Մէկ Դար Եւ Սերունդներու Ազգային Դաստիարակութեան Հիմնասիւնը Հանդիսացող Կառոյցը Կը Շարունակէ Իր Առաքելութիւնը

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Լիբանանի կառոյցի գործունէութեան անբաժանելի մասնիկն է պատանեկան միութիւնը, որ իր հիմնադրութեան առաջին օրերէն լծուած է կուսակցութեան գաղափարական արժէքներով եւ ազգային դաստիարակութեան ոգիով սերունդներ պատրաստելու աշխատանքին, որ էապէս նպաստած է եւ կը նպաստէ գաղութի պահպանման եւ կառոյցներու գոյատեւման ճիգերուն, Հայ դատի պահանջատիրութեան գործունէութեան, եւ հայութեան ու հայրենիքի ֆիզիքական պահպանութեան պայքարին: Փաստօրէն անցնող 100 տարիներուն հարիւրաւոր պատանիներ, դաշնակցական պատանիի խոստումը յարգելով, պաշտպանեցին հայահոծ թաղամասերը եւ մասնակցեցան Արցախի ազատագրական պայքարին:

100 տարեկան է պատանեկան միութիւնը, որ ամբողջական իմաստով կուսակցութեան դաստիարակչական դպրոցն է, ուր պատանիները ժողովներու, աշխատանքներու, բանակումներու եւ մարզական-ընկերային մթնոլորտի մէջ կը զինուին հայ ժողովուրդի արժէքներով եւ վառ կը պահեն պայքարելու շունչը: Դպրոց է, որովհետեւ պատանեկան միութեան անդամները կառոյցին մէջ կը ծանօթանան հերոսներու սխրագործութիւններուն, դաշնակցական տիպարին, ՀՅԴ պատմութեան, ժողովավարական ու կազմակերպական կարգերուն եւ ակմբային կեանքին:

Վստահաբար յոբելենական առիթները, անցեալը արժեւորելու կողքին, նաեւ շարժառիթներ են` ճշդելու յառաջիկայ տասնամեակներու աշխատանքներու բնոյթը, աշխատելաոճը, առաջնահերթութիւնները ու խնդիրները յաղթահարելու եղանակները, եւ այս առիթով ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինը յառաջիկայ շաբաթներուն պիտի իրականացնէ շարք մը նախաձեռնութիւններ, որպէսզի արժանավայել կերպով նշուի միութեան 100-ամեակը:

Մեր փափաքն է, որ աշխարհատարած հայորդիները, որոնք անցնող տասնամեակներուն մաս կազմած են Լիբանանի պատանեկան միութիւններուն եւ ստանձնած են պատասխանատուութիւններ, նիւթապէս եւ բարոյապէս աջակից հանդիսանան մէկ դար ամբողջացուցած միութեան յոբելենական ծրագիրներուն:

Մէկ դար ետք, վստահ եղէք, որ սերունդներու ազգային դաստիարակութեան հիմնասիւնը հանդիսացող կառոյցը նոր եռանդով, արդիական միջոցներով, պայքարի վերանորոգ կամքով եւ ամբողջական Հայաստանի անփոխարինելի տեսլականով պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը:

ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.