան ճանապարհորդութիւնն է դէպի հաւատքի եւ յոյսի փնտռտուք, ուր իր հաւատոյ որոնումներուն մէջ կ՚ապաւինի Տիրոջ անեզր մարդասիրութեան եւ արդարադատութեան։ Արարչի պաշտամունքին հետ համատեղ, սաղմոսներու տողերն ի վեր ընդվզումի պահերը կը վերածուին արդարութեան սպասումին ու անսասան հաւատի կոփման պահերու»:
Խմբագիրը ներկայացուց սաղմոսներուն խորքը կազմող աղերսները առ Աստուած ըսելով. «Սաղմոսներու ներկառուցուածքային սաղմին մէջ անթաքոյց են սաստկակոծ աղերսները առ Աստուած, ուր կը թեւածեն սաղմոսագրին անկեղծ ու պայծառատես տողերը. ինչպէս՝ Սաղմոս 25-ին մէջ ան կը գրէ.
«Երկնային բարձունքէդ տեսնելով երկրիդ մէջ հեղեղուող ատելութիւնները,
արեան գետերը,
եւ իրաւազրկումները եւ ապականումն ու քանդումը ամենայնի,
լացիր այնպէս՝ ինչպէս որդիդ Երուսաղէմի վրայ…
Ի՞նչ ընել, Տէր, երբ դուն «վայեր»ով կու լաս այսօր ալ,
Ի՞նչ ընել, Տէր, երբ արքայութիւնդ կը փակուի յոյսերուն առջեւ այսօր ալ։
Ի՞նչ ընել, Տէր, երբ քեզ կանչելով կը յափշտակեն իրաւազրկեալները այսօր ալ։
Ի՞նչ ընել, Տէր, երբ նախորդներէն աւելի
դժոխքին արժանի նմանակներ կը ծնին այսօր ալ»»։
Ան յայտնեց, թէ Արցախեան պատերազմի յուշումը առկայ է սաղմոսապատումի էջերն ի վեր եւ ըսաւ. «Ազգի արդար ու անարատ ճանապարհէն մոլորուելու ու խոտորուելու ընթացքը տագնապահար դարձուցած է քերթողը։ Ազգային արժէքներէն եւ հոգեւոր բարձր արժեհամակարգէն ազգին գահավէժ անկման ի տես՝ ինքնապախարակումն ու ինքնապարսաւումը անխուսափելի կը դառնան, եւ կը գրէ Սաղմոս թիւ 24-ը.
«Վա՛յ մեզի, Տէր, Վա՛յ մեզի։
Վա՛յ մեզի, քանզի մինչ կը սպասէինք յաղթական ցնծութիւններ՝
հոգեսասան վիշտի օրեր հասան մեզի,
եւ վերստին անպատմելի նեղութիւններ մեզ գտան։
Վա՛յ մեզի՝ որ պատմութիւնը, ուստի նաեւ ներկան աղաւաղեցինք յայտարարելով,
թէ Նոր Աւարայր եւ Նոր Սարդարապատ կը կերտենք։
Վա՛յ մեզի՝ որ ամպագոռգոռ յոխորտացինք։
Վա՛յ մեզի, որ հայրենի երկրին կեանքը արծարծող երիտասարդ շունչերը բարբարոսաբար մարեցան…
Վա՛յ մեզի՝ որ թէ՛ անհատաբար, եւ թէ ազգովին
խաբէութիւններով օրօրեցինք մեր ժամանակը»։
Ազգակործանման ողբ կայ այստեղ, արեան գնով նուաճուած յաղթանակի բարձունքներէն՝ պարտութեան խորխորատներուն մէջ գահավիժելու մորմոքը, որ խաբէութեան թմբիրին յանձնուած, չկարողացանք Նոր Աւարայր ու Սարդարապատ կերտել»:
Խմբագիրը յայտնեց նաեւ, թէ «Աստծոյ կամքն է, որ մենք ունենանք խաղաղ կեանք, ինչպէս գրուած է Աւետարանն ըստ Յովհաննու 14:27-28 գլուխին մէջ։ Տէր Գառնիկ այդ իմաստաբանութիւնը կը ներարկէ Սաղմոս 17-ին մէջ, մարդասէր ու խաղաղասէր արցախցիի կերպարով.
«Մարդասէր, իրենց սարերուն պէս կանգուն արիներուն լեռնաստանն է այս,
որ բազմադարեան աղէտներէն ետք՝
դեռ աներկմտօրէն բարութեանդ կ՚ապաւինի, կը յուսայ եւ կը սիրէ զայն։
… որպէսզի բուռ մը քարքարոտ հողը
օրհնութիւններով մշակուի,
ըլլայ քեզի հաճելի պտղաստան վայելուչ։
Իրենց սարերուն պէս
Բարձրեալիդ առջեւ երկրպագող արիներուն լեռնաստանն է այս,
Մարդասէր»»։
Գարագաշեան խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Տէր Գառնիկ Աւագ Քահանայ Գոյունեան, Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ անմնացորդ նուիրեալը, հայ ազգի ոգեղէն հաւատքին ու սկզբունքներուն անձնուրաց պաշտպանն է եւ լուսաւորչական քրիստոնէութեան ուխտապահ զինուորը։ Տէր Հօր համար տագնապալի օրեր եղած են 44-օրեայ պատերազմն ու անոր յաջորդող երեք տարիները՝ մինչեւ 21-րդ դարու հայութեան գողգոթան, Արցախի խորտակումը, բռնագաղթն ու հայաթափումը։ Սաղմոսներու այս հաւաքածոն հառաչանք է, ողբ է, ինքնադատապարտում է, աղերս է, ահազանգ է, որ կը զգաստացնէ, թէ մեր ժողովուրդը վերստին ողջակիզման ճանապարհին է, եւ այդ կիզումը եթէ ոչ ֆիզիքական այլ՝ հոգեկան կիզում է, որ այսօրուան դրութեամբ, Հայոց Արեւելից Կողմանց ամրոց Արցախի խորտակումէն ետք՝ բարոյալքման շղարշին տակ պարուրած է համայն հայութիւնը, ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի։ Հայութեան լինելութեան ճգնաժամային այս օրերուն, Տէր Գառնիկի «Արցախեան սաղմոսներ»ու խորհուրդը ամոքիչ է, ինքնամաքրման մղող, յատկապէս պատերազմէն ետք հոգեխոցուած մեր սերունդին համար։ Բայց միաժամանա՛կ կոչ եւ ուղեցոյց է՝ հոգեխոցէն ետք ՀԱՒԱՏՔՈՎ ու ՅՈՅՍՈՎ վերականգնելու եւ ոգեղէն վերընձիւղումով՝ գոյապայքարի պատրաստուելու համար»:
Դպրուհի Գառնի Մարտիրոսեանի 27-րդ սաղմոսի ընթերցումէն ետք շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ գրքոյկի հեղինակ Արժ. Տէր Գառնիկ Ա. Քհն. Գոյունեան եւ յայտնեց. «Հակասական դառնագոյն օրեր էին: Երբ գրելու սկսայ, սկիզբը՝ չունէի միտքը Ս. Գրքի Սաղմոսներուն լեզուով գրելու: Խոստովանիմ, որ դեռ չէի ըմբռնած Ս. Գրային Սաղմոսներուն գոյութենական լեզուն, այսինքն՝ լի հակասութիւններով լեզուն (գուցէ՝ որովհետեւ իմ ամենասիրած գրողս՝ Յ. Օշական, դրական կարծիք չէր տուած անոնց մասին): Արցախեան աղէտի օրերուն անդրադարձայ, որ մեր կացութեան լեզուն է անիկա: Անդրադարձս պատճառ եղաւ, որ անոնք բխին: Ընդառաջեցի հոգիիս ու մտքիս եկող հայութեան մասին առասպելական պատկերացումներէն մինչեւ քննադատական խօսքերուն, եւ հակառակ քայքայուող եւ անյոյս իրականութեան՝ հաւատացի վերականգնումի յոյսին եւ տարօրինակօրէն՝ դեռ կը հաւատամ»: Հեղինակը անդրադարձաւ Ս. Գրային Սաղմոսներուն մէջ թշնամիի վախճանին վերաբերող առանցքային միտքին սրբազան խօսքին, որ կ’ըսէ՝ «Ողորմութեամբ քով սատակեա զթշնամիս իմ» (142.11), եւ ապա անոր մարդկայնականութեան՝ ըսելով. ««Քու ողորմութեամբդ սատկեցուր իմ թշնամիներս»: Այս աղաչանքը խորապէս մարդկային է, պիտի ըսէի՝ մարդկայնական է, ուստի՝ աստուածային: Ո՛չ թէ՝ սատկեցուր, այլ՝ ողորմութեամբդ սատկեցուր» եւ նշումներ կատարեց սոյն խօսքի գիտակցութեան թելադրած պատուէրներէն:
Տէր Հայրը իր խօսքը փակեց ըսելով. «Մեր սովորական քննադատութիւնը գրեթէ միշտ ուրիշին ուղղուած է, կ’ուղղուի (այդ «ուրիշ»ը թէ՛ որպէս անդամ հայութեան, թէ՛ թշնամի ժողովուրդի կամ ժողովուրդներու, եւայլն): Հնարամիտ կերպով, ծածկողաբար՝ պիտի ըսէի, քիչ մըն ալ մեր մասին: Բայց «վասն մեղաց մերոց»ը շա՜տ, շա՛տ խորունկ է: Ո՛չ թէ ինքզինք ծեծելով՝ մազոշիստ հաճոյանալ է, այլ յարատեւօրէն ճիգ ընել է՝ հարազատ ինքնաճանաչման հասնելու համար: Սոկրատի իւրացուցած խօսքը կ’ըսէ՝ «Ծանիր զքեզ» («Ինքզինքդ ճանչցիր»): Անշուշտ անիկա՝ աւելի մարդու մտքին ապաւինող խօսք է: Կայ նաեւ Աստուածաշնչական «Ծանի՛ր զքեզ»ը, որ ո՛չ թէ կ’արհամարհէ մարդու միտքը, այլ՝ անոր խիղճ կու տայ: «Ծանիր զքեզ» նախ խիղճով, ապա նաեւ՝ խղճ-ա-մտութեամբ»:
Գառնի Մարտիրոսեան ընթերցեց 38-րդ Սաղմոսը, ապա Գերշ. Տէր Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան գնահատական խօսքով հանդէս եկաւ եւ ըսաւ. «Սաղմոսագիրքը ինքնին աղօթագիրք է, սակայն բանաստեղծական տարբեր ոճերով եւ տարբեր մօտեցումներով. այնտեղ կան իմաստութեան, օրհներգութեան, փառաբանութեան, յաղթանակի սակայն կան նաեւ ողբի սաղմոսներ, եւ Տէր Հայրը մեր պատմութեան այսօրուան իրադարձութիւններէն ներշնչուած նման աղօթական լեզուով Արցախեան սաղմոսները գրած է, ուր ան կը մղէ մեզ, ի վերջոյ մեր տագնապներէն, դժբախտութիւններէն եւ փորձանքներէն ետք, մենք զմեզ քննադատելու, մենք զմեզ սրբագրելու եւ վաղուան նայելու աւելի յուսադրուած, որպէսզի այդ ազատատենչ ոգին չմեռնի, պայքարելու ոգին չմեռնի»: Հոգեւոր հայրերու միասնական «Պահպանիչ»ով եւ Տէր Հօր գիրքերուն մակագրումով աւարտեցաւ շնորհանդէսը:
Նշենք, որ գրքոյկը կ’ամփոփէ 48 սաղմոսներ, որոնցմէ 24-ը գրուած են Արցախի 44-օրեայ պատերազմին ատեն, իսկ յաջորդ 24-ը՝ անկէ ետք: Գիրքը հրատարակուած է մեկենասութեամբ Սեդա Թապաքեանի, կողքը ձեւաւորած է Սիլվա Խաչերեան, իսկ գիրքի ձեւաւորումը՝ Լորի Խաչերեան, իսկ տպագրութիւնը կատարուած է Մհեր Գալուստեանի կողմէ:
Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան
«Հորիզոն»
Comments are closed.