Մէկ Նիկոլով գարուն չի գար

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Գարո՜ւն է, գարո՛ւն է՝ ուշացա՜ծ գարուն։

Նիկոլ Փաշինեան դարձաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ։

Արեւ է. այստեղ՝ «Հիւսիսում այս հեռաւոր», ծառերը սկսած են դալարիլ։ Բաց գոյնով փոքրիկ տերեւներ սկսած են լեցնել ամբողջ ձմեռը մերկ մնացած ճիւղերն ու ճիւղիկները։ Գրեթէ թափանցիկ են այդ տերեւները, եւ արեւին ճառագայթները կարծես անոնց մէջէն կ՚անցնին։

Նիկոլը՝ վարչապետ։

Կայ խանդավառութիւն մը, որ համացանցի ճամբով կ՚անցնի բոլոր իրական ու երեւակայական սահմանները, կը յաղթահարէ բոլոր ֆիզիքական ու հոգեկան կաշկանդումները ու կը տարածուի աշխարհով մէկ, կը հասնի ամենուրեք, բոլո՛ր հայերուն, կամ՝ գրեթէ բոլոր հայերուն։

Փաշինեան կը դառնայ Հայաստանի չորրորդ հանրապետութեան երկրորդ վարչապետը՝ փոխարինելով առաջին վարչապետը, որ այդ պաշտօնը վարեց վեց օր միայն։

Ձեռքի փոքր սարքերուն՝ խելախօսներուն եւ տեղեկադիրներուն վրայ, այլեւ համակարգիչներու թէ հեռուստացոյցներու պաստառներուն վրայ կը հետեւինք ժողովուրդի ցնծութեան պորթկումի դրսեւորումներուն։ Երիտասարդութեա՛ն ցնծութեան։ Կը հետեւինք նոր երգերուն, որ կը ցայտեն իրարու ետեւէ, կը ցնծացնեն յեղափոխութիւնը։

Յեղափոխութի՞ւնը, թէ՞ «յեղափոխութիւնը», քանի որ բոլոր վերապահութիւնները չեն անհետացած։

Պատմական օրեր կ՚ապրինք, կասկած չկայ։

2018 ապրիլ-մայիսեան այս մեծ պոռթկումը նկատուեցաւ շարունակութիւնը 1965 ապրիլի համաժողովրդային ցասման՝ Մեծ եղեռնի յիսնամեակին առթիւ եւ 1988 փետրուարի ընդվզումին՝ Արցախեան շարժումի առաջին օրերուն։ Անկատար մնացեր էին անոնք, եւ «սիրոյ յեղափոխութիւնը» եկաւ ոչ թէ զանոնք աւարտելու, այլ՝ շարունակելու, ինչպէս իրաւամբ դիտել կու տար մեր մտաւորական ընկերը՝ Սպարտակ Ղարաբաղցեանը, «Օրակարգից դուրս» յայտագրին վրայ իր հետ կատարուած զրոյցին ընթացքին։

Այո, յեղափոխութիւնները իմաստ ունենալէ կը դադրին, եթէ աւարտին, աւարտուած նկատուին։

Մայիս 8-ին Նիկոլ Փաշինեանը ընտրուեցաւ վարչապետ։

Յեղափոխութիւնը, սակայն, եթէ չէ՛ «յեղափոխութիւն»՝ պիտի շարունակուի։ Փոփոխութիւնը մէկ վարչապետը ուրիշով մը փոխարինելու նպատակ չունէր։ Անձ մը փոխել չէր ուզուածը։ Զանգուածներուն պահանջածը։

Շա՛տ, շա՜տ բան կայ փոխուելիք։

Իսկ այդ շատը մեզմէ՛ կը սկսի։ Իւրաքանչիւրէ՛ս։ Ամեն մէկ հայէ։

Եթէ Հանրապետութեան հրապարակը վարչապետի ընտրութեան օրը սպիտակ ներկուեցաւ՝ հոն հաւաքուած բազմութեան ընտրած շապիկներու գոյնով՝ մաքրութիւն ու անաղարտութիւն խորհրդանշելու համար, մաքրումի այդ գործընթացը պիտի սկսի ամեն մէկուս հոգիէն ներս՝ դուրս վանելով պարտուողականութեան, անզօրութեան, յուսահատութեան եւ հիասթափութեան ամեն զգացում, ստորակայութեան ու գերակայութեան ամեն բարդոյթ, սեփական ուժերուն հանդէպ անվստահութեան ու օտարին հանդէպ ստրկամտութեան ամեն մոլութիւն։

Յեղափոխութիւնը ամենէն առաջ մե՛ր մէջ պիտի կատարուի։ Մեր՝ հայրենի հողին վրայ ըլլանք թէ այդ հողէն դուրս։

Պիտի փոխուինք, յեղա՛փոխուինք՝ որպէսզի կարենանք տէ՛ր ըլլալ մեր երկրին, որ երկի՛ր ըլլայ ան, պիտի փոխուինք՝ տէր ըլլալու համար ապրելու մեր իրաւունքին, որպէսզի վայելենք մարդավարի ապրելու մեր իրաւունքը։

Պիտի փոխուինք մանաւանդ դուրս գալու համար ի վերջոյ աւերակներուն տակէն՝ մեր գլխուն փլած կայսրութեան աւերակներուն տակէն։ Կայսրութիւններո՛ւ աւերակներուն, 70 տարուան թէ 600 տարուան ստրկութեան աւերներուն տակէն։

Շա՛տ երկար կրեցինք այդ աւերներուն հետեւանքները։ Թշնամիին դէմ պայքարելու տեղ իրարո՛ւ դէմ պայքարեցանք, երկիր պաշտպանելու տեղ՝ երկիր ծախեցինք ու հեռացանք, հարիւր փոքր հայաստաններ ստեղծեցինք մէկ հզօր ու բարգաւաճ հայրենիք պահելու փոխարէն։ Հազար տարի, գրեթէ հազար տարի ետք միայն մեր հողը, անոր վերջին մնացորդացը կոչուեցաւ դարձեալ Հայաստան, Հանրապետութիւն Հայաստանի։

Եւ հիմա, հիմա՛ միայն, Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի ու Ղարաքիլիսէի դիւցազնամարտերէն հարի՛ւր տարի ետք է ահա, որ կը յաւակնինք սիրո՛յ յեղափոխութիւնը յանդգնիլ։

Յեղափոխութիւն՝ որպէսզի դադրինք զիրար անգոսնելէ, արհամարհելէ, անտեսելէ՝ ո՛ւր որ ալ ապրինք՝ Հայրենիքի մէջ, թէ՝ Սփիւռքի, ո՛ր կուսակցութեան ալ պատկանինք կամ չպատկանինք, ո՛ր եկեղեցւոյ մաս կազմենք կամ չկազմենք։

Գիտնանք, ինչպէս կ՚ըսէին՝ քաղաքացի ըլլալ, եւ ոչ պարզապէս բնակիչ, քաղաքացի՝ երկի՛ր կերտելու համար, յառաջադէմ երկիր՝ իր ուսման եւ առողջապահութեան բարձր մակարդակով, գիտական զարգացումով, բարգաւաճող տնտեսութեամբ, ծաղկող մշակոյթով ու ճառագայթող լեզուով, ընկերային արդա՛ր կարգերով։

Երկիր՝ իր ամբողջացած տարածքներով։

Երկիր՝ ուր հայերը ուզեն վերադառնալ եւ ոչ թէ անկէ խոյս տալ։

Այս ամենը եւ դեռ աւելին։

Մէկ վարչապետ այս ամենը մինակը չի կրնար իրականացնել, որքան ալ սիրուած ըլլայ ու ժողովրդականութիւն վայելէ, նոյնիսկ եթէ գերմարդկային ուժերով օժտուած ըլլայ ան։

Մարտահրաւէրը բոլորինս է։

Մէկ ծաղիկով գարուն չի գար, ոչ ալ… մէկ Նիկոլով։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.