Մեր հպարտութեան ակունքը

 «Կղզիին եռեակը» կը բաղկանայ երեք երիտասարդ երաժիշտներէ՝ դաշնակահարուհի Փաթիլ Հարպոյեանէ, ջութակահարուհի Ուլիանա Տրուկովայէ եւ թաւջութակահար Տոմինիք Պոսեժուր-Օսթիկիէ

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Վերջերս Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վերստին մեր ուշադրութեան յանձնեց իր մէկ խօսքը, որ կ՚ուզեմ այստեղ մէջբերել իր ամբողջութեան մէջ.

«Հերիք է այլեւս անցեալո՛վ միայն հպարտանանք. հերիք է այլեւս անցեալէն մեր ժառանգած արժէքները ու սէմպոլները դրամագլուխի վերածած ներկայանանք մեր շրջապատին: Աշխարհը արագընթաց յառաջդիմութեան մէջ է: Համաշխարհայնացումի այս դարաշրջանին մարդիկ չեն նայիր միայն անցեալին, այլ նաեւ ներկային ու ապագային. ինչ ենք այսօ՛ր, ինչ կը ծրագրենք ըլլալ վաղը: Ա՛յս է կենսականը ու հրամայականը:

Հետեւաբար, այլեւս դուրս գանք մեր նեղ պարունակէն ու անցեալին պահակը ըլլալու կրաւորական վիճակէն եւ պատռենք ռոմանթիզմի խաբուսիկ շպարը. այլեւս տեսական սկզբունքերով ու անիրատես մօտեցումներով մեր ժամանակը չվատնենք:

Մենք պէտք ունինք նո՛ր շունչի ու նո՛ր տեսիլքի ներկայ աշխարհին մէջ մեր ներկայութիւնը վերահաստատելու եւ մեր ապագան ապահովելու համար» – («ՀԱՒԱՏՔԻ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆ», Անթիլիաս, 2003)։

Բնականաբար հարց կրնանք տալ, թէ Վեհափառը ինչո՞ւ յատկապէս ա՛յս օրերուն անհրաժեշտ զգաց մեզի այս յիշեցումը ընելու, սակայն կ՚ենթադրեմ, թէ ազգի այսօրուա՛ն իրավիճակը դեր մը ունի ատոր մէջ։

Կարելի է մտածել նաեւ, թէ այդ վերյիշեցման կարիքը կար հաւանաբար երկար ատենէ ի վեր, քանի որ կարծես մարդիկ մոռցած էին այդ պատգամը, անտեսա՛ծ անգամ։

Այդ անտեսումը անպայման գիտակցական չէր ու չէ, անցեալի պանծացումն ալ անպայման ժխտական կեցուածք մը չէ, մանաւանդ երբ արութեան գործեր «գտանին գործեալ եւ ի մերում աշխարհի», ինչպէս կ՚ըսէր մեր պատմահայր Խորենացին։ Բայց ան այդ կ՚ըսէր, երբ նոյն ատեն կ՚ողբար մեր ազգի վիճակը։ Սխալած չեմ ըլլար, եթէ ըսեմ, որ Արամ կաթողիկոսն ալ իր այդ պատգամը կրկնեց ի տես մեր ներկայ՝ յետ 2020 նոյեմբեր 11 կեցութեան։ Ամօթի, պարտուածութեան, յուսահատութեան վիճակի մը մէջ։

Եւ իրաւունք ունի Ան։

Այո՛, չենք թերանար, թէեւ ոչ միշտ, յիշելու ու վերյիշելու մեր անցեալի նուաճումները։ Եւ քիչ չեն անոնք։ Յիշեմ միայն մէկը, Սեւրի դաշնագիրը, որուն հարիւրամեակն էր 2020 օգոստոս 10-ին, եւ որուն տօնակատարութիւնը չեղաւ մեր ուզած ձեւով՝ տիրող համաշխարհային համավարակի պայմաններուն մէջ։ Բայց չէ անտեսուած, պիտի կատարուի, ծրագրուա՛ծ է, որ կատարուի։

Սակայն, մենք միայն անցեալ չենք։ Հարիւրամեակներ, հազարամեակներ տօնող, տօնակատարող ազգ չենք։ Ունինք ներկայ, ունինք ապագայ, որքան որ այսօրուան իրականութիւնը մթագնէ մեր տեսադաշտը։

Հպարտանալու ոչ քիչ պատճառներ ունինք այսօր ալ։

Մէկ օրինակ կ՚ուզեմ թուել։ Քեպէգի երաժշտութեան խորհուրդի Օփիւս պարգեւի (Prix Opus) 24-րդ շքահանդէսը (gala), որ տեղի կ՚ունենայ 7 փետրուարին եւ որ պիտի մեծարէ Մոնթրէալի համանուագային նուագախումբի (Orchestre symphonique de Montréal) հանգստեան կոչուող երկարամեայ ղեկավարը՝ Քենթ Նականոն։ Միեւնոյն առիթով պարգեւներ պիտի բաշխուին երաժշտութեան տարբեր դասակարգերու կամ մարզերու մէջ առաջնութեան արժանացողներուն։

Համերգներու մարզի դասական երաժշտութեան ոլորտի հինգ լաւագոյն թեկնածուներէն մէկը ընտրուած է այն համերգը որ «Կղզիին եռեակը» (Trio de l’Île) տուած է 3 հոկտեմբեր 2019-ին՝ Շոսթաքովիչի ու Ռաւելի երկերով։ Միւս թեկնածու-համերգները տրուած են Մոնթրէալի օփերայի, Մեթրոփոլիթէն նուագախումբի ու Մոնթրէալի համանուագային նուագախումբի նման տիտանական խումբերու կողմէ՝ ղեկավարութեամբ վաստակաւոր խմբավարներու։ Աւելցնեմ անմիջապէս, որ «Կղզիին եռեակը» կը բաղկանայ երեք երիտասարդ երաժիշտներէ՝ դաշնակահարուհի Փաթիլ Հարպոյեանէ, ջութակահարուհի Ուլիանա Տրուկովայէ եւ թաւջութակահար Տոմինիք Պոսեժուր-Օսթիկիէ։

Յօդուածը չեմ գրեր գովքը ընելու համար մեր երիտասարդ արուեստագիտուհիին ու իր գործակիցներուն, այլ ըսելու համար՝ ահա լուր մը, որ նոյնիսկ եթէ սահմանափակուէր միայն թեկնածու ընտրուելու իրողութեամբ, այլ համայնքներու կամ հաւաքականութիւններու համար թերթերու առաջին էջերու վրայ երեւելու արժանի պիտի ըլլար։ Նման լուրերը, եթէ տրուին իսկ, յաճախ կը ստանան երկրորդական, երրորդական կարեւորութիւն մեր մամուլին մէջ։ Այստեղ նշեմ մէկ գովելի բացառութիւն՝ ՀԲԸՄ-ի AGBU INSIDER պարբերաթերթը, որ միշտ նուիրուած է այն երիտասարդ ուժերուն, որոնք իրենց ասպարէզին մէջ կը փայլին (եւ որոնք Բարեգործարանի հետ առնչութիւն մը ունեցած են որպէս կրթաթոշակակիր, որպէս անդամ եւ այլն…)։

Մէկ օրինակ ալ յիշեմ օտար մամուլէն. ԹԱՅՄ (TIME) շաբաթաթերթը, որ չի թերանար տեւաբար ջատագովելէ կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ երեւան եկող նոր ուժերը, որոնք ապագայ ղեկավարները պիտի հանդիսանան մեր այս ուղեկորոյս աշխարհին ու թերեւս իրե՛նք ըլլան այդ կորուսեալ ուղիները գտնողները։ Անոր վերջին թիւին վրայ, որ ստացած եմ, զետեղուած է նկարը գերմանաբնակ թուրք գիտնականներուն, որոնք պսակաձեւ ժահրի դէմ ցարդ մէջտեղ եկած գլխաւոր պատուաստներէն մէկուն գիւտարարներն են։ Մեր ո՞ր թերթը իր առաջին ամբողջ էջը, էջին կէ՛սը յատկացուց Նուպար Աֆէեանի լուսանկարին, անոր, որ միւս գլխաւոր պատուաստը մէջտեղ հանող ընկերութեան նախագահն է…

Նպատակս մեր թերացումները ողբալ չէ, այլ սրբագրելու կոչ ընել է։

Կ՚ուզեմ աւարտել լաւատեսական երանգով մը։

Գրութիւնը սկսայ մէկ մէջբերումով, կ՚եզրափակեմ մէկ ուրիշով, այս անգամ ողբ. Էդմոնդ Աւետեանէն, որ Խորհրդային Հայաստանի ականաւոր այլախոհներէն էր, ու մտաւորական, որուն հետ 1992-ին Մոնթրէալի մէջ հանդիպում մը ունեցած էինք։ Ահա այդ հանդիպումէն հատուած մը (2017-12-25 – 2018-01-01 ՀՈՐԻԶՈՆ – Հորիզոն գրական. 25 տարի ետք Անմոռանալի ասուլիս մը Էդմոնդ Աւետեանին հետ)։ Ան կը հաւատար, որ մեր հայրենիքին մէջ աճող նոր սերունդը հիմքը, կորի՛զը պիտի ըլլայ ապագայի վերածնունդին.

«Այնքան եմ հաւատում, որ դա ինձ համար ոչ թէ տրամաբանական եզրակացութիւն է, այլ կարող եմ նկարագրել ինչպիսին է լինելու Հայաստանը հարիւր տարուց յետոյ, երբ արդէն ծաղկել է Հայաստանում վերածնունդը, եւ արդէն ոչ թէ մենք պիտի նախանձենք այսպէս կոչուած զարգացած աշխարհին, այլ ամբողջ աշխարհը պիտի նախանձի Հայաստանին, նրա բարոյական կեցուածքին եւ նրա տնտեսական բարօրութեանը։ Եթէ դէմ էք այդ գաղափարին, կարող է թուալ պատրանքային, բայց եթէ կորցնենք մեր հաւատը, դժուար կը լինի ապրել»։

Ի՞նչ ընել, որ պատրանքային չըլլայ այդ գաղափարը,այդ արդէն այլ մտորումներու կ՚առաջնորդէ, կարեւոր է, սակայն, որ նոյն հաւատքը ունենանք նաեւ Սփիւռքի մէջ աճող մեր նոր սերունդին նկատմամբ։

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.