Մշոյ դաշտի 1915-ի գոյամարտի հերոսուհիներ Խամէն եւ Տիրունը

Ցրոնքցի Տիրուն Եղսոյեան

Մշոյ դաշտի գիւղերուն հերոսական ինքնապաշտպանութեան օրերուն հայ կիներ տղամարդոց կողքին, կամ առանց անոնց, անարգ ոսոխին դէմ կռուած են հերոսաբար: Շատ յաճախ զէնքի եւ փամփուշտի բացակայութեան պայմաններուն թշնամիին ձեռքը իյնալէ խուսափելու համար դիմած են գիտակցուած անձնասպանութեան իրենց անունն ու պատիւը բարձր պահելով ու հերոսանալով սերունդներուն աչքին: Նման հերոսուհի կիներէն էր ցրոնքցի Տիրուն (Տշտօն) Եղսոյեանը:

Մշոյ դաշտի հայկական գիւղերը, 1915 թուականի Մայիսէն սկսած, շրջապատուեր էին քիւրտ խուժանով եւ թրքական բանակին կողմէ: Գիւղերուն միջեւ հաղորդակցութիւնը կտրուեր էր, եւ մէկ գիւղը չէր գիտեր, թէ ի՛նչ կը կատարուի միւս գիւղին մէջ: Իսկ մարտական ուժերուն մեծ մասը բարձրացեր էր Սասնայ լեռները:

1915 թուականի Յուլիս 25-ին թուրք եւ քիւրտ խուժանը յարձակեր էր Մշոյ դաշտի Եողունք գիւղին վրայ: Ամբողջ գիւղին մէջ կար 150-200 տուն, իսկ յայտնի կռուողները հեռացեր էին, որպէսզի չվտանգուի ծերերուն, կիներուն եւ երեխաներուն կեանքը:

Թշնամին սկսեր էր կողոպտել, քանդել, կոտորել: Գեղեցիկ կիներն ու աղջիկները առանձնացուցեր էին՝ բռնաբարելու եւ իսլամացնելու համար: ընդդիմացողներուն մազերէն ձիերու պոչերուն կապեր եւ քառասմբակ քշեր էին, մինչեւ որ կտոր-կտոր ըլլային: Անօգնական աղջիկներն ու կիները խուճապի մատնուած էին: Այդ վճռական պահուն յանդուգն ու կորովի կին մը՝ Տիրուն (Տշտօն) Եղսոյեանը, որ աչքի ինկած էր ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն, անոնց պաշտպան կանգնած էր եւ արհամարհելով ամէն վտանգ՝ ապահով առաջնորդեր էր տուն: Սակայն այդ տունն ալ պաշարուեր էր քիւրտ եւ թուրք ամբոխին կողմէ: Տիրունի քաջալերանքով կիներն ու աղջիկները յամառօրէն դիմադրեր էին եւ մահը աչքի առնելով՝ որոշեր էին իրենց անունն ու պատիւը անարատ պահել: Տիրունը, իր հարսին ձեռքը ամուր բռնած, բոլորին սիրտ կու տար, եւ իրավիճակը որքան ալ անյոյս ըլլար, միջոցներ կը փնտռէր՝ անոնց հոգիի կորովը բարձր պահելու համար:

Տիրուն Եղսոյեանի ղեկավարութեամբ կիներ կռուեր են հերոսաբար: Այդ մասին պատմած է ականատես Միսաք Յակոբեանը, որ բախտի բերմամբ ծանօթ քիւրտի մը օգնութեամբ ազատեր էր այդ մահաբեր վայրէն: «Այս տարեց կիներէն ամենէն անվախն ու խիզախն էր ԷղսոյիՍարգիսին աղջիկը՝ Տիրուն (Տշտօն), որ մայր վագրի պէս անվախ կը ցատկէր, կը ճանկռտէր թէ՛ թուրքի եւ թէ՛ քիւրտի երեսը: Այդ կինը՝ Տիրուն, հակառակ ամէն տեսակ չարչարանքներուն, բռնած իր հարսին ձեռքէն, ոչ ոքի յանձնեց զայն, մինչեւ ամենէն ստոյգ մահը, ձեռքը բռնած հարսին եւ որպէս առաջնորդ այդ անտէր հօտին, դիմեց այն տունը, ուր հրկիզուեցան ամէնքը միասին, առանց բացառութեան», կը գրէ յուշագիրը:

Թշնամի խումբ մը, կատղած կիներուն դիմադրութենէն, կրակի տուեր էր անոնց ապաստանած տուներէն մէկը: Բոցերն ու ծուխը աշխարհը բռներ էին, սակայն փախողներ ու յանձնուողներ չէին եղած:

Խամէն

Մշոյ դաշտի գիւղերուն ինքնապաշտպանական կռիւներուն մասնակիցներէն էր հերոսուհի Խամէն: Ան ապաստանած էր Քանասար: Ծիրինկատարի եւ Ծովասարի հիւսիսային փէշերէն դէպի Պիթլիս երկարող Սասունի անտառածածկ եւ խոր անդունդներով կտրատուած լեռնաշղթան Քան կը կոչուէր: Մուշի ու դաշտային գիւղերուն անկումէն եւ Սասունի ճակատամարտին յաջորդող Անդոկի պարտութենէն ետք Քանայ սարին վրայ հաւաքուած էր 15-20,000-ի հասնող բազմութիւն մը: Կատարուած իրադարձութիւնները յուսահատութիւն առաջացուցեր էին: Նոյնիսկ մարտական ուժերուն մէջ կը տիրէր անորոշութիւն եւ սպասողական վիճակ: Նման պայմաններու մէջ քաջ ու ճարպիկ Խամէն կիներու խումբ մը կազմեր էր, որուն նշանաբանն էր «Հերոսաբար մեռնիլ, սակայն չյանձնուիլ»: Անոնք գիշերները գացեր էին մօտակայ գիւղերը՝ բնակչութեան ուտելիք հասցնելու: Քանի-քանի անգամներ Խամէն մահէն ազատեր էր՝ յարմար պահուն մտնելով իրենց լքուած տունը, մինչեւ որ վտանգը անցնէր: Սակայն գիշեր մը Խամէն եւ ընկերուհիները բռնուած են Մառնիկ գիւղին մէջ եւ քիւրտերուն կողմէ յանձնուեր՝ ոստիկանութեան: Թուրք ոստիկանները զիրենք ախոռի մէջ բանտարկեր էին: Տարիքոտ քիւրտ մը Խամէնին համար 20 ղրուշ փրկագին վճարելով ազատեր էր զինք:

Քիւրտը Խամէին հագուստ տուեր էր, որպէսզի ցնցոտիները փոխէր: Այդ հագուստը հայուհիներէն մէկէն գողցուած էր եւ վրան արեան բիծեր կային: Իր յուզմունքը զսպելով Խամէն որոշեր էր վրէժ լուծել եւ կրկին սար բարձրանալ:

Հոգին փոթորկող ատելութիւնն ու զայրոյթը խրոխտ հայուհիին բազուկին ուժ տուեր էին, եւ ան կացինի մէկ հարուածով քիւրտը գետին տապալեր եւ Քանայի անտառներուն մէջ ապաստաներ էր: Օրերու ընթացքին ժողովուրդին վիճակը ծանրացեր էր: Այս մասին յայտնի յեղափոխական գործիչ Վահան Փափազեանը փաստեր է. «Ժողովուրդը կը հալի ամէնօրեայ ջարդերու եւ հիւանդութիւններու պատճառաւ: Այդ պայմաններուն ո՞վ կրնայ մտածել ուժերու ամփոփման կամ որեւէ նպատակի համար զայն կազմակերպելու մասին: Բոլորը զարհուրելիօրէն յուսահատ՝ անձնական կեանքի պահպանման միջոցներ կը փնտռեն ամէն գնով»:

Ռուսական բանակին եւ հայ կամաւորական գունդերուն սպասելէն յոգնած՝ Խամէն այդ փոքրիկ խումբին հետ հեռացեր էր Քանասարէն: Երկար ժամանակ անց խումբը քրտաբնակ դարձած նախկին հայկական գիւղերուն մէջ թափառեր էր, ոմանք սովամահ եղած էին: Ուրիշները սպաննուեր էին, ոմանք ալ կորսուեր էին անհետ: Ի վերջոյ Խամէն ստիպուած հագեր էր քիւրտի տարազ եւ ծառայութեան մտեր՝ աղայի մը տունը:

1916 թուականին, երբ հայկական նահանգներէն վերապրողները փրկելու կոչուած կամաւորականները մտեր էին Մուշ, եւ լեռները ապաստանած մշեցիներու եւ սասունցիներու բեկորները միացեր էին անոնց: Կ’ենթադրուի, որ անկէ ետք Խամէն ալ ծառայութեան լուծը թօթափեր էր՝ միանալով անոնց: Դժբախտաբար, պատմութիւնը ոչ մէկ ստոյգ տեղեկութիւն պահպանած է այս յանդուգն եւ պատուախնդիր հայուհիին ճակատագրին մասին:

Էդիկ Մինասեան

Տաթեւիկ Մինասեան

«Հայ կանայք 19-րդ դարավերջի եւ 20-րդ դարասկիզբի հերոսամարտի տարիներին»

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.