Մինչ յայտարարութիւններ կը լսուին «լաւ» թուրքին ներելու, էրտողան կը սպառնայ «կռիւը շարունակել հայկական լոպիին դէմ

Հրաչ Վարժապետեան

Մինչ վերջին գրեթէ մէկ ամսուան ընթացքին Հայաստանի Ազգային Ժողովի ամպիոնէն պատգամաւորը կը յայտնէ, թէ անհանգիստ կը զգայ «խփում ենք թուրքին ախպերս ու ես» լսելով, կամ մինչ Սփիւռքէն ու Հայաստանէն ինքնակոչ յայտարարութիւններ կը լսուին «լաւ» թուրքին ներելու (չգիտես, թէ ո՞վ է տուած այդ իրաւունքը իրենց` համազգային տարողութեամբ զգայուն ու նուրբ այս հարցին մասին նման արտայայտութիւն ունենալու), կամ երբ արցախեան տագնապի լուծման գծով բանակցութեանց ընթացքին հայրենի իշխանութիւնները «փուլային» տխրահռչակ, վտանգաւոր, պարտուողական անընդունելի տարբերակին նկատմամբ լպրծուն եւ երկդիմի կեցուածքներ կը ճշդեն ու կը մտածեն, որ «ազրպէյճանի ժողովուրդին տեսակէտն ալ պէտք է նկատի առնուի», անդին էրտողան երկու օր առաջ մատ կը թօթափէ եւ կը սպառնայ «կռիւը շարունակել հայկական վատթար լոպիին դէմ», պարզ խօսքով` ի խնդիր Հայ Դատին պայքարող Սփիւռքին դէմ: Եւ հետաքրքրական «զուգադիպութեամբ», յանկարծ, յաջորդող օրը, երէկ, թուրքիոյ մէջ ստեղծուեցաւ այսպես կոչուած «արեւմտեան ազրպէյճանի աքսորեալ կառավարութիւնը», որ զինեալ եւ դիւանագիտական պայքար պիտի մղէ եղեր` «ազատագրել»-ու համար ներկայ Հայաստանը եւ զայն կցելու այսպէս կոչուած «միացեալ ազրպէյճանին»:

Անկեղծ ըսած, ես չեմ զարմանար թուրք-ազերիական այս ամպագոռգոռ ախորժակին ի լուր, որ ցայտուն ապացոյցն է փանթուրքիզմի ցարդ շարունակուող ու հետապնդուող ծաւալապաշտական ծրագիրին: Անոնք պիտի փորձեն միշտ, բայց միշտ ալ պիտի ձախողին : Վկա՛յ ապրիլեան քառօրեայի շառաչուն ապտակը:
Չեմ զարմանար եւ չեմ ազդուիր նաեւ էրտողանի սպառնալիքէն, որ ոչ առաջինն է, ոչ ալ պիտի ըլլայ վերջինը: Մենք կը շարունակենք մեր կռիւը, մեր պայքարը անշեղօրէն, անվախօրէն, անխախտ համոզումով, մինչեւ վերջնական յաղթանակ:
Սակայն , կը զարմանամ, կ‘ազդուիմ եւ կը մտահոգուիմ հայկակա՛ն կողմէն հնչող վերոյիշեալ կեցուածքներուն ի լուր, որոնք ըստ իս ջուր կը լեցնեն միայն ու միայն թշնամիին ջաղացքին: Թէեւ ոմանք այդ կեցուածքները կը դիտեն որպէս քաղաքական-դիւանագիտական բարձր հմտութիւն, մարտավարական խուսանաւում, հնարք, բայց ես` ոչ, ընդհակառակն, որովհետեւ այդ թեզերը չունին հիմնաւորում եւ խորթ են հայ քաղաքական մտածողութեան: Հետեւաբար, իբրեւ յանձնառու հայ, թերահաւատութիւնս տեղին է եւ վերապահութիւնս` իրաւացի, այնքան ատեն որ անոնց տուն տուող պատճառներուն պաշտօնական հերքումը ցարդ չէ կատարուած, առանց դարձդարձիկ պատումներու, սեւով ճերմակի վրայ գրուած։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.