Մոնթրէալի մէջ կայացաւ ՀՅԴ ազատամարտիկ Քրիստափոր Արթինի յիշատակին նուիրուած Քեպէգի Պատանեկան միութիւններու կազմակերպած յեղափոխական երգերու փառատօնը

ՀՅԴ Պատանեկան միութիւնները այն միջավայրերն են, որոնք մեր բարոյագաղափարական թրծման կարեւորագոյն սիւները կը հանդիսանան: Պատանեկան միութիւններու հնոցներուն մէջ է, որ ֆետայական դիւցազնութիւններու մէջ դրսեւորուած ընկերասիրութեան, ծառայութեան, բարոյական սկզբունքներու, հայրենիքին ու հայութեան ազատագրութեան դատին նուիրուածութեան, վճռակամութեան, պայքարելու եւ վեհ իտէալներու իրականացման համար անմնացորդ նուիրուելու դասերը կը քաղեն մեր պատանիները:

Եւ այսպէս, համաճարակի պարտադրած երկու տարուան արգելափակումներէն ետք, 2 ապրիլ 2022ին, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի յարկին ներքեւ տեղի ունեցաւ Գանատայի Քէպէք նահանգի «Րաֆֆի-Վիգէն Զաքարեան» եւ «Դրօ-Գետաշէն» Պատանեկան միութիւններու աւանդական Ազգային եւ Յեղափոխական Երգերու Փառատօնը, ներկայութեամբ բազմահարիւր հայորդիներու։ Ձեռնարկը նուիրուած էր Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի նահատակներուն եւ ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութեան նախկին վարիչ-դաստիարակ, Ընդհանուր Վարիչ Մարմինի անդամ՝ ընկեր Քրիստափոր Արթինի անթառամ յիշատանին։

Փառատօնը բացուեցաւ «Րաֆֆի-Վիգէն Զաքարեան» միութեան պատանիներու «Մշակ Բանուոր» քայլերգի խմբային երգեցողութեամբ։

«Դրօ-Գետաշէն» պատանեկան միութեան  վարիչ՝ ընկհ. Արիանէ Թասլաքեան արտասանեց Միութեան խօսքը, յատկապէս նշելով. «Ընկեր Քրիստափոր իր ողջ էութեամբ կը հաւատար, որ դաշնակցականին կոչումն է ըլլալ հայ ազգին անքակտելի իրաւունքներուն պաշտպանը։ Ան կը հաւատար, որ հզօր հայրենիք ունենալը մեզի համար չի կրնար ըլլալ լոկ փափաք՝ այլ պէտք է ըլլայ կեանքի նպատակ։ Այս նոյն համոզմունքը ունին մեր գաղութի նօրօրեայ ղեկավարները, որոնք իրենց պատանի հասակին բախտաւորութիւնը ունեցած են թրծուելու ընկեր Քրիստափորին փոխանցած ազգային դաստիարակութեամբ։ Ահա, համոզուած եմ ես, համոզուած են մեր պատանեկան միութեան բոլոր ընկերները եւ ընկերուհիները եւ պատրաստ ենք փաստելու, որ մեր մէջ նոյնպէս կայ պայքարելու խրոխտ ոգի, եւ թէ ոչինչ ու ոչ ոք պիտի խափանէ մեր սլացքը՝ մինչեւ որ մեր այսօրուան բնօրրանը վերածուի ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի»։

Երեկոյի ընթացքին ընթերցուեցաւ Արցախի հերոս, «Մարտական խաչ» երկրորդ աստիճանի շքանշանակիր ընկեր Քրիստափոր Արթինի մարտական զինակից ընկերոջ յուշագրութիւնը:

Ապա, «Դրօ- Գետաշէն» միութեան պատանիները կատարեցին «Կամաւորի երգը» եւ «Ելէք Հայեր Պայքարի» երգերը՝ մեր բոլոր զոհուած ազատամարտիկներուն յիշատակին ։

Միութեանս հաւատարիմ աջակից, երգիչ Գէորգ Արթինեանը յատկապէս հրաւիրուած էր որպէս ազգային-յեղափոխական երեգերու մեկնաբան եւ իր նուագախումբին ընկերակցութեամբ յեղափոխաշունչ մթնոլորտ ստեղծեց, մինչեւ առաւօտեան ժամերը։ Պատանեկանի անդամներ, ՀՅԴ երիտասարդականի ընկեր-ընկերուհիներ եւ համայն հանդիսասրահը միաձայն կը վայելէին ու կ՝ընկերակցէին  հայրենասիրական երգերուն։

Այս մթնոլորտը եկաւ անգամ մը եւս հաստանելու, թէ Դաշնակցութիւնը միշտ կարեւոր նկատած է իր պատանեկան միաւորները, որոնք փաստօրէն նախապատրաստական հնոցներն են ՀՅԴ կազմակերպական շարքերուն: Եւ որքան հաստատ ըլլայ անիկա, որքան նպատակային աշխատի անոր կառոյցը, որքան յստակ եւ առողջ միջավայր ստեղծէ անոր գործունէութիւնը, այնքան ճիշդ կը կատարուի ապագայ կուսակցականի կազմաւորման հանգրուանը:

Նորա Արուշեան

Տեսանիւթը՝ TrikTrak Radio-ի

https://www.facebook.com/TrikTrak.ca/videos/5024142384340788

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.