Մոնթրէալահայ Յարութ Շիթիլեան Ահունցիք-Գարթիէրվիլ շրջանի քաղաքապետի թեկնածու

Չորեքշաբթի 9 Օգոստոս 2017-ին, Մոնթրէալի քաղաքապետ Denis Coderre մամլոյ հաղորդագրութեամբ մը յայտարարեց պր. Յարութ Շիթիլեանի թեկնածութիւնը իբրեւ քաղաքապետ` Ahuntsic-Cartierville շրջանին մէջ, որու ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 5 Նոյեմբեր 2017-ին։

«2009 թուականէն ի վեր երիտասարդ Յարութ Շիթիլեան ընտրուած է քաղաքապետարանի Խորհուրդի անդամ Bordeaux-Cartierville շրջանին մէջ։ Իր նուիրումով եւ գործակցութեամբ տեղական զանազան կազմակերպութիւններու եւ անձնաւորութեանց հետ, ան վերջին տարիներուն առաջնորդի դերը ստանձնելով, յաջողած է շրջանին մէջ իրագործել բազմաթիւ կարեւոր ծրագիրներ, ինչպէս՝ Laurentien/Lachapelle/Gouin ծառուղիներու վերակազմակերպումն ու վերածաղկեցումը եւ շրջանի ապահովութեան նպատակով շինարարական աշխատանքները, Bois-de-Saraguay անտառի զարգացման ուղղուած աշխատանքները, Cartierville շրջանի ապագայ մշակութային եւ համայնքային կեդրոնի շէնքի գնումը եւ անոր զարգացման ծրագիրը։

Շրջանի բնակիչները կը գնահատեն Յարութին աշխատանքն ու անոր գործերու դրական ազդեցութիւնը։ Վստահ եմ, որ Յարութը լաւագոյն անձն է ներկայացնելու Ahuntsic-Cartierville շրջանը».- յայտարարեց Մոնթրէալի քաղաքապետ Denis Coderre։

Յարութ Շիթիլեան փոխ-ատենապետն է Մոնթրէալի քաղաքապետարանի Գործադիր Մարմնին եւ պատասխանատուն՝ վարչական բարենորոգումնրու, երիտասարդութեան եւ «Ville intelligente» ծրագրին։

Յարութ Շիթիլեան 2009-ին, 29 տարեկանին մտած է քաղաքական ասպարէզ։ 2011-ին նշանակուեցաւ քաղաքապետարանի խորհուրդի նախագահ, դառնալով Մոնթրէալի պատմութեան մէջ ամենէն երիտասարդ նշանակուեցաւ քաղաքապետարանի խորհուրդի նախագահը։

«Մեծ պատիւ է ինծի համար ներկայանալ Ahuntsic-Cartierville շրջանի քաղաքապետի թեկնածու։ Շրջան մը՝ որ մօտիկ է սրտիս ու պատիւն ունիմ ներկայացնելու զայն արդէն 8 տարիներէ ի վեր իբրեւ խորհրդական։ Հիմնուելով համագործակցութեան եւ փոխ-հասկացողութեան արժէքներու վրայ, կը փափաքիմ նուիրուիլ շրջանի բնակիչներու բարեկեցութիւնը ապահովող ու կարիքները գոհացնող հաւաքական ծրագիրներու իրականացման աշխատանքին».- յայտարարեց պր. Յարութ Շիթիլեան։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.