Մշակել միտքը

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Մշակե՛լ միտքը…

Կա՞յ աւելի վսեմ, աւելի կարեւոր հրամայական մեր՝ հայութեան օրակարգի վրայ, եւ կուսակցութիւնները կրնա՞ն աւելի մեծ պատասխանատւութիւն ստանձնել իրենց առաքելութեան մէջ քան մտքի մշակումը։ Հայ մտքի մշակումը։

Մտահան չընենք այն իրողութիւնը, որ հայ մտքի մշակման արդիւնք են իրե՛նք, կուսակցութիւնները, որոնց ստեղծումը հետեւանքն էր նախորդ տասնամեակներուն զարգացած հայ մտածողութեան՝ արեւմուտքէն Զարթօնքի սերունդին իսկ արեւելքէն Խաչատուր Աբովեաններու, Րաֆֆիներու անվհատ ջանքերուն շնորհիւ։

Եւ պատահականութեան արդիւնք չէ, որ իրենց ստեղծուած օրէն, մէկ կողմէ հայոց լեռներուն վրայ ինքնապաշտպանութեան կռիւ կը մղէին, միւս կողմէ հասարակութիւն կը դաստիարակէին մեր կուսակցութիւնները։ Կրթութիւնը առաջին պահէն թէ՛ Դաշնակցութեան, թէ՛ միւս կուսակցութիւններու առաջնահերթութիւնն էր՝ դպրոցներէն մինչեւ մամուլ եւ այլ ոլորտներ։

Այսօր տարբեր չի կրնար ըլլալ թէ՛ հայրենիքի մէջ եւ թէ՛ Սփիւռքի։ Չի կրնար տարբեր ըլլալ՝ եթէ որոշած ենք գոյատեւել իբր ինքնուրոյն ազգ։ Իբր արժանապատի՛ւ ազգ։ Իբր քաղաքակիրթ ու յառաջադէմ ազգ։

Մտքի մշակումը, սակայն մենաշնորհը չէ միայն կուսակցութիւններուն։ Անոնք պարտաւոր են հետապնդել զայն, սակայն այդ աշխատանքը պիտի կատարուի համատեղ ջանքերով, բոլորի՛ն մասնակցութեամբ, բոլոր կուսակցութիւններու, այլազան կազմակերպութիւններու, խմբակցութիւններու ու մանաւանդ անհատ մտաւորականներու մասնակցութեամբ, անոնք կուսակցութեան մը պատկանին կամ ոչ։ Պիտի կատարուի երկխօսութեամբ, «փոխասացութեամբ», բանավիճելու ու զիրար համոզելու տրամադրութեամբ եւ փոխադարձ յարգանքի մթնոլորտի մէջ։ Բայց նաեւ պիտի կատարուի մանաւանդ ու մասնաւորաբար տուեալ ոլորտներուն մէջ մասնագէտ անձերու՝ օրուան պահանջներուն ծանօթ, պատմութեա՛ն ծանօթ ու մեր պայմաններուն ծանօթ մասնագէտներու ներդրումով։ Այս ճիգը վեր պէտք է ըլլայ սիրողական, աւանդապաշտական մակարդակներէն, ու մենք՝ հաւաքական կեանքի մէջ դերակատարներս պատրաստ պիտի ըլլանք լսելու անոնց տեսակէտերը, թելադրութիւններն ու զգուշացումները նախքան մեր պատկան ժողովներուն կամ պետական ատեաններուն մէջ այդ ոլորտներուն վերաբերեալ որոշումներու յանգիլը։

Ի՞նչ ոլորտներու կ՚ակնարկեմ։

Կը տեսնեմ չորս «դաշտեր» ուր միտքի մշակման գործ ունինք ընելիք.

Քաղաքական

Տնտեսական

Ընկերային

Մշակութային-գիտական

Կարեւորութեան կարգով չէ՛, որ նշեցի զանոնք. ամեն մէկը կրնայ ամենէն կարեւորը հանդիսանալ։ Այլեւ այս ստորաբաժանումները ենթակայական են։ Բոլորը ունին փոխադարձ ներգործութիւն եւ կարելի չէ պարզապէս որոշել մշակել մէկը կամ երկուքը ու անտեսել միւսները։

Բոլոր ոլորտներուն մէջ համապատասխան քննարկումներէ ու վերլուծումներէ ետք մենք պէտք է հասնինք բանաձեւելու հայեցակարգեր՝ պետական թէ համայնքային, կուսակցական թէ կազմակերպական մակարդակներու համար եւ այդ հայեցակարգերէն մեկնելով ծրագրել մեր գործունէութիւնը։

Քաղաքական մտքի մշակումը կը պարտադրէ լաւապէս ծանօթ ըլլալ աշխարհի, տարածաշրջանի եւ երկրի ներկայ իրականութիւններուն, կարելիութիւններուն, յարաբերութիւններուն, ապագայ հնարաւոր զարգացումներուն։ Բաւարար չէ հիմնուիլ միայն մեր անկապտելի իրաւունքներուն իրաւացիութեան եւ արդարութեան վրայ։ Կայ նաեւ «կատարուած իրողութիւններու» ազդակը, որ եթէ այս պահուս մեզի է ի նպաստ Արցախի ազատագրութեան շնորհիւ, ներազգային, միջազգային ու համաշխարհային իրավիճակներու յարափոփոխ համայնապատկերին մէջ այդ առաւելութիւնը պահելը մեզմէ մեծ ճիգ պիտի պահանջէ, այդ պատճառաւ ալ… մեծ վարպետութիւն։ Ահա այդ «վարպետութեան» հայեցակարգը պէտք է ունենալ։

Տնտեսական միտքը պիտի մշակուի օգտուելով շատ այլ ժողովուրդներու փորձերէն, ձախողութիւններէն ու յաջողութիւններէն՝ երկրի ընդերքի ու բնութեան պահպանութեան նուազագոյնը տարածաշրջանային, եթէ ոչ համաշխարհային ընդհանուր զարգացման մը ծիրին մէջ։ Տնտեսական մտքի զարգացումը չի կրնար նաեւ անտեսել մեր համազգային կարողականութիւնը, մեր ձիրքերու եւ ներուժի հնարաւորութիւնները։ Այլեւ ՀՀ եւ Ահ հողամասերուն վրայ հայութեան թիւի խտացումը։

Ընկերային մտքի զարգացումը նոյնպէս ունի ներազգային ու համամարդկային առում։ Ի՞նչ տեսակ ընկերութիւն կը պատկերացնենք մեր ժողովուրդին համար։ Մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցը կը դրուի սուր կերպով։ Կրթութեան, առողջապահութեան եւ աշխատանքի արժանավայել գնահատման հարցերը նոյնպէս։ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ շարունակական դերակատարութիւնը, ազգային բարոյական հասկացութիւններն ու աւանդութիւնները, անոնց այժմէականութիւնը եւ այլն։ Ինչպէ՞ս ապահովել արդար կարգեր։ Համաշխարհայնացման այս իրավիճակին մէջ այդ բոլորը ո՞ւր կը զետեղուին։

Գալով մշակութային-գիտական մտքի մշակման, որ սերտօրէն կապուած է վերոնշեալ երեք ոլորտներու զարգացումներուն, անկասկած շատ բան ունինք քննարկելիք, վերլուծելիք, յստակացնելիք ու բանաձեւելիք ինքնութեան պահպանման, ժառանգութեան արժեւորման ու մշակոյթի ու գիտութեան զարգացման տեսակէտէն, որպէսզի շրջանցենք Մեծ եղեռնի ու անոր յաջորդած 70 տարիներու բռնատիրութեան հետքերը ու մտնենք 21-րդ դար։ Պէտք չէ ուրանալ մեր նուաճումներն ու ձեռքբերումները վերջին հարիւրամեակին՝ ըլլայ Խորհրդային Հայաստանի մէջ ըլլայ Սփիւռքի տարածքին՝ յաճախ միջազգային որակի մակարդակով, սակայն որոշ առումով մենք տակաւին 1915-ի նախօրեակին ենք ու պարտաւոր ենք մեծ ոստում մը կատարելու՝ մեր Զարթօնքէն սկսած շարժումին շարունակութիւնը ապահովելու համար։ Ահա ա՛յս պատճառաւ ալ անհրաժեշտ է այս ոլորտի մտքի մշակումը, յատկապէս կրթական առումով՝ ուսումնառութեան բոլոր մակարդակներուն վրայ։

Այս մշակումները, ինչպէս ըսուեցաւ, կատարուելու են համազգային մօտեցումով ու մեծ պիտի ըլլայ Սփիւռքի դերը այս ուղղութեամբ։

Պէտք ունինք մտքի այս ընդհանուր մշակման գործընթացին եթէ կ՚ուզենք որ նոր սերունդներ գան ու մաս կազմեն ազգային կեանքին եւ հայը շարունակէ գոյատեւել քաղաքակիրթ ազգերու շարքին։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.