Միասնական ուժերով զօրակցինք Ար­ցա­խի հե­րոս ժո­ղո­վուր­դին 

Սիրելի հայրենակիցներ

Հայ Օգնութեան Միութեան Գանատայի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան եւ մեր միութեան համայն ընտանիքին անունով, մեր զօրակցութիւնը կը յայտնենք արհաւիրքի օրեր ապրող եւ պատերազմի հետեւանքով տեղահանուած Արցախի մեր ժողովուրդին, մեր հերոս զինուորներուն եւ քաջարի բանակին։ Խորազգաց ցաւակցութիւններ կը յայտնենք անմահացած զինուորներու եւ պատերազմի ընթացքին զոհուած հայրենակիցներու ընտանիքներուն։

Հայ Օգնութեան Միութիւնը, որպէս բարեսիրական կազմակերպութիւն, իր ներուժը համախմբած, անմիջական եւ անվերապահ աջակցութիւն կը հասցնէ մղձաւանջային պայմաններու մէջ գտնուող եւ լուրջ մարտահրաւէրներ դիմագրաւող մեր ժողովուրդին։

Առ ի տե­ղե­կութիւն, պատերազմի առաջին իսկ օրէն լծուած ենք հանգանակային դրամահաւաքի արշաւի, որմէ գոյացուցած ենք $523,490, եւ որ ամբողջութեամբ պիտի տրամադրուի ՀՕՄ-ի մար­դա­սի­րա­կան օգնու­թեան ծրագիրներուն:
Առաջին հանգրուանին, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան փոխանցուած $100,000 ամերիկեան տոլարի գումարը յատկացուեցաւ սնունդ եւ ձմեռնային տաք զգեստներ ապահովելու Հայաստան ապաստանած Արցախի հայրենակիցներուն, ինչպէս նաեւ դեղօրայք եւ բժշկական սարքեր հասցնելու Երեւանի հաշմանդամ զինուորի Հերացի Վերականգնողական Կեդրոնին։

Երկրորդ հանգրուանին, Վար­չու­թիւն­ս դեղօրայք արտադրող հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու դի­մած եւ ա­պա­հո­ված է $200,000 արժողութեամբ դեղեր եւ այլ անհ­րա­ժեշտ բժշկա­կան սարքեր, ո­րոնց ցանկը մե­զի փո­խան­ցո­ւած է ­Հ­Հան­րա­պե­տու­թեան Առողջապահութեան Նախարարութեան կող­մէ: HPIC (Health Partners Internatioal Canada) բարեսիրական կազմակերպութեան հետ համագործակցաբար $200,000 դեղօրայք առաքուեցան ՀՀ Առողջապահութեան Նախարարութեան: Ցարդ $400,000 արժողութեամբ դեղ ուղարկած ենք Հայաստան:

­Երրորդ հանգրուանին ծրագրած ենք չորս ամսուան համար Արցախէն տեղահանուած 100 ընտանիք հովա-նաւորել: Ամէն մէկ ընտանիքի հովանավարութիւնը կ՝ենդաթրէ $1,000 ամերիկեան տոլար: Յանձնախումբ մը աշխատանքի լծուած է առցանց աճուրդ մը կազմակերպելու 13-14 Դեկտեմբերին, որմէ գոյացած հասոյթը պիտի տրամադրուի այս ծրագրին: Այլ յանձնախումբ մը կազմուած է, կաղանդի առթիւ ուրախ տրամադ-րութիւն ստեղծելու, խաղալիքեր եւ այլ նուէրներ բաժնելու 500 Արցախի երեխաներուն:

Աշ­խա­տան­քը կը կա­տա­րո­ւի հա­մադ­րո­ւած ու կազ­մա­կեր­պուած կեր­պով, որ­պէս­զի հան­գա­նա­կո­ւած ամէն մէկ գումարը ծա­ռա­յէ մեր ժո­ղո­վուր­դի ի­սկա­կան կա­րիք­նե­րուն:

Սի­րե­լի՛ հայ­րե­նա­կից­ներ,
Այսու կու գանք մեր խորին շնորհակալութիւնը յայտնել բոլոր նուիրատուներուն, իրենց սրտաբուխ եւ առատաձեռն նուիրատուութեան ու ՀՕՄ-ի հանդէպ ցուցաբերած վստահութեան, իսկ մեր կամաւորներուն իրենց անշահախնդիր նուիրումին համար։

Հանգանակութիւնը պիտի շարունակուի այնքան ատեն որ Հայաստանն ու Արցախը կարիքը ունին մեր օգնութեան։ Համաս­փիւռքեան համադրուած եւ միասնական ջանքերով է որ պի­տի յաղ­թա­հա­րենք մեր հայ­րե­նի­քի դի­մագ­րա­ւած մարտահրաւէրները։ Հաւատարիմ մեր ա­ռա­քե­լու­թեան եւ ազ­գա­յին խո­ր գի­տակ­ցու­թեամբ ու պատ­րաս­տա­կա­մու­թեամբ, կրկին պիտի շրջանցենք այս ճգնա­ժա­մը:

Հայ Օգնութեան Միութեան Գանատայի Շրջանային Վարչութիւն

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.