Մոնթրէալի մէջ կայացաւ ՀՅԴ-ի եւ ՌԱԿ-ի տեղական մարմիններու հանդիպում

Հ.Յ.Դ. «Միհրան Փափազեան» կոմիտէն հանդիպում ունեցաւ Ռ.Ա.Կ.ի «Էօժէն Բաբազեան» Ակումբի վարչութեան հետ, Երեքշաբթի 14 Նոյեմբեր 2017ին, Մոնթրէալի հայ կեդրոնին մէջ, ուր արծարծուեցան գաղութը մտահոգող զանազան հարցեր:

Սոյն հանդիպումը առիթ մըն էր ամրապնդելու համագործակցութեան բարձր ոգին ու միասնական աշխատանքի կամեցողութիւնը, ի շահ Մոնթրէալի հայ գաղութի գոյատեւման, յարատեւման ու Հայ Դատի հետապնդման:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.