Մեր Կորուստները. Հաւատաւոր Դաշնակցական Եւ Մերձաւոր Արեւելքի Մէջ Արցախի Մնայուն Ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեան

31 մարտին Երեւանի մէջ մահացաւ 15 մարտ 1957-ին Լիբանանի Պուրճ Համուտ հայահոծ շրջանին մէջ ծնած, դաշնակցական հաւատաւոր ու նուիրեալ անձնաւորութիւն, 1999 թուականէն մինչեւ իր մահը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Արցախի Հանրապետութեան երկարամեայ մնայուն ներկայացուցիչ, Հայ սեւ գօտիներու միութեան հիմնադիր եւ տնօրէն Կարօ Քեպապճեանը (Մասթըր Կարօ):

Զաւակն էր Յարութ (Կայծակ) Քեպապճեանի, որ հայ ժողովուրդի անմահանուն հերոսներէն Դրոյի աջ բազուկներէն մէկը եղած է, իսկ Դրոն եղած է Կարօ Քեպապճեանի ծնողքին պսակադրութեան կնքահայրը:

Կարօ Քեպապճեան նախնական կրթութիւնը ստացած է Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանին մէջ, իսկ միջնակարգ ու երկրորդական ուսումը` Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճին մէջ: 1970-ական թուականներուն անդամակցած է Միջազգային Սեւ գօտիներու միութեան եւ մասնագիտացած իբրեւ մարզիչ` ստանալով «Մասթըր» տիտղոսը:

Ամուսնացած է Սիլվա Աղամանուկեանի հետ եւ ունի երկու զաւակ` Անի եւ Արթիւր:

1974 թուականին, Առողջ մարմնով, արթուն մտքով եւ ազնիւ հոգիով հայ անհատներ կազմաւորելու սկզբունքով, Լիբանանի մէջ հիմը կը դնէ Հայ սեւ գօտիներու միութեան: Իրերայաջորդ սերունդներու կազմաւորման եւ դաստիարակութեան մէջ մեծ դեր կ՛ունենայ Կարօ Քեպապճեան. արդարեւ, տասնեակ հազարաւոր երիտասարդներ եւ երիտասարդուհիներ մաս կը կազմեն անոր հիմնադրած միութեան, որ նախ եւ առաջ հայեցի դաստիարակութիւն կը ջամբէ բոլորին ու իւրաքանչիւրին մէջ կը կերտէ հայ մարդը: Ասոր կողքին, 80-ական թուականներուն մեծ վարպետը լիբանանահայ բազմաթիւ քոլեճներու մէջ կը ստեղծէ մարմնահոգեւոր պատրաստութեան դասընթացքներ` իր գիտելիքներն ու փորձառութիւնը փոխանցելով հայ աշակերտներուն:

Միջին Արեւելքի եւ Եւրոպայի հայահոծ գաղութներուն մէջ կեդրոններ հիմնելէ ետք Մեծ վարպետին հայեացքները կ՛ուղղուին Հայաստան եւ Արցախ: 1994-ին միութիւնը պաշտօնապէս մուտք կը գործէ վերանկախացած Հայաստան ու կ՛արձանագրուի 1997-ին` հիմնելով Հայ Սեւ Գօտիներու միութեան Հայաստանի մասնաճիւղը: Հետզհետէ մասնաճիւղերուն թիւը կը բարձրանայ, եւ միութիւնը կորիզներ կ՛ունենայ Հայաստանի տարբեր շրջաններուն մէջ: Ապա ծաւալելով` իր արմատները կը նետէ Արցախի մէջ` հիմնելով Լեռնային Ղարաբաղի Ուու Շու¬Քոնկ Ֆուի ֆետերասիոնը:

28 մայիս 1999-ին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը` բարձր գնահատելով տարուած աշխատանքը` Օրհնութեան եւ գնահատանքի գիրով կը պարգեւատրէ Կարօ Քեպապճեանը:

Կարօ Քեպապճեանի սիրտը միշտ ալ բաբախեց հայութեամբ, որուն բարօրութեան համար աշխատեցաւ անդադար, Հայաստանով, որուն զարգացման համար ոչինչ խնայեց, Արցախով, որուն լինելիութեան, աշխարհով մէկ անոր ճանաչման նպատակով հսկայական ճիգ ի գործ դրաւ:

Կարօ Քեպապճեան կեանքով լեցուն էր միշտ, հաւատքն ու յոյսը անոր մնայուն ընկերներն էին, եւ ոչ միայն իրը, այլ ան կարողութիւնը ունէր այդ հաւատքը, յոյսը, երազը հետապնդելու տենչը փոխանցելու իր շրջապատին` զայն մղելով պայքարի, որովհետեւ կը հաւատար, որ յաղթանակը միշտ ժրաջան ու մնայուն պայքարողինն է: Հաւատաց յաղթանակներուն եւ կերտեց յաղթանակներ, իր կեանքին ընթացքին արձանագրեց նուաճումներ, որոնք երբեք միայն իրը չեղան, այլ ազգին ու հայրենիքին:

***

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան եւ արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան ցաւակցագիրներ յղեցին Կարօ Քեպապճեանի մահուան առիթով:

Արայիկ Յարութիւնեան Կարօ Քեպապճեանը նկատեց անմնացորդ նուիրուածութեամբ, անսպառ եռանդով ու անսահման լաւատեսութեամբ համակուած անձնաւորութիւն մը, որ մնայուն կերպով կը ծառայէր հայրենիքի զարգացման ու զօրացման, աշխարհասփիւռ հայութեան բոլոր հատուածներու միաւորման ու միասնականութեան ամրապնդման, երիտասարդութեան հայեցի դաստիարակութեան եւ հայրենադարձութեան վեհ գործին:

«Մեծ ճանաչում ունենալով հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ` ան տարաւ ազգանպաստ գործունէութիւն, կարելին ըրաւ Արցախի միջազգային ճանաչման, ընկերային-տնտեսական յառաջընթացի ապահովման ուղղութեամբ` իր անուրանալի աւանդը բերելով Արցախի մէջ բազմաբնոյթ ծրագիրներու կեանքի կոչման:

«Կարօ Քեպապճեան արժանիօրէն կը վայելէր արցախցիներուն սէրն ու յարգանքը: Բարձր գնահատուած են անոր հայրենանուէր ջանքերը, Արցախին մատուցած ծառայութիւններուն համար արժանացած է պետական բարձր պարգեւներու», նշուեցաւ ցաւակցագիրին մէջ:

Դաւիթ Բաբայեան ցաւակցագիրին մէջ նշեց, որ կեանքէն հեռացած է անհատականութիւն մը, որ 22 տարի շարունակ արժանապատուօրէն ներկայացուցած է Արցախը եւ ջանք ու եռանդ չէ խնայած աշխարհասփիւռ հայութեան ներուժի համախմբման միջոցով ամրապնդելու Արցախ-Հայաստան-սփիւռք եռամիասնութիւնը` ի նպաստ հայապահպանութեան եւ հայկական երկու հանրապետութիւններու հզօրացման ու բարգաւաճման:

«Մեծ է անոր աւանդը նաեւ մատաղ սերունդի հայրենասիրական դաստիարակութեան մէջ: Կարօ Քեպապճեան մեր յիշողութեան մէջ կը մնայ իբրեւ իմաստուն դիւանագէտ, եռանդուն, նախաձեռնող ու վեհանձն անհատ, որ իր կեանքը անմնացորդ կերպով նուիրած է հայրենիքին ու հարազատ ժողովուրդին», նշեց Բաբայեան:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.