Միասին՝ յանուն Երևանի. ՀՅԴ-Ի ՔԱՐՈԶԱՐՇԱՒԸ ԿԸ ՍԿՍԻ ԱՐԱՄ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆԻ ԱՐՁԱՆԻՆ ՔՈՎԷՆ

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը Երևանի աւագանիի 2018 թուականի արտահերթ ընտրութիւններու իր քարոզարշաւը պաշտօնապէս կը սկսի սոյն թուականի 10 Սեպտեմբերին` ժամը՝ 18:00-ին, Առաջին Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի արձանին քովէն:

Քարոզարշաւի պաշտօնական մեկնարկէն ետք, Դաշնակցութեան թեկնածուները ինքնաշարժներու երթով կ՚ուղղուին դէպի Երևան քաղաքի տարբեր վարչական շրջաններ՝ հանդիպելու երեւանցիներուն հետ:

https://www.facebook.com/events/1126819780814534/

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.