Մեր նահատակները մեր փառքն են ու պատիւը, գոյատեւելու մեր կամքը եւ զարգանալու մեր վճռականութիւնը

ՅԱՆՈՒՆ Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ԵՌԱԲԼՈՒՐԻ ՄԷՋ ՎԻԳԷՆ ԱՒԱԳԵԱՆԻ ԱՐՏԱՍԱՆԱԾ ԽՕՍՔԸ

Անպայման Հ.Մ.Ը.Մ.ական ըլլալու պէտք չկայ, գիտնալու համար, թէ ինչո՞ւ եւ ի՞նչպէս չորս տարին անգամ մը կազմակերպուող համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղերը կը սկսին Եռաբլուր այցելութեամբ։

Եռաբլուրը հայ մարդուն համար սրբարան է։ Հոս կը հանգչին մեր ազգի «լաւագոյն տղերքը»։ Եռաբլուրի սրբազան հողին տակ հանգչող աճիւնները աւելի ուժ կու տան մարդոց՝ քան շատ մը ողջ մարդիկ։

Հայ մարդը այսօր Եռաբլուր կ’այցելէ իր ճակատէն սրբելու համար հայրենիք կորսնցուցածի ամօթը եւ իր խիղճէն հեռացնելու համար պարտութիւն կրածի զգացումը։

Հայ մարդը, Հ.Մ.Ը.Մ.ականը առաւե՛լ եւս, այստեղ՝ Եռաբլուրի մէջ կը խոնարհի իր նահատակներու յիշատակին դիմաց եւ կ’ընդունի, որ հայրենիքը ունի իսկական մէ՛կ տէր. հայրենիքը կը պատկանի իրենց կեանքը հայրենիքին տուողներուն, անմահներո՛ւն, եւ անոնց ազգային ու գաղափարական ժառանգին տէր կանգնող սերունդներուն։

Եռաբլուր այցելող Հ.Մ.Ը.Մ.ականը կը հաստատէ, որ մեր նահատակները մեր հպարտութիւնն են, որովհետեւ անոնց թափած արեամբ ներկուած է մեր ազգային դրօշին կարմիրը։

Մեր նահատակները մեր փառքն են ու պատիւը, մեր պարծանքն են ու մեր սխրանքը, գոյատեւելու մեր կամքը եւ զարգանալու մեր վճռականութիւնը՝ մեր հին ու նոր թշնամիներուն պարտադրելու համար մե՛ր խաղաղութիւնը, ազգային մեր տեսլականներուն առաջնորդող քաղաքական մե՛ր կամքը։

Մեր նահատակները անվախ, խիզախ, նուիրեալ, գլխագիր Տղամարդիկ էին, պայքարի եւ նուիրումի մէկական հոմանիշներ. անոնց հերոսապատումը պէտք է երգել ամէն օր ու ամէն տեղ, որովհետեւ անոնք ապրեցան հերոս նախորդներու արժանավայել կեանքով եւ հայրենիքի համար զոհեցին Աստուծոյ կողմէ իրենց տրուած մեծագոյն պարգեւը՝ սեփական կեանքը։

Մեր նահատակները ինկան, որպէսզի մե՛նք ապրինք։ Իսկ մենք պիտի ապրինք, որպէսզի իրենք յաւե՛րժ ապրին մեր յիշողութիւններուն, ապրումներուն, մեր ժողովուրդի պատմութեան եւ ապագայի երազներուն մէջ, մինչեւ որ օրին մէկը իրարու համընկնին մեր պետութեան եւ հայրենիքին սահմանները։

Ճիշդ է, կարճ եղաւ մեր նահատակներուն երկրաւոր կեանքը, բայց անոնք կարողացան այդ կարճ կեանքը նոյնիսկ արժեւորել ազգասիրութեամբ եւ հայրենասիրութեամբ։ Անոնք հայրենիքի հանդէպ իրենց պարտքը կատարեցին մեր բոլորին կողմէ, իսկ մեր պարտքը իրենց հանդէպ պիտի ըլլայ անշեղօրէն շարունակել իրենց ուղին, հայութեան եւ Հայաստանի ծառայութեան ուղին։

Սիրելի՛ քոյրեր եւ եղբայրներ,

Պուլկարական բանակին մէջ կայ հին ու գեղեցիկ սովորութիւն մը, ուր զինուորներու անուններու ստուգումին ժամանակ, նախ կը յիշուին իրենց երկրին ազատագրութեան ճամբուն ինկած նուիրական հերոսները։ Երբ ստուգողը հերոսներուն անունները տայ, «Ինկա՛ն», կը պատասխանէ բանակին աջ թեւի առաջին զինուորը։ «Փա՜ռք», կը կրկնէ երկրորդ զինուորը եւ «Յաւե՛րժ փառք», կ’աւելցնէ ամբողջ բանակը։

Հիմա, երբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մարզական բանակը այստեղ է, չենք կրնար մեր կարգին չյիշել մահուամբ մահը յաղթահարած հայութեան բոլոր հերոսները, միասնաբար փա՜ռք եւ յաւե՜րժ փառք տալու համար բոլորին։

Յիշենք բոլորը ու յիշենք մանաւա՛նդ յաղթելու վճռակամութեամբ քաջաբար կռուած եւ հերոսաբար մարտի դաշտին վրայ ինկած, բայց չմեռա՛ծ, այլ՝ անմահութեամբ այստեղ իրենց երկրորդ կեանքը ապրող Հ.Մ.Ը.Մ.ական մեր նահատակները անուն առ անուն.-

Բախշեան Վարդան, Զաքարեան Վիգէն, Հաճեան Գէորգ, Ղազարեան Գրիգոր, Գալստեան Էրիկ, Իշխանեան Արտակ, Առուստամեան Արմէն, Աստարճեան Յակոբ, Սեքլեմեան Մոսիկ, Բանոյեան Յարութ, Դերիկլեան Հայկ եւ Մարտիրոսեան Արտակ։

Փա՜ռք,

Յաւե՜րժ փառք։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.