Միլիոն Կարօներ

Մեր երկնքին վրայ այժմ փայլող աստղերէն մէկն է Կարօ Փայլան՝ մեր երիտասարդ հայրենակիցը, որ Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ է իբր Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան պատգամաւոր եւ որուն այցելութիւնը վայելեց Գանատայի հայութիւնը վերջերս։

Երկուշաբթի՝ մայիս մէկի երեկոյեան, Մոնթրէալի մէջ, ինչպէս նախորդ օրը՝ Թորոնթոյի, հազարաւոր հայեր պատասխանեցին կազմակերպիչ միացեալ մարմիններու հրաւէրին ու եկան խուռներամ լեցուցին, յորդեցուցի՛ն մեր սրահները, որոնք կարծես բաւարար չէին նման հսկայ զանգուածներ պատշաճօրէն ընդունելու համար. ինչո՞ւ չէր մտածուած աւելի մեծ ու յարմար սրահ վարձելու մասին։ Շատեր դուրս մնացին, մէկն ալ այս տողերը գրողը, սական շնորհիւ առձեռն սարքերու եւ այդ սարքերուն վրայ տեղւոյն վրայ հեռասփռելու նախաձեռնութիւնը ունեցող տղոց, ես ալ, բազմահազար ուրիշներու նման, կարելիութիւնը ունեցայ հետեւելու ձեռնարկի թաւալումին։ Ասիկա սակայն երկրորդական հարց մըն է, ու կազմակերպիչները յաջորդ անգամ աւելի պատրաստուած ըլլալու են։

Կարեւորը Կարօ Փայլան երեւոյթն է ու մեր հասարակութեան ցոյց տուած ջերմ ընդունելութիւնն է, սէրն ու յարգանքը իր այս յանդուգն զաւկին նկատմամբ։ Չեմ անդրադառնար մնացեալին որ թղթակցութեան, հաղորդումներու թէ ընկերային ցանցերու ճամբով հրապարակուեցաւ, տարածուեցաւ։ Կ՚ուզեմ սակայն վեր առնել մէկ կէտ, որ այդ օր աւելիով ցայտուն դարձուց այս հայորդիին արժանիքները։

Մոնթրէալի հաւաքին վերջաւորութեան, ուրիշ Կարօ մը, վերջին հարցում մը ուղղելով Փայլան Կարոյին, հարցուց, թէ տակաւին քանի՞ Կարօ կրնայ գալ իր ետեւէն, այսինքն ուրիշ քանինե՞ր կրնան իրեն նման սառնասիրտ կերպով իրենց կեանքն ալ վրայ տալու պատրաստակամութեամբ հրապարակ գալ ի պաշտպանութիւն մեր իրաւունքներուն։ Հարցումը ծափեր յառաջացուց։ Պատասխանը՝ աւելի՛։

Փայլան խնդաց ու առանց պահ մը երկմտելու անվարան յայտարարեց.

Միլիո՛ն Կարօներ, մի՛ մտահոգուիր։

Այդ մի քանի բառը ամբողջ երեկոյթը կ՚արժէր ու կ՚իմաստաւորէր։

Արդարեւ, Զոհրապներու եւ Վարդգէսներու շառաւիղ այս երեսփոխանը շատ բան ըսած եղաւ այդքան քիչ բառերով, շա՛տ աւելի քան իր տեղեկատուական ամբողջ ելոյթին ընթացքին։ Այլեւ շատ բան բացայայտեց ինքն ի՛ր մասին։

Միլիո՜ն Կարօներ…

Այսպիսով ան ինքզինք գերադաս չնկատեց իր սերունդի միւս ներկայացուցիչներէն, այլեւ ընդհանրապէս իր ժողովուրդէն, համեստութեան աղուոր դաս մը տալով բոլորիս։

Այո, վաղը ինքն ալ կրնայ դաւադրութեան մը զոհ երթալ, ինչպէս պատահեցաւ իրմէ առաջ ուրիշ քաջորդիի մը՝ Հրանդ Տինքին, բայց պիտի գան իրմէ ետք ուրիշ հայ տղաք ու աղջիկներ, տեւաբա՛ր պիտի գան, շարք առ շարք պիտի գան ու շարունակեն պայքարը, պայքարը յանուն արժանավայել կեանքի, պայքարը յանուն ժողովուրդներու իրարահաւասար իրաւունքներուն, յանուն հայութեան եւ բոլոր ազգութիւններուն այս արեւին տակ ազատ ապրելու իրաւունքին։

Միլիո՛ն Կարօներ։

Սա անխախտ հաւատքն է, որ իր ժողովուրդի ծոցէն մի՛շտ պիտի ծնին Կարօներ, ինչպէս մի՛շտ ծնած են Կարօներ, երբ Կարօներու կարիքն ենք զգացած։ Այսինքն՝ տե՛ւաբար։

Սա Փայլանի հաւաքական գիտակցութեան ապացոյցն է, որովհետեւ ան գիտէ, թէ որքան ալ անվախ ըլլայ, խրոխտ ու համարձակ, ի վերջոյ մէկ հոգի է ինք, սակայն իր ուժը իր հաւաքականութիւնն է, իր ժողովո՛ւրդն է, ու անոր հաւաքական ուժովն է, որ ինք կ՚ըլլայ ինչ որ է, կրնայ խօսիլ ու գործել ինչպէս կը խօսի ու կը գործէ։ Ինք ոչինչ կրնայ ըսել եւ ընել, ինք ոչինչ կ՚ըլլայ եթէ չգիտակցի որ ունի՛ իր ետին իրեն զօրավիգ այդ հաւաքականութիւնը։ Իսկ սրահները, որ իր ներկայութեան իրենց պատերէն դուրս յորդեցան, ահա այդ հաւաքական ուժին արտայայտութիւնն էին, ապացոյցը, աղբիւրը իր ներշնչումին։

Այդ գիտակցութիւնն ու ինքնագիտակցութիւնը, նոյնիսկ ենթագիտակցութիւնն են, որ հերոսներ կը ծնին, անոնք ըլլան ջան ֆէտայի, վրիժառու բազուկ թէ Կարօ Փայլանի նման խաղաղ միջոցներով, ժողովրդավարութեան ճամբով մեր իրաւունքներու պաշտպանութեան նուիրուած տղաք, որոնք պատրաստ են պատնէշներուն վրայ մնալու մինչեւ յաղթանակ, մինչեւ մահ ի հարկին, այլեւ դրօշը փոխանցելու իրենց յաջորդներուն, որ անոնք ալ շարունակեն պայքարը մինչեւ յաղթանակ։

Միլիո՛ն Կարօներ։

Անշուշտ միլիոն Կարօներ, չէ՞ որ ի վերջոյ բոլորս ալ Կարօներ ենք Արցախի՛ խրամատներուն մէջ թէ Սփիւռքի՛, պայքարի բոլո՛ր ճակատներուն վրայ, իւրաքանչիւրս ի՛ր դաշտին մէջ, ի՛ր համայնքին մէջ, ի՛ր գործին գլուխը՝ ի՛ր կուսակցութեան, միութեան, հաստատութեան ճամբով՝ մշակոյթի, կրթութեան, ընկերային թէ կրօնական ծառայութեան, գիր ու գրականութեան թէ մարմնամարզի ու երիտասարդութեան դաստիարակութեան ոլորտներուն մէջ կամ այլապէս։

Կարօ Փայլաններ չե՞ն ի վերջոյ բոլոր անոնք, որ չեն համակերպիր մեր ժողովուրդին պարտադրուած ճակատագրին, կը մերժեն որ ան զրկուի իր սեփական հայրենիքին մէջ ազատ, անկախ ու համախումբ ապրելու եւ ստեղծագործելու անբռնաբարելի իրաւունքէն ու յաղթահարելով ամեն դժուարութիւն, խուսափելով ամեն ծուղակէ, յանձն առնելով ամեն զոհողութիւն, դիմադրելով ամեն այլ հրապոյրի՝ այս հեռաստաններուն մէջ փոքրիկ Հայասատաններ կը ստեղծեն, հա՛յ կը մեծցնեն իրենց զաւակները, հայկական վարժարան կ՚ուղարկեն, հայ կեանքին կ՚առնչեն, հայու ինքնութիւն ու արժանապատւութիւն կը ներարկեն, որպէսզի անոնք ալ շարունակեն նոյնը ընել իրե՛նց զաւակներուն պարագային, եւ այսպէս շարունակ մինչեւ…

Այո, սա շարունակական ու դարաւոր պայքար է, որ դեռ պիտի սաստկանա՛յ, որպէսզի ո՛չ ըսենք, կարենա՛նք ոչ ըսել։ Ոչ՝ անէացման, անհետացման։

Նոյնը չէ՞, որ այս մէկ հատիկ Կարոն ալ կ՚ընէ։

Միլիո՛ն ենք, այո՛, սիրելի՛ Կարօ։

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.